Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահն Ու Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Քննարկեցին Սիւնիքի Մէջ Անվտանգութեան Գօտի Ստեղծելու Հայեցակարգը

March 18, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 17 մարտին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ:

Նախագահն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը քննարկեցին գերիներու վերադարձի եւ անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը:

Հանդիպումի ընթացքին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նախագահին ներկայացուց Սիւնիքի մէջ բնակիչներու իրաւունքներու երաշխաւորման նպատակով ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի ստեղծելու իր հայեցակարգը: Արման Թաթոյեան շեշտեց, որ սահմաններուն առնչուող գործընթացը կ՛իրականացուի Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի բացայայտ սպառնալիքի, ազրպէյճանական բարձրագոյն իշխանութիւններու հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ: Անկէ բացի, ազրպէյճանական զինուած ուժերու ծառայողները կրակոցներ կ՛արձակեն Հայաստանի Սիւնիքի մարզի գիւղերուն անմիջական հարեւանութեամբ, ինչ որ լուրջ վտանգ կը հանդիսանայ բնակիչներու կեանքի իրաւունքին եւ անոնց ֆիզիքական անվտանգութեան: Բնակիչներու իրաւունքներու տեսանկիւնէն սադրանքներ ու անհանգստութիւն պատճառած է ազրպէյճանցի զինուորականներու, ցուցանակներու ու դրօշներու առկայութիւնը Սիւնիքի համայնքներուն միջեւ ճանապարհներուն վրայ: «Առկայ են նաեւ սեփականութեան իրաւունքի կոպիտ խախտումներ», շեշտեց Թաթոյեան:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ պաշտօնապէս սահմանագծում ու սահմանազատում կատարուած չեն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պետական սահմաններու որոշման գործընթացը իրաւական տեսանկիւնէ այս պահուն առնուազն անորոշ է: Ասոր վրայ կ՛աւելնան նաեւ Սիւնիքի մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու իրաւունքներու խախտումները կամ անոնց ունեցած էական վտանգը:

 

 

Նախորդը

Անգարայի Մէջ Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Խանութներ Կը Կառուցեն

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդներու Կազմակերպութեամբ` «Առանց Նիկոլ Հայաստան» Ցոյց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.