Գլխաւոր լուրեր

Նիկոլի Հետ Մեր Պետութիւնը  Դատապարտուած Է Կործանման

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Նպատակը Փաշինեանը Հեռացնելն Ու Երկիրը Փրկելն Է»

«Մենք ընդհանրապէս իր որեւէ այցելութենէ դրական ակնկալիք չունինք, որովհետեւ անցնող ժամանակահատուածը ցոյց տուած է, որ իր բոլոր որոշումները, հանդիպումները, քայլերն ու գործողութիւնները չեն բխիր մեր պետութեան եւ ժողովուրդի շահերէն», «Երեւան Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան եւ նոր համաձայնութիւններուն: Նշենք, որ քաղաքացիները, վարչապետի Մոսկուա այցելութիւնը...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեանց Ղեկավարները Քննարկած Են Սահմանին  Տեղի Ունեցած Միջադէպերու Հետաքննութեան  Ու Գերիներու Փոխանակման Առնչուող Հարցեր

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեանց Ղեկավարները Քննարկած Են Սահմանին Տեղի Ունեցած Միջադէպերու Հետաքննութեան Ու Գերիներու Փոխանակման Առնչուող Հարցեր

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները 10 յունուարին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներու պետական սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած միջադէպերու միացեալ հետաքննութեան եւ գերիներու փոխանակման առնչուող հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ ծառայութեան: «Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նակիեւ եւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեան 10...

14-25 Յունուարին Լիբանանի Մէջ Արտակարգ  Դրութիւն Յայտարարուած Է

14-25 Յունուարին Լիբանանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է

Արտակարգ դրութիւն յայտարարելու նախօրեակին, լիբանանցիները (անոնք, որոնք կարողութիւն ունին), երէկ փութացին հանրախանութներն ու փուռերը, եւ մեծաքանակ ուտեստեղէնի գնում կատարեցին` բնակարանային մեկուսացումին ընթացքին սոված չմնալու մտահոգութեամբ: Երկրին մէջ ստեղծուեցաւ ահռելի խուճապ մը, որ վստահաբար «Քորոնա» ժահրի տարածման պիտի ծառայէ` ի վնաս ժողովուրդին առողջութեան: Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:...

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կը Քննարկէ Նոր Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութիւնը

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կը Քննարկէ Նոր Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Ներկայ էին յանձնախումբի անդամներ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Ժողովը լսեց զեկուցումներ անցեալ տարուան ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններու մասին, որմէ ետք քննեց անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով պատմաքաղաքական բնոյթ ունեցող եւ յանձնախումբին ներկայացուած տարբեր աշխատասիրութիւնները...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը` 11 Յունուարի Մոսկովեան Հանդիպումներուն Ընդառաջ

9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութենէն եւ բանաւոր գաղտնի պայմանաւորուածութիւններէն ետք տեղի ունեցած որոշ զարգացումները իրաւամբ յառաջացուցած են մեր ժողովուրդին դժգոհութիւնն ու կասկածը, որոնք կ՛անտեսուին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին կառչած անձին կողմէ: 11 յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն նախօրէին, նոյն կասկածելի անձնատու քայլերու հաւանականութիւնը տեղի տուած է նոր մտահոգութիւններու, որոնք հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ արտայայտուած են թէ՛ ժողովրդային մակարդակով...

«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» Համակարգող  Իշխան Սաղաթէլեան Յայտարարեց. Վազգէն Մանուկեան`  Վարչապետի Միասնական Թեկնածու

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Յայտարարութիւնը. «Հայաստանի Ու Արցախի Շահերի Դէմ Ընդունուող Որեւէ Որոշում Ճանաչուելու Է Ոչ Օրինական»

11 յունուարին նախատեսուած Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպման հետ կապուած բազմաթիւ մտահոգութիւններ եւ տագնապներ կան քաղաքական-հասարակական լայն շրջանակներում: Այդ հանդիպման արդիւնքները կարող է վերածուել «նոյեմբերի 9»-ի անձնատուութեան շարունակութեան: Թեմայի վերաբերեալ պարզաբանումներ ստանալու նպատակով մենք նախաձեռնել էինք հանդիպում արտաքին գործերի նախարարի, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի, Զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետի հետ: Օնիկ Գասպարեանն ու Արմէն Աբազեանը խուսափեցին հանդիպումից, ինչը խորացրեց մեր մտահոգութիւններն...

Նիկոլ Փաշինեան Յայտարարեց, Որ Այս Փուլին Ղարաբաղի Հարցը Դիւանագիտական Լուծում Չունի

Իշխան Սաղաթէլեան. «Յայտարարում Ենք Պայքարի Նոր Փուլ` Ամօթի Պատին Գամելով Եւ Հեռացնելով Հայրենիքը Վաճառած Դաւաճաններին»

Երէկ` կիրակի, 10 յունուարին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Վերջին օրերին ստացել եմ բազմաթիւ նամակներ, որոնց բովանդակութիւնն ընդհանրութեան մէջ հետեւեալն է` մարդիկ վրդովուած հարցնում են, թէ ինչո՞ւ վճռական քայլերի չենք դիմում, արդեօ՞ք համակերպուել ենք Նիկոլի իշխանութեանը, արդեօ՞ք պայքարը մարել է եւ այլն: Նոյնիսկ մեղադրանքներ կան այն մասին, իբր մենք համագործակցում ենք...

«Խիստ Մերժելի Է, Որ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Միջեւ Բախումները Պատճառ Դառնան Քաղաքացիներուն Ընկերային Անվտանգութեան Խախտումին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Իրաւունք Չունինք Ընկրկելու

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աղէտալի էր 2020 տարին: Առանց խղճահարութեան եւ զղջումի կը բաժնուինք` 365 օրերը դարձեալ չտեսնելու հաւատքով: Դառն եղաւ անցնող տարուան փորձառութիւնը: Արցախէն Հայաստան, սփիւռք, եւ հոս` Լիբանան: Հարուած ստացաւ համայն հայութիւնը Արցախի մէջ եւ Հայաստանի: Ոչ ոք մեր կողքին կանգնեցաւ, ոչ մէկ ուժ յայտարարողական մակարդակէ անդին գործնական զօրակցութիւն ցուցաբերեց մեր հայրենիքին եւ հայութեան դէմ թուրքեւազրպէյճանական ցեղասպանական յարձակումին դէմ դնելու...

Զգոյշ… Հայոց Պետականութեան Անսասան Պահպանումը Բոլոր Նկատումներէ Վեր

Զգոյշ… Հայոց Պետականութեան Անսասան Պահպանումը Բոլոր Նկատումներէ Վեր

Ազերի-Թուրք բանակին կողմէ Արցախին դէմ շղթայազերծուած պատերազմը կասեցնելու կոչուած զինադադարի յայտարարութիւնը, ինչպէս օրին յիշած էինք, կը պարունակէ այնպիսի անորոշ ու երկդիմի կէտեր, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի պետութեան անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը։ Զինադադարի յայտարարութեան վտանգալից կէտերը հարկ է որ յստակացուին Հայաստանի պահանջով ու Ռուսիոյ օժանդակութեամբ։ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ պետութեան ամուր ու անվթար պահպանումը անսակարկելի համահայկական յանձնառութիւն է։ Մեր...

Տեղի Ունեցաւ Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժման Խորհուրդի Նիստը

Տեղի Ունեցաւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Խորհուրդի Նիստը

8 յունուարին տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի հերթական նիստը, զոր վարեց Շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան: Քննարկման առանցքը հանդիսացաւ 11 յունուարին նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման եւ հաւանական պայմանագիրներու վաւերացման հարցը, որ լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է հայ հասարակութեան մօտ: Քննարկուեցաւ եւ վերլուծումի ենթարկուեցաւ նաեւ Շարժումի` մինչ օրս կատարած գործունէութիւնը: Ճշդուեցան յառաջիկայ կատարելիքներն ու գործողութիւններու ծրագիրը:  

Վազգէն Մանուկեանի Կոչը`  Արտաքին Գործոց Նախարարին,  ԱԱԾ-ի Եւ Զինուած Ուժերու Ղեկավարներուն

Վազգէն Մանուկեանի Կոչը` Արտաքին Գործոց Նախարարին, ԱԱԾ-ի Եւ Զինուած Ուժերու Ղեկավարներուն

Երէկ` ուրբաթ, 8 յունուարին Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հրապարակեց շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կը դիմէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին` պահանջելով հանդիպում ունենալ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ` պարզաբանումներ տալու Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուա կատարելիք եւ այնտեղ ստորագրելիք փաստաթուղթին վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ. «Արտաքին գործերի նախարար Արա Այվազեանին, Ազգային...

ՄԱՀԱԶԴ

Մահացաւ Ազգային, Հասարակական Եւ Կուսակցական Գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեան

Չորեքշաբթի, 6 յունուարին «Քորոնա» համավարակին հետեւանքով Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ազգային, հասարակական եւ կուսակցական ղեկավար գործիչ, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հայ սկաուտութեան դաստիարակութեան նուիրեալ Գառնիկ Մկրտիչեան: Պէյրութի մէջ ծնած Գառնիկ Մկրտիչեան կանուխ տարիքէն անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն: Ան աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերու ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին մէջ: Անոր անունը կապուած եղած է Պուրճ Համուտի ՀՅԴ...

Վերջին Հրաժեշտ`  Գառնիկ Մկրտիչեանին

Վերջին Հրաժեշտ` Գառնիկ Մկրտիչեանին

Երէկ կէսօրին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ներկայացուցչական եւ ժողովրդային հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը ազգային-կուսակցական գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանին, ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Արարողութեան նախագահեց եւ յետ յուղարկաւորութեան հանգուցեալի մասին իր վկայութիւնները ներկայացուց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ապա սրբազանը կարդաց վեհափառ հայրապետին գնահատականը` ննջեցեալ Գառնիկ Մկրտիչեանի հանրային գործունէութեան մասին: Իր կատարած ծառայութիւններուն համար Գառնիկ...

Մահազդ

Մահազդ

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:  

ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան երկար տարիներու Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական` ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Ցաւակցագիրները փոխանցել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]  

Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին  Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին  Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցին Ընթացքին. Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

Հարցազրոյցը արտագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին, «Վանայ Ձայն»-էն կատարած իր  հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց լիբանանցիին արժանապատուութիւնը պահպանելու եւ յոյսին կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Հաղորդավար Հալա Հատտատի պատրաստած «Քըլ եաում պիյաումու» յայտագիրին ընդմէջէն, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ 2020-ի իրադարձութիւններուն` լիբանանեան, հայկական եւ շրջանային առումով: Երաժիշտ եւ յօրինող Էլիաս Ռահպանիի մահուան առիթով երեսփոխան Յ. Բագրատունի...

«Նահատակները` Փարոս Մեր Պահանջատիրութեան». Պատերազմին Ինկած Նահատակներու Յիշատակի Ձեռնարկ

«Նահատակները` Փարոս Մեր Պահանջատիրութեան». Պատերազմին Ինկած Նահատակներու Յիշատակի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ), երեքշաբթի, 5 յունուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած արցախեան վերջին պատերազմին ինկած նահատակներու: «Նահատակները` փարոս մեր պահանջատիրութեան» խորագիրը կրող ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի շէնքերուն դիմաց գտնուող շրջափակին մէջ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Վազգէն Մանուկեան. «Մեր Կորուստները  Կը Շարունակուին, Հերթը Հասած Է Շուռնուխին»

Վազգէն Մանուկեան. «Մեր Կորուստները Կը Շարունակուին, Հերթը Հասած Է Շուռնուխին»

Երէկ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածեց Սիւնիքի Շուռնուխ գիւղին մէջ ստեղծուած կացութեան մասին. Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Մեր կորուստները շարունակւում են: Այժմ հերթը հասել է Շուռնուխին: 1988 թուականի սումկայիթեան դէպքերից յետոյ, երբ հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ տեղի ունեցաւ սարսափելի կոտորած, եւ մենք ականատես եղանք, որ ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ էլ բանակը (այն ժամանակ` Խորհրդային Միութեան բանակը) մեր ժողովրդի...

Դաւիթ Բաբայեան Նշանակուած Է Արցախի  Արտաքին Գործոց Նախարար, Գրիգորի Մարտիրոսեան`  Պետական Եւ Ելեւմուտքի Նախարար

Դաւիթ Բաբայեան Նշանակուած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար, Գրիգորի Մարտիրոսեան` Պետական Եւ Ելեւմուտքի Նախարար

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 4 յունուարին ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ: Ըստ անոնցմէ մէկուն, Մասիս Մայիլեան ազատ կացուցուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն. աւելի ուշ, նախագահը ստորագրած է հրամանագիր մը` Մասիս Մայիլեանը յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան նշանակելու մասին: Այլ հրամանագիրով մը, Դաւիթ Բաբայեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար` ազատ կացուցուելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն: Արցախի...

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Ռուս Խաղաղապահներու  Հրամանատարութեան Հետ Քննարկեց  Ամարասի Անվտանգութիւնը

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Ռուս Խաղաղապահներու Հրամանատարութեան Հետ Քննարկեց Ամարասի Անվտանգութիւնը

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան 14 յունուարին այցելեց Մարտունի: Այս մասին գրուեցաւ Պարգեւ սրբազանի Դիմատետրի էջին վրայ: Սրբազան հայրը ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան հետ այցելեց Ամարասի վանք եւ այնտեղ քննարկեց վանքի անվտանգութեան հարցը: Այնուհետեւ սրբազան հայրը այցելեց Ճարտար քաղաքի Սուրբ Վարդան եկեղեցին եւ ապա Մարտունի քաղաքի Սուրբ Ներսէս Մեծ եկեղեցին: Պարգեւ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ Մարտունի շրջանային վարչակազմի...

Page 394 of 797 1 … 393 394 395 … 797

Արխիւներ