Դաշնակցութիւնը Արցախի 2021-ի Պիւտճէի Նախագիծը Յետպատերազմեան Պայմաններուն Համահունչ Չի Նկատեր
25 յունուարին Արցախի 2021-ի պիւտճէի նախագիծի քննարկման ծիրին մէջ Արցախի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի պետական նախարար-ելեւմուտքի նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի հետ: Գրիգորի Մարտիրոսեան` խմբակցութեան առաջարկով, ներկայացուց նախատեսուող ընկերային ծրագիրները: ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները առաջարկեցին կատարել Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ հետեւանք արձանագրուած նիւթական վնասներու հաշուարկ` հատուցման հարցը բարձրացնելու համար: Արցախի պետական նախարարը նշեց, որ պէտք է ստեղծուի համապատասխան...



















