Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանի Մէջ Կը Քննարկէ Արցախեան Տագնապին Վերաբերող Հարցեր

March 17, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 16 մարտ 2021-ին, Ազրպէյճան կատարած այցելութենէ մէկ օր ետք, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահին հետ: Հանդիպումին ընթացքին ան անդրադարձաւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին, անոր հետեւանքներուն, ստեղծուած իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն: Այդ ծիրին մէջ քննարկուեցան շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Նշելով, որ շրջանի ներկայ վիճակը ԵԱՀԿ-ի ուշադրութեան առարկայ է, իբրեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Անն Լինտէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին ջանքերը` խաղաղութեան հաստատման եւ երկարաժամկէտ ու կայուն լուծում գտնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ մարդասիրական խնդիրներուն` նշելով, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքները` գերութեան մէջ պահելով հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան կ՛ակնկալէ միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը այդ կարեւորագոյն հարցի լուծման մէջ:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վարչապետը ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կարելի է բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ եւ այդ ծիրին մէջ կարեւոր է Մինսքի խմբակի գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը` խաղաղ հոլովոյթի վերսկսման եւ տագնապի համապարփակ լուծման հարցին մէջ: Այս առումով վարչապետը շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի յստակացման ու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրման անհրաժեշտութիւնը:

Փաշինեան ընդգծեց, որ կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն կը շարունակէ մնալ ռազմագերիներու վերադարձը:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անն Լինտէ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Արցախի խաղաղ բնակավայրերու, այդ կարգին` Հատրութի շրջանի աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման եւ անոնց փոխարէն ազրպէյճանական բնակավայրերու ստեղծման հիման վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը չի կրնար հաստատուն եւ տեւական ըլլալ` աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար` սերտօրէն համագործակցելով մեր միջազգային գործընկերներուն հետ»:

Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ` Անն Լինտէ Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ կարեւոր նկատած է Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքն ու իր անձնական ներկայացուցիչին ջանքերը` միտուած երկարաժամկէտ կայուն լուծման ու խաղաղութեան հաստատման: Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ն եւ միջազգային հանրութիւնը, իբրեւ ամբողջութիւն, կարեւոր դեր ունին անդրադառնալու ներկայիս ստեղծուած անմիջական իրավիճակին եւ կողմերուն օժանդակելու` գտնելու տագնապի լուծման ուղիներ: Միաժամանակ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը կարեւոր նկատեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգումն ու մարդասիրական խնդիրներու լուծումը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման:

Հանդիպում Նաեւ Արցախի Արտաքին
Գործոց Նախարար Դաւիթ Բաբայեանին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւս Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման առնչուող հարցեր: Բաբայեան լուսարձակի տակ առաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ բանակցային հոլովոյթի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը` ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ եւ արդար լուծման նպատակով:

Նախարար Դաւիթ Բաբայեան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ներկայացուց նաեւ Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին պատճառով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը: Ան հիմնական եւ անյետաձգելի նկատեց Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հայրենիք վերադարձը:

Նախարար Դաւիթ Բաբայեան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին կոչ ուղղեց`  գործադրելու անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը` հասնելու Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու անշեղ իրականացման, անընդունելի նկատելով  քաղաքական առեւտուրի ծիրին մէջ գերի ինկած անձերուն եւ անոնց հարազատներուն տառապանքին օգտագործումը:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Սկսած Են Մարտավարական Եւ Մարտավարամասնագիտական Միացեալ Ռազմափորձեր

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Յայտարարութիւնը` Մոսկուայի 16 Մարտ 1921-ի Ռուս-Թրքական Պայմանագիրի 100-Ամեակին Առնչութեամբ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.