Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տէ Ուալը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական խորհրդատու Ալի Համտանի:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, եւ քաղաքական ու ապահովական վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ:
Պըրրի վերահաստատեց. «ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը Լիբանանի իր հողերուն ամբողջական կերպով, մինչեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ վերատիրանալու իրաւունքը կ՛երաշխաւորէ, եւ Միջազգային ժամանակաւոր ուժերը (ՖԻՆԻՒԼ) այդ որոշումի բոլոր յօդուածներուն գործադրութեան գործնական շրջագիծը կը ներկայացնեն»:
Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի հետ, որուն կ՛ընկերակցէին Պէյրութի միջազգային օդակայանի վարչական խորհուրդի տնօրէն եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի հաստատութեան տնօրէն Մոհամետ Շաթիլան եւ վարչական խորհուրդի անդամները` հաստատութեան իրենց առաքելութիւնը ստանձնելէն ետք ընթացակարգային այցելութեամբ մը:


