Հայրենիքի փրկութեան շարժումը 8 դեկտեմբերի երեկոյեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը` դիտել տալով, որ, անսալով Հայրենիքի փրկութեան շարժման կոչին, Հայաստանի բազմաթիւ արժանապատիւ քաղաքացիներ քաղաքացիական անհնազանդութեան խաղաղ շարժումներ կատարած են Հայաստանի ամբողջ տարածքին:
«Վաղը պիտի շարունակենք նոյն ձեւով: Նոյն ոգիով: Նոյն վճռականութեամբ», հաստատուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Նշուեցաւ, որ 9 դեկտեմբերի երկրորդ կէսին` ժամը 16:00-ին, հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Ազգային ժողովին դիմաց եւ ժողովուրդին կամքը պիտի պարտադրուի վարչակարգին: «Միասի՛ն փրկենք մեր հայրենիքը» կոչով եզրափակուեցաւ յայտարարութիւնը: