Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան Յետմահու Ստացաւ Լիբանանի «Արժանեաց» Եւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշաններ
Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ քսան տարի Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչի պաշտօն վարած` հայ համայնքը ներկայացնելով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ հայկական իրականութեան մէջ նուիրաբար գործած դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեանի յուղարկաւորութիւնը: Լիբանանի նախագահը կը ներկայացնէր Իպրահիմ Քանաան, խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին ներկայացուցիչն էր Իպրապիմ Ազար, իսկ Սեզար Ապի...




















