Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց Թուրքիոյ մէջ մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ արդարադատութեան, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մասին Եւրոպական Միութեան «կողմնակալ ու անարդար» դիրքորոշումը, որ միութիւնը հրապարակած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու պետութիւններուն շուրջ զեկուցումին մէջ:

Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական Միութեան ընդլայնման քաղաքականութեան շուրջ իր տարեկան զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը ամրապնդած է Թուրքիոյ հետ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները, սակայն թրքական իշխանութիւններու ընտրուած պաշտօնատարներու, ընդդիմադիր անձնաւորութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան դէմ որդեգրած իրաւական քայլերը «ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներուն նկատմամբ Անգարայի յանձնառութեան» վերաբերեալ մտավախութիւններ ստեղծած են:

«Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան միանալու յայտարարուած նպատակի եւ Միութեան միանալու հիմնական քաղաքական չափանիշերէն անոր նահանջին միջեւ բացը մեծցած է: 2018 թուականին անդամակցութեան բանակցութիւններու խափանման յանգեցուցած հիմնական գործօնները կը մնան չլուծուած», կը նշէ յանձնաժողովը:

Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, զեկուցումին մէջ նշուածները անհիմն են եւ «երկակի արժեչափեր» կ՛արտացոլեն:

Նախարարութիւնը ըսաւ, որ Կիպրոսին վերաբերող զեկուցումի կէտերը կը պաշտպանեն Յունաստանի եւ Կիպրոսի «ծայրայեղական դիրքորոշումները»` աւելցնելով, որ այս դիրքորոշումը «իրողութենէն հեռու է եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքին»:

Եւրոպական Միութիւնը իր զեկուցումին մէջ մերժեց Թուրքիոյ առաջարկած երկու պետութիւններու ստեղծման լուծումի առաջարկը եւ քննադատեց կղզիին վրայ անոր գործողութիւնները, ներկայութիւնն ու ծրագիրները:

 

Նախորդը

Չինաստան Կը Հաստատէ Թրամփի, Շիի Եւ Փութինի Հաւանական Հանդիպման Շուրջ Քննարկումները

RelatedPosts

Չինաստան Կը Հաստատէ Թրամփի, Շիի Եւ Փութինի  Հաւանական Հանդիպման Շուրջ Քննարկումները
Միջազգային

Չինաստան Կը Հաստատէ Թրամփի, Շիի Եւ Փութինի Հաւանական Հանդիպման Շուրջ Քննարկումները

November 6, 2026
Այզենքոթ Համախոհական Կառավարութեան  Կազմութեան 4 Սկզբունքներ Կը Ճշդէ. Արաբական  Կուսակցութիւնները Առաջին Ընդառաջողները Դարձան
Միջազգային

Արաբական Միացեալ Ցուցակ Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Թեկնածութիւնը Կ՛առաջադրէ

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.