Վարագոյրը իջաւ 3 նոյեմբերի Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիններուն վրայ: Ակնկալութիւնները ընդհանրապէս դեմոկրատականներուն կը վերապահէին առաւելութիւնը: Դժգոհութիւնները թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններուն կը վերաբերէին, թէեւ հասկնալիօրէն փոխկապակցուածութիւն կար այս երկու ուղղութիւններուն միջեւ:
Ժողովրդավարական հասկացողութեամբ, երբ երկպալատ խորհրդարանի մէջ գործող վարչակարգի կամ գործադիր իշխանութեան ընդդիմադիր ուժերը մեծամասնութիւն կազմեն, ապա տրամաբանօրէն զսպիչ գործօններու նշանակութիւնը կը բազմապատկուի, փոխհակակշռումի գործիքակազմերը լիարժէք կ՛աշխատին, եւ իշխող ուժը հիմնովին վերատեսութեան կ՛ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը:
Հիմա, ներկայ պատկերով, գոյութիւն ունի գործադիր-օրէնսդիր հակասութիւն: Այս պատկերէն մեկնելով սակայն, պէտք չէ անմիջապէս ենթադրել եւ հետեւցնել, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը կտրուկ շրջադարձեր կը կատարէ: Այնպէս չէ, որ Իրանի հետ հակամարտութիւնը միանգամայն կը դադրի, կամ Ռուսիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները կը վերանան, կամ յանկարծակի հաշտութիւն կը գոյանայ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ:
Աշխարհագրական երկու միջավայր հայկական գործօնին համար յաւելեալ նշանակութիւն ունի եւ կ՛արժէ փորձ կատարել յառաջիկայ հաւանական բեմագրութիւններու ուղղութեամբ:
Նախ` Իրանի վերաբերեալ, դեմոկրատական շրջանակներու քննադատութիւնը կեդրոնացած էր Թրամփի վարչակարգին պատերազմին ներքաշուելու եւ խնդիրը չկարենալ լուծելու կամ համաձայնութեան գալու վրայ: Այս բոլորին արդիւնքը այլ կ՛ըլլար, եթէ Վենեզուելայի ճակատագիրը տնօրինուէր Իրանին, եւ Միացեալ Նահանգներ արագօրէն տիրանար Իրանի ուժանիւթային աղբիւրներուն, Վենեզուելայի նման: Այդ մէկը, բացի բացարձակ յաղթանակ ապահովելէ, հիմնովին կ՛ազդէր վառելանիւթի գիներու կտրուկ նուազումին, ինչ որ իր հերթին` ընտրազանգուածի կողմնորոշման` ի նպաստ գործող վարչակարգին:
Իրադրութիւնները այնպէս ընթացան, որ Իրանը չվերածուեցաւ Վենեզուելայի, եւ գիտակցելով Թրամփի` նոյեմբերէն առաջ յաղթանակ յայտարարելու մղումներուն, դիմակայեց եւ չզիջեցաւ ճնշումներուն դիմաց:
Այս ընդհանուր հանգամանքը նկատի ունենալով, հաւանաբար պարզ կը դառնայ, որ Ուաշինկթընի այսօրուան ներկայացուցիչները` նախագահով, փոխնախագահով եւ արտաքին գործոց նախարարով, յաջորդաբար եւ գուցէ դերերու բաշխումով սպառնացին, ապա դիւանագիտութիւնը գերադասեցին, աւարտին շատ մօտալուտ ըլլալուն մասին յայտնեցին, ապա Իրանը քարտէսէն ջնջելու խոստումով յոխորտացին, մինչեւ նոյեմբեր եւ յետոյ` նոյեմբերէն ետք, լայնածաւալ յարձակումի մասին խօսեցան, նոյնիսկ ժամանակը ճշդեցին` տասը վայրկեանի մէջ տեղաւորուելով:
Այս բոլորը նոյնիսկ պիւրոսեան յաղթանակ յայտարարելու առիթ չկրցան հանդիսանալ: Հակամարտութիւնը շարունակուեցաւ, միջնորդները փոխուեցան, եւ Իրանի գործօնը յստակ ազդեցութիւն ունեցաւ ամերիկեան ընտրութիւններուն վրայ:
Այս բոլորով հանդերձ, պէտք չէ ակնկալել կտրուկ շրջադարձ: Ի վերջոյ Միացեալ Նահանգներ նախագահական դրութեամբ ղեկավարուող երկիր է. ընդամէնը հարցապնդումներ, ներկայացուած օրինագիծերու դժուարացումներ, փոխհակակշռման որոշումներ եւ բանաձեւեր կը սպասուին ներկայ պատկերով:
Եթէ շատ ընդհանրացնենք այս արդիւնքներուն վրայ ներքին-արտաքին գործօններու ազդեցութիւնը, կը ստանանք հետեւեալ բանաձեւը: Վառելանիւթի գիներու բարձրացումն ու անոնց կապակցուած սղաճը անհանգստացուցած էին ամերիկեան քաղաքացիական հասարակութիւնը. այս պարագային քուէարկող քաղաքացին: Վառելանիւթի համաշխարհային տագնապը սերտօրէն առնչուած էր Հորմուզին, հետեւաբար` Իրանի պատերազմին: Թեհրան ձգձգեց Հորմուզի վերաբացումը մինչեւ ընտրութիւններ, այդպիսով ստանալով գործող վարչակարգի կամ Իրանի դէմ պատերազմ յայտարարած Թրամփի հակակշռման գործիքներ: Չի բացառուիր, որ Հորմուզի վերաբացման հաւանականութիւնը աւելի իրատեսական ըլլայ` հակակշռելու իրաւադրոյթներ ունեցող Քոնկրեսի ձեւաւորումէն ետք:
«Ա.»


