Գլխաւոր լուրեր

Իւրայատկութեան Եւ Գերազանցութեան Պատուոյ Գիր` «Վանայ Ձայն»-ին

Իւրայատկութեան Եւ Գերազանցութեան Պատուոյ Գիր` «Վանայ Ձայն»-ին

Մարդկային գիտութիւններու եւ ստեղծագործութեան համաշխարհային ընկերակցութիւնը (World Association for Creativity and Humanities), որուն կեդրոնն է Եգիպտոսը, «Վանայ Ձայն»-ին շնորհեց «Իւրայատկութեան եւ գերազանցութեան» պատուոյ գիր, ծանօթանալէ ետք ռատիոկայանին 2020 տարուան յայտագիրներուն եւ իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ` իրազեկ դառնալէ ետք այս գծով մասնագիտական յանձնախումբի մը պատրաստած յատուկ տեղեկագիրին, ռատիոկայանը հռչակելով Լիբանանի անցնող տարուան մամլոյ-տեղեկատուական մարզի ամէնէն յաջող եւ կազմակերպուած հաստատութիւններէն մէկը: Յայտնենք, որ...

Խմբագրական.  Հրաժարեալ Վարչապետին Նախաձեռնութիւնը

Խմբագրական. Հրաժարեալ Վարչապետին Նախաձեռնութիւնը

Կառավարութեան կազմութեան առկախուած գործընթացը վերագործարկելու նախաձեռնութիւն կ՛առնէ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը: Քաղաքական կեանքին մէջ առհասարակ գուցէ եզակի երեւոյթ է պարզուածը: Ըստ էութեան նշանակեալ վարչապետի գործառոյթն է, որ կ՛իրականացնէ մեկնող վարչապետը: Պարզ է տրամաբանութիւնը: Մինչ այժմ ընթացած բանակցութիւնները, հանդիպումները չեն յանգած համաձայնութեան, եւ գործընթացը առկախուած է: Հիմա նոր նախաձեռնութեամբ հիմնականին մէջ միջնորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնէ հրաժարեալ վարչապետը: Եւ ասիկա Լիբանանին յատուկ երեւոյթ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ի Հեճուկս Դաւաճաններուն  Եւ Թշնամիներուն` Արցախը Եղած Է,  Կայ ու Պիտի Մնայ Հայկական»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ի Հեճուկս Դաւաճաններուն Եւ Թշնամիներուն` Արցախը Եղած Է, Կայ ու Պիտի Մնայ Հայկական»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Արցախ կատարած այցելութեան բուռն արձագանգած են Ազրպէյճանի մէջ, ուր բողոքի ալիք բարձրացած է, եղած են բազում հրապարակումներ: Իսկ բուն այցելութիւնը բաւական յագեցած էր: Արդարեւ, պաշտօնական եւ կուսակցական տարբեր մակարդակներու վրայ քննարկուեցան ռազմաքաղաքական հարցերէն մինչեւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման ծրագիրներու գործարկումը, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` միջազգային հարթակներու վրայ, Արցախի շուրջ համազգային համախմբման ապահովումը: Այս առիթով «Երկիր...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Մասնակիցները  Կը Շարունակեն Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Մասնակիցները Կը Շարունակեն Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը այս օրերուն կը շարունակէ պայքարը` պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Շարժումին մասնակիցները կը շարունակեն ամէն օր գիշերել հանրապետութեան հրապարակին վրայ` վրաններուն մէջ` նշելով, որ իրենց պայքարը կանգ պիտի չառնէ, քանի տակաւին մեր հայրենիքը դէպի կործանում տանող իշխանութիւնը չէ հեռացած: ՀՅԴ-ի անդամները այս պայքարի բովին մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունին. կ՛ըսեն` լիայոյս են, որ այս անգամ եւս իրենց...

Նախարար Արա Այվազեան Հանդիպում Ունեցաւ  Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Նախարար Արա Այվազեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 20 յունուարին ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները` Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին: Հանդիպումի օրակարգին վրայ էին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ յետպատերազմական իրադրութեան, շրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան առնչուող հարցեր:...

«Ներհասարակական Լարուածութիւնը Լրջագոյն  Սպառնալիքն Է Մեր Անվտանգութեան»  Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան

«Ներհասարակական Լարուածութիւնը Լրջագոյն Սպառնալիքն Է Մեր Անվտանգութեան» Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան

«Ազդակ»-ի 22-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուար 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցեց Պրիւսովի համալսարանի դասախօս, միջազգայնագէտ դոկտ. Արմէն Պետրոսեան: Լսարանին նիւթն էր` «Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային միջավայրը»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը կարեւոր նկատելէ ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի փորձագիտական մարդուժի միացեալ քննարկումները, նիւթը կեդրոնացուց յատկապէս արցախեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Վիտալի Բալասանեանի  Եւ Դաւիթ Բաբայեանի Հետ Քննարկած Ենք Արցախի  Սահմաններու Պաշտպանութեան, Ազգաբնակչութեան  Անվտանգութեան Ապահովման Եւ Արցախի  Կարգավիճակի Վերաբերեալ Հարցեր»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Վիտալի Բալասանեանի Եւ Դաւիթ Բաբայեանի Հետ Քննարկած Ենք Արցախի Սահմաններու Պաշտպանութեան, Ազգաբնակչութեան Անվտանգութեան Ապահովման Եւ Արցախի Կարգավիճակի Վերաբերեալ Հարցեր»

Արցախ այցելութեան պաշտօնական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին հետ քննարկած ենք հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Քննարկուած հարցի առաջին խումբն առնչւում է Արցախի սահմանների պաշտպանութեանն ու ազգաբնակչութեան անվտանգութեան ապահովմանը, երկրորդը` Արցախի կարգավիճակին, երրորդ խումբը`...

Հայ Համայնքի Դիմումով Փաֆոսի  Քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշա Փողոցը  Վերանուանած Է Արդարութեան Փողոց

Հայ Համայնքի Դիմումով Փաֆոսի Քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշա Փողոցը Վերանուանած Է Արդարութեան Փողոց

Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբը երախտագիտութիւն յայտնեց Փաֆոսի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնք, ընդառաջելով երկրի հայ համայնքի դիմումին, շատ արագ փոփոխութեան ենթարկած են քաղաքի Թալէաթ Փաշա փողոցի անուանումը` զայն վերանուանելով Տիկէոսինիս (Արդարութեան): «Մեր յանձնախումբը, առաջին անգամ ըլլալով, քննած էր փողոցի փոփոխութեան հարցը, իր 14 յուլիս 2020-ի նիստի ընթացքին, ուր նուաստացուցիչ նկատած էր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճին անունը պատիւի արժանացած է:...

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Պայտընի  Նախագահական Երդման Արարողութիւնը` Առողջապահական  Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Ներքեւ

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Պայտընի Նախագահական Երդման Արարողութիւնը` Առողջապահական Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Ներքեւ

Երէկ շարունակուեցան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի այսօր տեղի ունենալիք երդման արարողութեան պատրաստութիւնները` Ուաշինկթընի մէջ ապահովական մարմիններու մեծաթիւ ներկայութեամբ: Քափիթոլի ու մայրաքաղաքի կեդրոնի փողոցները փակուեցան հասարակութեան առջեւ եւ Ազգային պահակագունդի տասնեակ հազարաւոր անդամներ զօրակոչի ենթարկուեցան` ուժի հսկայական ցուցադրութեամբ մը: Նախկին երդման արարողութիւններէն խզում մը արձանագրելով արարողութեան առիթով կայանալիք ձեռնարկներու մեծամասնութիւնը արդէն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով նախատեսուած էր կատարել առցանց:...

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին.  «Հաւաքական Ճիգերով Միայն Կրնանք  Այս Մարտահրաւէրները Յաղթահարել»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին. «Հաւաքական Ճիգերով Միայն Կրնանք Այս Մարտահրաւէրները Յաղթահարել» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր «Վանայ Ձայն»-էն տարեմուտի հարցազրոյցին ընթացքին, զոր վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, անդրադարձաւ 2020 տարուան իրադարձութիւններուն` զայն կոչելով համբերութեամբ գոյատեւելու տարի: Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Թէեւ 17 հոկտեմբեր 2019-ին բոլորս ուրախ էինք ժողովրդային շարժումով եւ յոյս ունէինք, որ ժողովուրդին արդար պահանջները լսելի կրնան դառնալ, սակայն դժբախտաբար անիկա...

Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը Ընդունեց ՀՅԴ  Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Եւ ՀՅԴ Արցախի  Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը Ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

18 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանը: Կողմերը քննարկեցին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին համազգային նշանակութեան խնդիրներու շուրջ միտքերու փոխանակումն ու քննարկումներու ծաւալումը:

Քննարկում Արցախի Կարեւորագոյն  Խնդիրներուն Շուրջ

Քննարկում Արցախի Կարեւորագոյն Խնդիրներուն Շուրջ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ: Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրադրութեան, արցախահայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն հետ կապուած շարք մը հարցեր: Քննարկուած են նաեւ այս ուղղութիւններով միացեալ ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք իրագործելու ձեւերը: Ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ լուծման համար խիստ կարեւոր նկատուած է համահայկական ներուժի կեդրոնացումը...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուսիոյ  Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկած Է Հայ Գերիներու Հարցը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Հարցերուն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 18 յունուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ շարունակելով վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու շարքը` նախարարները անդրադարձած են շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման եւ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն: «9 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի եռակողմանի յայտարարութիւններու կեանքի կոչման ծիրին մէջ...

Ակնարկ.  Կովկասն Ու Անգարայի Յայտարարած Բազմաշառաւիղ Նոր Քաղաքականութիւնը

Ակնարկ. Կովկասն Ու Անգարայի Յայտարարած Բազմաշառաւիղ Նոր Քաղաքականութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը բազմաշառաւիղ փոփոխութիւններու ենթարկելու յայտարարութիւններ կը կատարուին: Արաբական աշխարհին մէջ Քաթարի նկատմամբ արաբական պետութիւններու յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման գործընթաց, Եւրոպական Միութեան հետ լարուածութեան մեղմացում, Փարիզ-Անգարա ուղղակի մերձեցում ուղենշող խօսակցութիւն, Երեւանի նկատմամբ արձակուած ուղերձներ, եւ հիմա` Ուաշինկթընի հետ նոր էջ բանալու մասին պաշտօնական յայտարարութիւն: Դէպի Եւրոպա յարաբերութիւններու վերափոխման առումով Անգարա նախ կը յայտարարէր, որ Ֆրանսայի հետ աշխատանք կը տարուի երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Վանաձորցիներուն Հետ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Վանաձորցիներուն Հետ

Շաբաթ, 16 յունուարին Վանաձորի «Լոռի» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ներկայացուցիչներու հանդիպումը վանաձորցիներուն հետ: Քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու հետագայ  ընելիքները: Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով: Այս կառավարութեան, յատկապէս Նիկոլ Փաշինեանի մէկ օր աւելի  իշխանութեան վրայ մնալը կորուստ է մեր երկրին եւ պետութեան համար. իր խօսքին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի...

Ինքնաշարժներով Երթ Երեւանի Մէջ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

Ինքնաշարժներով Երթ Երեւանի Մէջ` Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը տեղեկացուց, որ երէկ` կիրակի, 17 յունուարին, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ինքնաշարժներով երթ, որ աւարտեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Քաղաքացիները ինքնաշարժներուն վրայ փակցուցած էին եռագոյններ, ինչպէս նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարները` «դաւաճան» մակագրութեամբ: Հրապարակին վրայ մեծ թիւով ոստիկաններ հաւաքուած էին: Նախաձեռնութեան որոշ մասնակիցներու եւ ոստիկաններուն միջեւ տեղի ուեցաւ միջադէպ: Ապօրինի ձեւով բերման ենթարկուեցաւ  «Հայրենիք» կուսակցութեան...

Լիբանանի Մէջ Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

Լիբանանի Մէջ Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

«Քորոնա» Համաճարակը Օրական Դրութեամբ Տասնեակ Զոհեր Կը Խլէ Մինչ ցուրտի ալիք մը կը հարուածէ Լիբանանը եւ ձիւնը սպիտակով կը ծածկէ լեռնային շրջանները, «Քորոնա» համաճարակին տարածման եւ անոր խլած մահերուն տակ տնքացող երկրին մէջ կը շարունակուի ամբողջական փակումը: «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշռելու ջանքերուն լոյսին տակ «Սեն Ժորժ» (յունական) հիւանդանոցի թոքերու եւ շնչառական հիւանդութեանց բաժանմունքի պատասխանատու տոքթ. Ճորճ Ճէօվէլէքեան շաբաթավերջին կատարեց ցնցիչ...

Երկու Ամերիկահայեր Մաս Կը Կազմեն Պայտընի Վարչակազմին

Երկու Ամերիկահայեր Մաս Կը Կազմեն Պայտընի Վարչակազմին

Հայկ Հաճինազարեան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մէջ Սպիտակ տան շրջանային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի ղեկավար: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի եւ փոխնախագահի միացեալ հաղորդագրութեան մէջ: Մեկնաբանելով նոր նշանակումները` Սպիտակ տունէն նշած են, որ անոնք որակաւորուած, ստուգուած եւ փորձառու մասնագէտներ են, որոնք պատրաստ են առաջին օրն իսկ «արդիւնք տալու»: Ընդհանուր առմամբ յայտարարուած է 215 նշանակումներու...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը  Կը Նախաձեռնէ Մարզային Հանդիպումներու

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կը Նախաձեռնէ Մարզային Հանդիպումներու

Առաջին Հանդիպումը` Գիւմրեցիներուն Հետ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի նախաձեռնած մարզային այցելութիւններու ծիրին մէջ շարժման ներկայացուցիչները 15 յունուարին այցելեցին Գիւմրի, եւ «Արագած» մարզամշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի եւ գիւմրեցիներու հանդիպումը: Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ հանդիպման նպատակն է քննարկել, թէ երկիրը ի՛նչ վիճակի մէջ է եւ միասին մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է...

Page 392 of 797 1 … 391 392 393 … 797

Արխիւներ