Գլխաւոր լուրեր

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

11 Յունուարի Եռակողմանի Յայտարարութիւնը Կ՛անտեսէ Հայկական Կողմին Կարիքները

11 յունուարին Նիկոլ Փաշինեանի, Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին յաջորդած յայտարարութիւնը կ՛անտեսէ հայկական կողմին կարիքները եւ կը խորացնէ անվտանգութեան վերաբերեալ անորոշութիւնը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը իր խոր մտահոգութիւնը կը  յայտնէ եռակողմանի հանդիպման արդիւնքին վերաբերեալ, որ 9 նոյեմբեր  2020-ի հրադադարի փաստաթուղթի 8-րդ կէտի` հայ ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու վերադարձի խնդիրին ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չարձանագրեց: Թէեւ...

Խորհրդարանը Վաւերացուց «Քորոնա»-ի Դէմ Բժշկական Արտադրութիւններու (Պատուաստներու)  Օգտագործումին Վերաբերող Օրինագիծը

Խորհրդարանը Վաւերացուց «Քորոնա»-ի Դէմ Բժշկական Արտադրութիւններու (Պատուաստներու) Օգտագործումին Վերաբերող Օրինագիծը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ «Քորոնա»-ի դէմ բժշկական արտադրութիւններու` պատուաստներու օգտագործումին վերաբերող օրինագիծը: Նիստին ընթացքին Պըրրի դրուատեց առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբին ի գործ դրած մեծ ջանքերը, որոնց հիմամբ կարելի եղաւ բանաձեւել օրինագիծը: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ այս օրէնքը առիթ տայ, որ բժշկական բոլոր ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ սեփական...

ԳԱԱ-ի Պատմութեան Հիմնարկը Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Գործունէութիւնը

ԳԱԱ-ի Պատմութեան Հիմնարկը Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Գործունէութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆգ Աշոտ Մելքոնեան Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին յանձնեց «Ազդակ-ի տնօրէնութեան եւ աշխատակազմին ուղղուած «Շնորհակալագիր»` ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին հետ տարիներ շարունակ պատմագիտական եւ քաղաքագիտութեան մարզին մէջ «Ազդակ»-ի իրականացուցած գիտաքարոզչական արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:

Խմբագրական.   Յաղթահարելու Համար Բոլոր Տեսակի Աղէտները

Խմբագրական. Յաղթահարելու Համար Բոլոր Տեսակի Աղէտները

Լիբանանեան քաղաքական բեմին կապուած իրադարձութիւններու մասին սառեցուած բնութագիրը կարելի է տալ: Տեղապտոյտ բառը այս փուլին ճիշդ բնութագրում չէ, որովհետեւ, թէեւ ապարդիւն, այդուհանդերձ տեղապտոյտը շարժում է: Քաղաքական անորոշութեան, ֆինանսական եւ տնտեսական  փլուզման ներկայ ընթացքին մէջ, ընթացիկ աշխատանքներ կատարող կառավարութիւնը առողջապահական աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման ծրագիրներ կը մշակէ: Այս առումով  հասարակութիւնը անտէր չձգելու եւ պետութեան գործունեայ բաժինի մնացորդացի զօրաշարժն է, որ կ՛արձանագրուի` արդիւնքներու...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Աշխատանքներուն,  Սկզբունքներուն Մէջ Որեւէ Բան Չէ Փոխուած»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Աշխատանքներուն, Սկզբունքներուն Մէջ Որեւէ Բան Չէ Փոխուած»

«Հրապարակ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ շարժման յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, մանաւանդ որ կայ այնպիսի տպաւորութիւն, որ կրաւորական մօտեցումը տիրական դարձած է: Ան հաստատեց, որ տարբեր ձեւով բողոքի արտայայտութիւնները պիտի շարունակուին: Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժման գործողութիւնները, քայլերը պայմանաւորուած չեն վարչապետի աթոռին կառչած անձի այցելութիւններով (Մոսկուա, «Ա.»),...

Վազգէն Մանուկեան. «Մենք .Կը Կորսնցնենք  Մեր Ինքնավստահութիւնն Ու  Միւս Ժողովուրդներուն Յարգանքը»

Վազգէն Մանուկեան. «Մենք .Կը Կորսնցնենք Մեր Ինքնավստահութիւնն Ու Միւս Ժողովուրդներուն Յարգանքը»

«Սարսափելի ու ամօթալի վիճակ է, եւ դառնութիւնը այն է, որ այս վիճակէն կարելի էր խուսափիլ», լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան: «Ատիկա միայն պատերազմով չսկսաւ, այլ երկուքուկէս տարի առաջ` փաստօրէն օգտուելով ժողովուրդի ցանկութիւններէն: Ի հարկէ, ժողովուրդը կ՛ուզէր ապրիլ արդար երկրի մէջ, ու չկայ փտածութիւն, ուր իշխանաւորները համեստ են, անկէ օգտուելով խումբ մը...

Արա Այվազեան. «Արցախի Կարգավիճակը  Եղած Եւ Կը Մնայ Տագնապի  Լուծման Ամէնէն Կարեւոր Սկզբունքը»

Արա Այվազեան. «Արցախի Կարգավիճակը Եղած Եւ Կը Մնայ Տագնապի Լուծման Ամէնէն Կարեւոր Սկզբունքը»

Արցախի կարգավիճակը եղած է եւ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ամէնէն կարեւոր սկզբունքը: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան` անդրադառնալով Մինսքի խմբակի ռուս  համանախագահ Իկոր Փոփովի յայտարարութեան: «Ես ծանօթացած եմ պարոն Փոփովի հարցազրոյցին եւ պէտք է նշեմ, որ ժամանակին Հայաստանը իր համաձայնութիւնը տուած է Քազանի փաստաթուղթին, քանի որ...

Երեսփոխան Բագրատունի Պըրրիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւններն Ու  Այսօրուան Նիստին Վերաբերող Հարցեր

Երեսփոխան Բագրատունի Պըրրիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւններն Ու Այսօրուան Նիստին Վերաբերող Հարցեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները ինչպէս նաեւ խորհրդարանի այսօրուան լիագումար նիստին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական սառած իրավիճակը, տնտեսական եւ ընկերային աղէտն ու դժուարութիւններու եւ փորձանքներու կուտակումը Այն Թինէ այցելելուս հիմնական պատճառներն են: «Սակայն ցաւ ի սիրտ, եւ հակառակ...

Լիբանանի Մէջ Ամբողջական Փակումը  94 Առ Հարիւրով Կարելի Եղած Է Գործադրել

Լիբանանի Մէջ Ամբողջական Փակումը 94 Առ Հարիւրով Կարելի Եղած Է Գործադրել

Ֆիրաս Ապիատ. «Կացութիւնը Լուրջ Է. Ամբողջական Փակումը Պէտք Չէ Ձախողի» Լիբանանի մէջ երէկ գործադրութեան դրուած ամբողջական փակումը կարելի եղաւ 94 առ հարիւրով գործադրել: Այս համեմատութիւնը յայտարարուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու հանրային կապերու պետ գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմի կողմէ: Մսալլեմ նշեց, որ երէկ առաւօտեան ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած լուսանկարներն ու վիտէոները, ուր ինքնաշարժներու խճողում արձանագրուած էր` Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ զետեղուած անցարգելներուն պատճառով...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ուժային Կառոյցներուն Մէջ Փաշինեան Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարէ Այնքան Ատեն, Որ Անոնք Տակաւին Չեն Ծառայեր Ներքին Ճնշումներուն»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Երկիրը Պիտի Յայտնուի Ընկերային-Տնտեսական Անկումի Մէջ, Որ Մարդասիրական Աղէտի Պիտի Առաջնորդէ»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուայի հանդիպումէն հիմնականին մէջ երկու ուղղութեամբ ակնկալիքներ կային, սակայն արձանագրուած է զերօ ձեռքբերում: Այս մասին «Նիւզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան: «Առաջին հարցը, որ պէտք է լուծէր Հայաստանի վարչապետը, ռազմագերիներու  հարցն էր, որ ինչպէս գիտէք, չլուծեց: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար երկրորդ շատ կարեւոր խնդիրը Արցախի...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուսիոյ  Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկած Է Հայ Գերիներու Հարցը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուսիոյ Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկած Է Հայ Գերիներու Հարցը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 13 յունուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ  հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ 11 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ  Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման ծիրին մէջ նախարարները քննարկած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցեր: Նախարար Այվազեան կարեւոր նկատած է ռազմագերիներու, ...

Ազրպէյճան Խախտած Է Զինադադարը

Ազրպէյճան Խախտած Է Զինադադարը

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 13 յունուարին` ժամը 12:00-ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման դրութեան կոպիտ խախտման իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած է 2000-ի ծնունդ զինուոր Վարդան Կիրակոսեանը: Ան անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, վիրաբուժութեան ենթարկուած է, վիճակը կայուն ծանր է: Դէպքին լոյսին տակ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը,...

Լիբանանը` Ամբողջական  Փակումի Ենթակայ

Լիբանանը` Ամբողջական Փակումի Ենթակայ

Լիբանանի մէջ այսօր սկսաւ գործադրուիլ երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումը, որուն նպատակն է հակակշռել «Քորոնա» համաճարակի տարածման թափը: Երէկ երեկոյեան կառավարութիւնը Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի թիւ 26 որոշումին հիման վրայ հրապարակեց կարգ մը միջոցառումներ, որոնց պէտք է դիմել` արտակարգ դրութեան եւ ամբողջական փակումի ընթացքին փոխադրութեան արտօնութիւն ստանալու համար: Այս միջոցառումները կը վերաբերին անոնց, որոնք կրակմարի դրութենէն չեն բացառուած: Անոնք, որոնք կը...

Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ  Եւ Անի Պէզիքեաններ Մէկ Միլիոն Տոլար  Կը Յատկացնեն Լիբանանի Հայ Համայնքի Կարիքաւոր  Ընտանիքներուն` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական  Գահակալութեան 25-Ամեակին Առիթով

Ազգային Բարերարներ Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններու Ճիգերով 3000 Ընտանիքներու Յատկացուեցաւ Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլար

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով եւ նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապները` հինգշաբթի, 25 յունիս 2020-ին, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ մէկ միլիոն տոլար նուիրեցին լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան նպատակին: Լիբանանահայութեան օժանդակութեան այս կարեւոր աշխատանքը իրականացնելու համար, Ազգային  առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմուեցաւ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը, որ ճշդելու...

Խմբագրական.  Ապաշրջափակում Ո՛չ Միայն Հայաստան-Ազրպէյճան Ուղղութեամբ

Խմբագրական. Ապաշրջափակում Ո՛չ Միայն Հայաստան-Ազրպէյճան Ուղղութեամբ

11 յունուարին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած յայտարարութիւնը ամբողջովին հետեւութիւնն է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին: Եւ այստեղ պէտք է տեսնել ամբողջ հանգոյցը բեմականացուող այս գործընթացներուն: Յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը բանաձեւէր` «Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակուած են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապահովում է փոխադրական կապեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ...

Վազգէն Մանուկեան. «Հասարակութեան Լայն  Շերտերը Պէտք Է Քննարկումներու  Սկսին` Երկրի Ապագային Վերաբերեալ»

Վազգէն Մանուկեան. «Սա Հերթական Խայտառակ Պարտութիւնն Էր Հայաստանի Համար»

Երէկ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան Մոսկուայի մէջ 11 յունուարին տեղի ունեցած Փութին - Փաշինեան - Ալիեւ եռակողմ հանդիպումին մասին հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Աւարտուեց Մոսկուայի եռակողմ հանդիպումը, որը հասարակական-քաղաքական շրջանակներում լուրջ մտահոգութիւնների ու տագնապների տեղիք էր տալիս: Հայաստանն այդ հանդիպումից որեւէ դրական արդիւնք չստացաւ, գերիների հարցում մնաց ձեռնունայն: Ազրպէյճանը եւս մէկ անգամ վաւերացրեց այն, ինչի համար եկել...

Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազը Ռուսիոյ  Եւ Ազրպէյճանցի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ  Քննարկեց Գերիներու Հարցը

Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազը Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանցի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Գերիներու Հարցը

Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազին նախաձեռնութեամբ, 12 յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում Ռուսիոյ դատախազութեան աշխատակիցի օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Մոսկուա գտնուող Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազ Իկոր Քրասնովի մասնակցութեամբ: Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն տեղեկացուցին, որ հանդիպման նպատակն էր միջազգային իրաւական մարզին մէջ հետագայ շփումներու ձեւաւորման, անոր համար...

Լիբանանի Մէջ Վաղը Կը Սկսի Գործադրուիլ Երկիրը  Ամբողջական Փակումի Ենթարկելու Որոշումը  Մէկ Օրուան Ընթացքին Արձանագրուեցաւ  32 Մահուան Պարագայ

Լիբանանի Մէջ Վաղը Կը Սկսի Գործադրուիլ Երկիրը Ամբողջական Փակումի Ենթարկելու Որոշումը Մէկ Օրուան Ընթացքին Արձանագրուեցաւ 32 Մահուան Պարագայ

Վաղուընէ սկսեալ մինչեւ 25 յունուար 2021 երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին լոյսին տակ, խուճապի մատնուած քաղաքացիները երէկ դարձեալ խուժեցին հանրախանութներն ու փուռերը` սննդեղէնի մեծաքանակ գնում կատարելու: Երկրին մէջ անցնող երկու օրերուն, հաւանաբար նաեւ այսօրուան ընթացքին ստեղծուած ու ստեղծուելիք այս խճողումին ընթացքին ենթադրաբար վարակակիրներուն թիւը պիտի բազմապատկուի, բայց եւ այնպէս արտակարգ իրավիճակի դրութեան պատրաստուելու լիբանանեան ոճին մասին աւելի լաւ բեմագրութիւն մը...

Փաշինեան, Փութին Եւ Ալիեւ Մոսկուայի Մէջ  Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով  Նոր Յայտարարութիւն Ստորագրեցին

Փաշինեան, Փութին Եւ Ալիեւ Մոսկուայի Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Նոր Յայտարարութիւն Ստորագրեցին

Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ: «Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան իրականացման ընթացքը, շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, զինուորական գործողութիւններու պատճառով վնասուած շրջաններու...

Փաշինեանի, Փութինի Եւ Ալիեւի Հանդիպման Հիմամբ  Ընդունուած Յայտարարութեան Բովանդակութիւնը

Փաշինեանի, Փութինի Եւ Ալիեւի Հանդիպման Հիմամբ Ընդունուած Յայտարարութեան Բովանդակութիւնը

Երէկ` երկուշաբթի, 11 յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած  Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպման հիմամբ ընդունուած է միացեալ յայտարարութիւն: Յայտարարութեան բովանդակութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ. «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի յայտարարութիւնը, 11 յունուարի 2021 թ. Մենք` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն....

Page 393 of 797 1 … 392 393 394 … 797

Արխիւներ