Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանին սպառնալով յայտնեց. «Շուտով պիտի իմանան, թէ Իրանի վերաբերեալ ի՛նչ պիտի որոշեմ»` աւելցնելով. «Կը նախընտրեմ անկէ մնացածը չքանդել, սակայն թերեւս ատոր ստիպուիմ»:
«Իրանը հիւլէական զէնք պիտի չունենայ, եւ առանց մեր հաւանութեան որեւէ քայլ պիտի չորդեգրէ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Շատ մօտ ենք ռուս-ուքրանական պատերազմի կարգաւորման», յայտարարեց Թրամփ:
«Ֆոքս Նիուզ», յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգները 9 նոյեմբերին Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնը կը քննարկեն: Աղբիւրներուն համաձայն, այդ թուականին նորալուսին պիտի ըլլայ, ինչ որ «բարենպաստ պայման» պիտի ըլլայ գործողութեան կայացման համար:
Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով, այս նիւթով Սպիտակ տան մէջ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Տը Հիլ» կայքին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Իրանի դէմ պատերազմական գործողութիւններու շարունակման ծրագիրներ կը քննէ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ Թրամփ հինգշաբթի օր ազգային անվտանգութեան իր աւագ խորհրդատուներուն հետ գումարած է ժողով մը` իրանեան թղթածրարը քննարկելու համար:
Կայքը կ՛աւելցնէ, թէ ամերիկեան բանակը մինչեւ հիմա Ուաշինկթընէն Իրանի վերաբերեալ նոր ցուցմունք մը չէ ստացած:
«Աքսիոս» նաեւ հաղորդեց, որ «Ռուզվելթ» օդանաւակիրը այս ամսուան կիսուն պիտի հասնի Միջին Արեւելք:
Իրանեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ շրջանին մէջ որեւէ նոր թշնամական արարք կամ արկածախնդրութիւն Հորմուզի նեղուցի վերաբացման պիտի չյանգեցնէ:
Ան ըսաւ, որ նեղուցի վերաբացման միակ ուղին «Միացեալ Նահանգներու մեր եօթը պայմանները ընդունիլն է»:
Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Հարցը Յառաջիկայ Շաբաթ Կը Վճռուի
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ, որ զինք պաշտօնազրկելու փորձեր կը դիմակայէ, յորդորեց հաւանութիւն տալ առնուազն 350 միլիառ տոլարի պաշտպանական ֆինանսաւորման:
Հեկսեթ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած տեսերիզի մը մէջ յայտնեց, որ պատերազմի նախարարութիւնը այդ ֆինանսաւորման կարիքը ունի «ներկայ պահը դիմակայելու», եւ պաշտպանելու համար «վտանգաւոր աշխարհի մը մէջ» երկրի գերակայութիւնը` աւելցնելով. «Քոնկրեսի մէջ իւրաքանչիւր հայրենասէր անդամի քուէին պէտք ունինք»:
Պատասխանելով զինք պաշտօնազրկելու փորձերուն` ան ըսաւ. «Քոնկրեսի յուսախաբ ու պարտութեան մատնուած անդամ մը, իր դեմոկրատական բոլոր դաշնակիցներուն հետ պաշտօնազրկման կեղծ նիւթ ներկայացուցին», ճիշդ ինչպէս երկու անգամ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ կատարեցին:
Նշենք, որ զինք պաշտօնազրկելու դիմումը ներկայացուցած է Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Թամըս Մասին, որ Հեկսեթը կ՛ամբաստանէ Իրանի հետ հակամարտութեան մէջ պատերազմի լիազօրութիւնները խախտելու մէջ:
«Անոնց քաղաքականութիւնը չի յաջողիր, ուստի իշխանութեան ետին քողարկուած քաղաքական թատրոնի հանդէպ իրենց մոլուցքը դրդած է փորձել ոչնչացնել իրենց հակառակորդները: Ամէն ինչ անձնական ոչնչացման մասին է: Ատիկա չյաջողեցաւ նախագահ Թրամփի դէմ եւ պիտի չյաջողի իմ դէմս», նշեց Հեկսեթ:
Ան պաշտպանեց Փենթակոնի վերադասաւորման իր ծրագիրը` զայն որակելով «քաջարի ու պատմական ջանք», որ կ՛երաշխաւորէ, որ Թեհրան հիւլէական զէնք չունենայ», թէեւ ընդունեց, թէ այդ պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ հանրապետականները ընտրութիւններուն մէջ մեծ կորուստներ կրեն:
«Ֆոքս Նիուզ» հաղորդեց, որ Ներկայացուցիչներու տան շարք մը հանրապետական անդամներ այն կարծիքը ունին, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթը պաշտօնազրկելու որոշումը կրնայ տրուիլ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը: Հանրապետական քոնկրեսականներէն մէկը ըսած է. «Հեկսեթի հարցը վերջացաւ»:


