Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Հաքիմ Ճեֆրիզ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Իրանի մէջ պատերազմին վերջ տալը, 2027 թուականին ապրուստի ծախսին տոկալու ճգնաժամի կարգաւորման լայնածաւալ օրակարգին մէջ, Դեմոկրատական կուսակցութեան կարեւորագոյն շտապ նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ:

«Այս պատերազմին մէջ մտնելու որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չկար, եւ պէտք է անմիջապէս անկէ դուրս գանք», շեշտեց Ճեֆրիզ` պատասխանելով յառաջիկայ տարի դեմոկրատականներուն Ներկայացուցիչներու վերահսկողութիւնը պաշտօնապէս ստանձնելէն ետք անոր ամէնէն հրատապ առաջնահերթութիւններուն մասին հարցումի մը:

Կը նախատեսուի, որ Ճեֆրիզ յունուարին ստանձնէ Ներկայացուցիչներու տան նախագահի պաշտօնը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Ամերիկեան բանակը կը շարունակէ Իրանի մէջ լայնածաւալ գործողութիւններու շարունակման հաւանականութեան պատրաստուիլ»:

Դիւանագէտներ ամերիկեան կայքին նշած են. «Իրանի միջանկեալ ընտրութիւններուն արդիւնքով պարծենալը կրնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը մղել պատերազմին վերադառնալու»:

Հանրապետական կուսակցութենէն պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ Իրանի հետ հակամարտութիւնը արագօրէն վճռելու Ամերիկայի կարողութիւնը չափազանցեց»: Սակայն Սպիտակ տունէն պաշտօնատարներ ըսին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Հեկսեթի նկատմամբ վստահութիւնը չէ խախտած, հակառակ անոր գործունէութեան վերաբերեալ իր խորհրդականներուն կարծիքը հարցնելուն»:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին ըսաւ, թէ «Թրամփ Իրանի դէմ յաւելեալ հարուածներ շղթայազերծել որոշելուն պարագային կրնայ Հեկսեթը պահպանելու կարիքը զգալ»:

Պատերազմի նախարարին մօտիկ աղբիւր մը իր կարգին նշեց. «Հեկսեթ տակաւին կը նախատեսէ, որ իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ, եւ պատրաստ է զինք պաշտօնազրկելու որեւէ ջանք դիմակայելու: Ան ինքզինք ամբողջովին պատրաստ կը զգայ հրապարակային լսումի նիստերու ընթացքին իր որդեգրած իւրաքանչիւր որոշումը պաշտպանելու»:

Աւելի ուշ, «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» հաղորդեց, որ Թրամփ յայտնած է, թէ մտադիր է Հեկսեթը իր պաշտօնին վրայ պահել:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Ընտրութիւններու արդիւնքները ամբողջովին տարբեր պիտի ըլլային, եթէ Իրանի պատերազմը չըլլար»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին ըսած են. «Սպիտակ տունը լրջօրէն կը սերտէ Իրանի դէմ ամերիկեան զինուորական նոր հարուածներ շղթայազերծելու ընտրանքները», եւ «Իրանին ամերիկեան նոր հարուածներ հասցնելու ընտրանքը կրնայ պատերազմի նախարարութեան ղեկավարութիւնը փոխելու խոչընդոտ ըլլալ»:

Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Հեկսեթ տակաւին ամբողջովին յանձնառու է մինչեւ նախագահ Թրամփի նստաշրջանի աւարտը նախարարութիւնը ղեկավարելու»:

Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս անձնական զրոյցներու ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մեղադրեց Իրանի վերաբերեալ ամէն բանի մէջ սխալ ըլլալու մէջ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Մոհսեն Ռեզայի յայտարարեց. «Իրանի մեծ ժողովուրդը Թրամփը ռազմավարական մեծ պարտութեան մատնեց թէ՛ պատերազմի դաշտին, թէ՛ Հորմուզի նեղուցին մէջ, ինչպէս նաեւ ծանր քաղաքական պարտութեան` Ուաշինկթընի մէջ»:

«Ամերիկայի քաղաքացիներն ու Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իրենց ուսերուն կը կրեն Թրամփի ռազմատենչ քաղաքականութեան չափազանց մեծ ու ծանր ծախսերը: Իւրաքանչիւր անձ, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դէմ կը կանգնի, անոր համար ծանր գին պիտի վճարէ` պատերազմի դաշտէն սկսելով մինչեւ իր իսկ տան շեմը», նշեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ անոր օմանցի պաշտօնակից Պատր Պու Սայիտիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են շրջանային վերջին զարգացումներն ու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ձգտող քաղաքական ու դիւանագիտական հոլովոյթը:

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
Չինաստան Կը Հաստատէ Թրամփի, Շիի Եւ Փութինի  Հաւանական Հանդիպման Շուրջ Քննարկումները
Միջազգային

Չինաստան Կը Հաստատէ Թրամփի, Շիի Եւ Փութինի Հաւանական Հանդիպման Շուրջ Քննարկումները

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.