Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման աջակցելու խնդրանքով նամակ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահի գրասենեակէն:
Հայաստանի նախագահը նշած է, որ, ցաւօք, կողմերուն միջեւ տակաւին կը պահպանուի նոր վէճերու ի յայտ գալու վտանգը` կապուած սահմանագծման հարցին:
Հաշուի առնելով հարցին բացառիկ կարեւորութիւնն ու արդիականութիւնը` նախագահ Սարգսեան խնդրած է Ռուսիոյ նախագահէն աջակցիլ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման հոլովոյթին եւ զայն աւարտին հասցնել` բացառելու հետագայ լարուածութիւնն ու բացասական զարգացումները: