Հայաստանի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներուն Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ֆրանսայի եւ ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի նախագահ Նատիա Գործունեանի հետ: Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումներուն եւ ներկայացուցած ստեղծուած իրավիճակը: Կարեւոր նկատելով սփիւռքի...



















