Գլխաւոր լուրեր

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Գուժէ Միշել Մըրի Մահը

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Գուժէ Միշել Մըրի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի գուժեց երեսփոխան Միշել Մըրի մահը` դիմատետրեան իր էջին ընդմէջէն կատարելով հետեւեալ գրառումը. «Երեսփոխան Միշել Մըրի կորուստով Լիբանան կը կորսնցնէ իր արդի պատմութեան հիմնասիւներէն մէկը եւ բառին իսկական իմաստով պետական անձնաւորութիւն մը: Ան Մարդ անձնաւորութիւնն է, բարեկամը, մտերիմն ու հաւատարիմը: Միշել Մըրի մահով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ բարեկամ մը, որ շուրջ 55 տարի...

«Պիտի Գայ Պահը Վերականգնելու Արցախի Իրաւունքներն Ու Ամբողջական Սահմանները».

«Պիտի Գայ Պահը Վերականգնելու Արցախի Իրաւունքներն Ու Ամբողջական Սահմանները».

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Դրօշակ»-ի յունուար 2021-ի թիւին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը:  «ԴՐՕՇԱԿ».- Այս հարցազրոյցով պիտի ուզէինք կատարել անցնող տարուայ ընդհանուր ամփոփումը, սակայն մեր երկրին ու ժողովրդին պատուհասած ողբերգութիւնը, ցաւօք, թելադրում է կենտրոնանալու որոշակի իրադարձութիւնների վրայ: 2020 թուական մուտք գործեցինք, երբ միջին արեւելեան մեր համայնքները կ՛անցնէին բազում ցնցումներից, եւ հայութեան կողմից շարունակւում էր այդ բեռը...

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին.  Արսէն Համբարձումեան. «Եթէ Արամը Կրցաւ`  Այսօր Եւս Կարելի Է Հաւատալ  Մեր Ժողովուրդի Արարող Ուժին»

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին. Արսէն Համբարձումեան. «Եթէ Արամը Կրցաւ` Այսօր Եւս Կարելի Է Հաւատալ Մեր Ժողովուրդի Արարող Ուժին»

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրը, դաշնակցական եւ պետական մեծ գործիչի արձանին մօտ երէկ` ուրբաթ, 29 յունուարին յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ խոնարհած են ՀՅԴ անդամները: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ հաւաքուած են իրենց խոնարհումը բերելու նորագոյն ժամանակաշրջանի հայոց պատմութեան ամէնէն կարկառուն, ամէնէն երեւելի, միաժամանակ նաեւ տակաւին քիչ գնահատուած մեծագոյն հայու` Արամ Մանուկեանի  յիշատակին: «20-րդ դարու...

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է  Խումբ Մը Քաղաքագէտներու Եւ Փորձագէտներու Հետ

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Խումբ Մը Քաղաքագէտներու Եւ Փորձագէտներու Հետ

Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակ, Արցախի հարցի հետագայ ճակատագիր, շրջանային աշխարհաքաղաքական զարգացումներ. օրակարգային այս հարցերը երէկ` ուրբաթ, 29 յունուար 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը քննարկած է խումբ մը քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը: Քննարկուած է պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամը, որուն հանգուցալուծման վերաբերեալ մասնագէտները տարբեր տեսակէտներ յայտնած են: Ըստ որոշ...

Յ. Բագրատունի Ընդվզում Կը Յայտնէ Ներքին  Ապահովութեան Ուժերուն Թրքերէնի Ուսուցման  Առցանց Դասընթացքին Առնչութեամբ

Յ. Բագրատունի Ընդվզում Կը Յայտնէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Թրքերէնի Ուսուցման Առցանց Դասընթացքին Առնչութեամբ

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Իմատ Օսման շրջաբերական մը յղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն եւ զինուորներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէնի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին: Այս շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ` իր զարմանքը յայտնելով այս տարօրինակ որոշումին առնչութեամբ:...

Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Դատապարտուին Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պատասխանատուներու Կողմէ, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հետաքննութիւնը` Բացայայտելու Համար Սադրիչները

Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Դատապարտուին Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պատասխանատուներու Կողմէ, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հետաքննութիւնը` Բացայայտելու Համար Սադրիչները

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին խումբ մը ցուցարարներ փակեցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը` զոյգ ուղղութիւններով: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս հասաւ հրապարակ եւ փորձեց ցրուել ցուցարարները, որոնք քարկոծեցին բանակայինները, ինչպէս նաեւ քանդեցին շրջանին մէջ գտնուող դրամատան մը ցուցափեղկը: Երկու ժամ ետք Նուր հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն թիւը բազմացաւ, եւ անոնց մէկ մասը սկսաւ քարկոծել Թրիփոլիի սերայը: Բանակը կարծր կերպով միջամտեց` կասեցնելու ցուցարարներուն ընթացքը եւ...

2020. Համավարակ Եւ Պատերազմ

2020. Համավարակ Եւ Պատերազմ

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ  2020 թուականը հայոց պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս համավարակի, պատերազմի, հազարաւոր զոհերի եւ պարտութեան տարի: Այն Արցախի` հայկական երկրորդ հանրապետութեան տարածքի շուրջ 75 առ հարիւրի կորստի տարին էր, որը Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ հայութեան համար ստեղծեց բոլորովին նոր իրավիճակ. վերացաւ անվտանգային այն համակարգը, որի ստեղծման համար պահանջուել էր 32 տարի, մեծ ջանքեր ու նուիրում եւ որի համար նուիրաբերուել...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը` Բանակի Օրուան Առիթով. «Մենք Պարտք Ունինք Մեր Հերոս Նահատակներուն»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը ուղերձ յղած է Բանակի օրուան առթիվ: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Ստորեւ ամբողջութեամբ կու տանք ուղերձը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Բանակի օրն այս տարի առանձնայատուկ խորհուրդ ունի. այն նշում ենք մեր երկրի ու ազգի համար արտակարգ պայմաններում` յետպատերազմական բարդ իրավիճակ, բազմաբնոյթ ճգնաժամ, ծանրագոյն կորուստներ: Եւս մէկ անգամ գլուխ եմ խոնարհում հայրենիքի պաշտպանութեան...

Վազգէն Մանուկեան. «Հայոց Բանակը  Նորէն Վեր Պիտի Յառնի  Եւ Ցոյց Տայ Աշխարհին Իր Ուժը»

Վազգէն Մանուկեան. «Հայոց Բանակը Նորէն Վեր Պիտի Յառնի Եւ Ցոյց Տայ Աշխարհին Իր Ուժը»

Բանակի օրուան առիթով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հրապարակեց հետեւեալ ուղերձը. «Հայո՛ց բանակ, տօնդ շնորհաւոր: Այսօր չեմ խօսելու ցաւի ու կորստի մասին: Չեմ խօսելու պարտութեան, նենգութեան ու դաւաճանութեան մասին: Այսօր ասելու եմ, որ մեր բանակը, մեր զինուորը, մեր սպան շարունակելու են լինել մեր երկրի եւ մեր ժողովրդի անվտանգութեան, արժանապատուութեան, հպարտութեան ու յաղթանակների երաշխաւորը: Ես գիտեմ, որ բոլորիս ջանքերով մեր...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Խորհրդարանը  Կը Տանի Դէպի Լուծարում,  Որ Այդ Ճամբով Շարունակէ Վերարտադրուիլ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Խորհրդարանը Կը Տանի Դէպի Լուծարում, Որ Այդ Ճամբով Շարունակէ Վերարտադրուիլ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Եռաբլուրի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Ան դիտել տուաւ, որ հանրահաւաք մը տեղի պիտի ունենայ 18 փետրուարին, անկէ ետք պիտի կազմակերպուին բողոքի երթեր, ցոյցեր, անհնազանդութեան շարժումներ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ շուրջօրեայ, լայնածաւալ գործողութիւններ չեն կատարուիր` Սաղաթէլեան արձագանգեց, թէ այս փուլը ինքնակազմակերպման, անցած ճամբան վերագնահատելու,...

Նորագիրներ Անցան ՀՅԴ ՀԵՄ-ի  Եւ Դաշնակցութեան Շարքերը

Նորագիրներ Անցան ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Եւ Դաշնակցութեան Շարքերը

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու տօնի (Հայոց բանակի տօնի) օրուան առիթով, ինչպէս սպասելի էր, Եռաբլուր զինուորական պանթէոն մարդոց հոսքը սկսած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն եւ չէր դադրած ամբողջ օրուան ընթացքին: Արցախեան վերջին գոյապայքարին պատճառով տարածքով կրկնապատկուած Եռաբլուրին մէջ իրենց վերջին հանգրուանը գտած հայորդիներէն մէկուն` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ, նուիրեալ ազատամարտիկ, ՀՅԴ կամաւորական վաշտերու կազմին մէջ մարտնչած եւ Արցախի հիւսիսային դիրքերուն...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու  Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ. «Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:...

Խմբագրական.  Ազգ – Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ազգ – Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

Բարոյահոգեբանական առումով ամէնէն բարդ պայմաններուն մէջ կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը։ Արտաքին եւ ներքին, ինչպէս նաեւ առարկայական եւ ենթակայական պատճառներու հանրագումարը յանգեցուց արցախեան հայրենիքի տարածքային ցաւոտ կորուստներու։ Այսօր, դժբախտաբար շրջուած է հայոց բանակի տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ միաւորը ըլլալու համատարած համոզումը։ Միաժամանակ սակայն պէտք է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ  հայկական ուժերը դատապարտուած էին պատերազմելու ո՛չ միայն Պաքուին, այլ նաեւ հիմնականին...

Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ. «Մեր Կարմիր Գիծը  Հայաստանի Հանրապետութեան  Տարածքային Ամբողջականութիւնն Է»

Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ. «Մեր Կարմիր Գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնն Է»

Երէկ` 27 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը: Հանդիպումին ընթացքին անոնք միտքեր փոխանակեցին արցախեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ զարգացումներուն վերաբերեալ: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին շրջանային կայունութեան ապահովման եւ...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի  Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Յայտարարութիւնը

26 յունուարին տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի նիստ, զոր վարեց Վազգէն Մանուկեան: Քննարկուեցան շարժման անցնող շրջանի գործունէութիւնը, քայլերու արդիւնաւէտութիւնը, կարեւոր նկատուեցաւ շարժման համահայկական բնոյթը, մարզերուն մէջ հանդիպումները առաւել աշխուժ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ 18 փետրուարին կազմակերպուելիք համապետական հանրահաւաքի կազմակերպչական հարցեր: Անդրադառնալով Ն. Փաշինեանի կողմէ յառաջ մղուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու գաղափարին` խորհուրդը նպատակայարմար նկատեց իր դիրքորոշումն ու մօտեցումները ներկայացնել առանձին...

Մինչ Կառավարութիւնը Պատուաստումի  Իր Ծրագիրը Կը Յայտարարէ.  Թրիփոլիի Մէջ Բողոքի Սաստկացում`  Ամբողջական Փակումի Որոշումին Դէմ

Մինչ Կառավարութիւնը Պատուաստումի Իր Ծրագիրը Կը Յայտարարէ. Թրիփոլիի Մէջ Բողոքի Սաստկացում` Ամբողջական Փակումի Որոշումին Դէմ

Երկրին ամբողջական փակումին դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու եւ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ, ուր ցոյցերը դարձեալ վերածուեցան բախումներու` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Այս մասին նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի ցոյցերուն ետին կրնան գտնուիլ կողմեր, որոնք կը փափաքին քաղաքական պատգամներ ուղղել: Ան աւելցուց, որ կրնան նաեւ գտնուիլ ոմանք, որոնց նպատակն է չարաշահել ժողովուրդին ցաւն...

Վազգէն Մանուկեան. «Ասիկա Դիտաւորեալ  Պարտուած Պատերազմ Էր, Իսկ Դիտաւորութեան  Պատճառը Արցախէն Ազատիլն Էր»

Վազգէն Մանուկեան. «Ասիկա Դիտաւորեալ Պարտուած Պատերազմ Էր, Իսկ Դիտաւորութեան Պատճառը Արցախէն Ազատիլն Էր»

26 յունուարին Արարատի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ներկայացուցիչներու հանդիպումը արարատցիներուն հետ: Իր արտասանած խօսքին մէջ Վազգէն Մանուկեան ըսաւ, որ նման վտանգաւոր իրավիճակի մէջ չենք եղած վերջին 100 տարուան ընթացքին` դիտել տալով, որ բոլորը չեն, որ կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ ենք ներկայիս: Ան նշեց, որ պատերազմ եղաւ, բայց մենք պատերազմ տեսած...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Հասած Է Երեւան

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հասած Է Երեւան

Շրջանային այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստան հասած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որուն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Գագիկ Ղալաչեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն: Այսօր` 27 յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը: Այցելութեան շրջագիծին մէջ Իրանի արտաքին գործոց...

Ամերիկեան Կառավարութիւնը Կարեւոր Դեր Կրնայ  Խաղալ Արցախի Վերաշինման  Եւ Վերաբնակեցման Հարցին Մէջ

Ամերիկեան Կառավարութիւնը Կարեւոր Դեր Կրնայ Խաղալ Արցախի Վերաշինման Եւ Վերաբնակեցման Հարցին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն շատ աւելի քաջատեղեակ է Հայաստանի ու Արցախի խնդիրներէն, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման ժամանակ ըսաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Եղիսաբէթ Ջուլճեան: Ըստ Ջուլճեանի, ամերիկեան կառավարութիւնը կարեւոր դեր կրնայ  խաղալ Արցախի վերաշինման եւ վերաբնակեցման հարցին մէջ, իսկ Հայ դատի յանձնախումբը իր առաջնահերթութիւնները շատ յստակ դրած է` 250 միլիոն տոլարի...

Նախարար Դաւիթ Բաբայեան Նամակներ  Յղեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին  Եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Տնօրէնին

Նախարար Դաւիթ Բաբայեան Նամակներ Յղեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Տնօրէնին

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէին` Ազրպէյճանի կողմէ հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման առնչութեամբ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է: Նամակներուն մէջ մանրամասն փաստեր ներկայացուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նմանատիպ յանցագործութիւններու հետեւողականօրէն իրականացման վերաբերեալ` նախկին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, ապա նաեւ յաջորդած տարիներուն` նպատակ ունենալով...

Page 390 of 797 1 … 389 390 391 … 797

Արխիւներ