Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատուն զգուշացուցած է Հայաստանը: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Վելայաթի «Էթթելաաթ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած «Հայաստանի վարչապետին բաց ու անկեղծ նամակ մը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ, մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ ԹՐԻՓՓ-ի ծրագիրի վաւերացումը, քննադատած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը` ծրագիրի վաւերացումը նկատելով հայ ժողովուրդի շահերուն հակասող անօգուտ քայլ մը:

Ան շեշտած է, որ Իրան ինքզինք կը նկատէ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան պահպանման պատասխանատու, ըլլայ այդ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ կամ առանց այդ մասնակցութեան:

Վելայաթի նշած է, որ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ ամէնէն վնասակար քայլերէն մէկը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ թշնամանքը աւելի խորացնելն էր:

Ըստ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարին, Ազրպէյճանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ հաւանաբար Վրաստանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները ապագային անկայուն ու անկանխատեսելի են:

Ան վերյիշեցնելով հինգ տարի առաջ Թեհրանի մէջ Ասթանայի ձեւաչափով Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ հանդիպումը, ըսած է, թէ այդ հանդիպումի ընթացքին յստակ կերպով նշուած է Իրանի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հաստատման դէմ ըլլալը, եւ այդ դիրքորոշումը կը շարունակէ մնալ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան «կարմիր գիծ»-երէն մէկը:

Վելայաթի աւելցուց, որ Հայաստանի այն ենթադրութիւնը, թէ Ռուսիոյ Ուքրանիոյ պատերազմով զբաղած ըլլալուն պատճառով Մոսկուան նուազ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան, կրնայ սխալ հաշիւ մը ըլլալ:

«Ես նաեւ Հայաստանի դեսպանին փոխանցեցի իմ վերջին պատգամս` եթէ Թրամփն ու անոր դաշնակիցները փորձեն Իրանի այս «կարմիր գիծ»-ը անցնիլ, անոնց ոտքերը պիտի կտրենք», նշած է ան:

Վելայաթի նաեւ քննադատեց Հայաստանի կառավարութեան` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ քաղաքականութեան հետ հետզհետէ աւելի համահունչ դառնալու ընթացքը` զգուշացնելով, որ նման մօտեցումը կրնայ Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան աճի ճամբայ հարթել:

 

 

Նախորդը

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

RelatedPosts

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.