Ընկերվարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, առաջին քարտուղար Օլիվիէ Ֆորէի գլխաւորութեամբ 6-էն 9 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ` «այս տագնապին պատճառած ցաւը կիսելու» եւ ատոր «լուծումները վերլուծելու» նպատակով: Այս մասին նշուած է Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ուրբաթ օր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
«Ի նշան հայ ժողովուրդին հետ մեր համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ի լրումն Ազգային գրասենեակի 17 նոյեմբերի հռչակագիրին, Ընկերվարական կուսակցութիւնը 6-էն 9 դեկտեմբեր պատուիրակութիւն պիտի գործուղէ Լեռնային Ղարաբաղի վիճայարոյց շրջան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Ընկերվարական կուսակցութեան, «այս ներկայութեան նպատակն է ո՛չ միայն կիսել այս տագնապին պատճառած ցաւը, այլ նաեւ վերլուծել ու առաջադրել շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան համար անհրաժեշտ բազմակողմ լուծումները»:
Այս ուղեւորութեան օրակարգով նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին, Արցախի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանին հետ: Պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գտնուող տեղահանուած ընտանիքներուն հետ:
17 նոյեմբերին Ընկերվարական կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը «Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն (Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա) կոչ ուղղած էր` դիմելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` ձեւաւորելու միջազգային հետաքննող յանձնախումբ` քննելու համար պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները, որոնք կրնային կատարուած ըլլալ «ազրպէյճանցի զինեալներու կողմէ»:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին Ընկերվարական կուսակցութեան առաջին քարտուղար Օլիվիէ Ֆորէն, Միջազգային հարցերու հարցերով ազգային քարտուղարը, խորհրդարանի անդամ Իզապել Մանթիկոն, ծերակուտականներ Մարի-Արլեթ Քարլոթթին եւ Ժիլպեր-Լիւք Տեւինան:



