Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գործող խմբագիրներու տարածաշրջանային երրորդ առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին:
Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր ժողովին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն «Ասպարէզ»-ի, «Նոր Օր»-ի, «Պայքար»-ի, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի եւ «Հայրենիք»-ի , Քանատայէն «Հորիզոն»-ի, իսկ Արժանթինէն «Արմենիա»-ի եւ «Սարդարապատ»-ի գլխաւոր խմբագիրներն ու տնօրէնները:
Իւրաքանչիւր մամլոյ ներկայացուցիչ զեկուցեց իր ղեկավարած թերթի վերջին շրջանին տարած աշխատանքներուն, համավարակի պատճառով ստեղծուած զանազան դժուարութիւններուն եւ արցախեան պատերազմի օրերուն լրատուութիւնը կազմակերպելու պայմաններուն մասին:
Յատուկ ընդգծուեցաւ պատերազմի օրերուն պաշտօնական լրահոսի գետնի վրայ արձանագրուած իրադարձութիւններուն անհամապատասխանելիութիւնը, ինչ որ բաւական դժուարացուցած է մամուլի գործը:
Նշուեցաւ, որ տարածաշրջանային ժողովներու աւարտէն ետք կը մտածուի միացեալ հարթակով քննարկել ընդհանրապէս հայկական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը եւ վերջին իրադարձութիւնները` նկատի ունենալով այս ոլորտը վերակազմակերպելու հրամայականին ընդառաջ կազմակերպել համահայկական քննարկումներ:
Առցանց ժողովին հնչեցին ինչպէս միացեալ հարթակի ձեւաւորման, այնպէս նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող թղթածրարներու մասին միացեալ հրատարակութիւններ իրականացնելու մասին առաջարկներ:
Տարածաշրջանային առցանց չորրորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 21 դեկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Պիտի մասնակցին Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ լոյս տեսնող մամուլի խմբագիրներն ու տնօրէնները:



