Դեմոկրատական կուսակցութիւնը Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի աթոռներու մեծամասնութիւնը ապահովելով Քոնկրեսը առաւ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ:
Ըստ նախնական տուեալներու, դեմոկրատականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ ապահովեցին 435 աթոռներէն 237-ը, իսկ հանրապետականները` 139-ը: Ծերակոյտի մէջ դեմոկրատականները ապահովեցին 100 աթոռներէն 54-ը, իսկ հանրապետականները` 44-ը:
Ասիկա 1973-էն ի վեր առաջին անգամն է, որ դեմոկրատականները վերահսկողութիւն կը հաստատեն Ծերակոյտին վրայ, ինչպէս նաեւ Ատամ Համըլթըն դարձաւ 94 տարիներէ ի վեր առաջին դեմոկրատականը, որ Քենսասի մէջ Ծերակոյտի աթոռ կ՛ապահովէ: Միւս կողմէ, հանրապետական Պայրըն Տանըլտզ դարձաւ Ֆլորիտա նահանգի ափրիկեան ծագումով առաջին կառավարիչը:
Ծագումով լիբանանցի Ապպաս Ալուիէ ապահովեց Ծերակոյտին մէջ Միչիկըն նահանգի աթոռը: Միչիկըն նահանգէն Ծերակոյտի անդամ ընտրուեցաւ նաեւ Ապտուլ (Ապտելռահման) Սայետը:
Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըր յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը աշխատանք պիտի տանի բաւարարելու ամերիկացիներուն կարիքները` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը իրեն հետ գործակցի կամ ոչ:
Ընթացաւարտ Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատական փոքրամասնութեան պետ Հաքիմ Ճեֆրիզ, որ կը սպասուի, որ նոր ներկայացուցիչներու տան մէջ ստանձնէ մեծամասնութեան ղեկավարութիւնը, իր համակիրներուն առջեւ յայտնեց. «Հաշուետուութեան պիտի ենթարկենք անոնք, որոնք երկիրը մղեցին փտածութեան աննախադէպ մակարդակներու»:
«Երբ բարձրաստիճան պաշտօններ վարողներ կը զբաղին իրենք զիրենք, իրենց ընտանիքի անդամները, բարեկամները կամ զիրենք ֆինանսաւորողները հարստացնելով, ամերիկացի ժողովուրդի կեանքի բարելաւման ուշադրութիւն չեն դարձներ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ դեմոկրատականները Քոնկրեսը առին իրենց վերահսկողութեան տակ, սակայն «իրենց կամքը պարտադրել արտօնող դիրքի վրայ չեն»:
«Կը շնորհաւորենք դեմոկրատականները, եւ անհամբեր կը սպասեմ անոնց հետ մեր երկրին ի շահ աշխատելու», ըսաւ ան:
Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ը պատասխանատու նկատեց հանրապետականներուն կրած պարտութիւններուն համար` նշելով. «Շարունակ դեմոկրատական ընդդիմադիրները կը հիւրընկալէ»:
Սպիտակ տան ղեկավարը ընդունեց, որ Իրանի թղթածրարը հանրապետականներու պարտութեան ազդակներէն մէկն է:
«Ամերիկացիները կը գիտակցին Իրանի հետ մեր աշխատանքին մէջ մեր իրագործածին կարեւորութիւնը», աւելցուց ան` նշելով. «Իրանի մէջ մեր առաքելութիւնը տակաւին չաւարտեցինք, եւ կրնանք այդ մէկը կատարել կամ ոչ»:
«Կը կարծեմ, թէ կառավարութիւնը պիտի չփոխեմ» նշեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց. «Ամերիկացիները այս գիշեր յստակ պատգամ մը յղեցին, թէ փոխան զիրենք պառակտողի, զիրենք միաւորող քաղաքականութիւն կ՛ուզեն»:
Քրեմլին նշեց. «Կը յուսանք, որ միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք Թրամփի խաղաղութեան ջանքերը չեն ազդուիր»:
Իրանի Արձագանգը
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ նշեց. «Խիղճը, թէ կեանքի գինը. ամերիկացիները ոչ ըսին պատերազմին, եւ մենք կը զօրակցինք այդ պատգամին»:
«Եթէ ամերիկեան կառավարութիւնը իր ժողովուրդի կամքին դաւաճանէ` ծառայելով միջազգային ազդու եւ շանթաժ կատարող կողմերու, պիտի սորվի, թէ մեր ըսած «ոչ» բառը մղձաւանջներ կը պարունակէ», աւելցուց Ղալիպաֆ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Խամենէին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ընտրութիւններու արդիւնքները պիտի չփոխեն Ուաշինկթընի Իրանի նկատմամբ թշնամական վերաբերմունքը. որեւէ նոր յարձակում պիտի արժանանայ շատ աւելի ընդարձակ պատասխանի:
Արձագանգելով ընտրութիւններուն` ան ըսաւ, թէ ով որ տակաւին յոյս ունի, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ կուսակցական փոփոխութիւնները պիտի փոխեն անոր վարքագիծը, կամ կը կարծէ, թէ զիջումները կրնան անոր ետ պահել թշնամանքէն, լրջօրէն կը սխալի:
Խամենէի աւելցուց, որ Ծոցի մէջ, յատկապէս Հորմուզի նեղուցին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, փշրած են ամերիկեան անխոցելիութեան առասպելը եւ ցուցադրած թուլութիւնը այն կառավարութիւններուն, որոնք սեփական ժողովուրդին փոխարէն կ՛ապաւինին օտարերկրեայ տէրութիւններուն:


