Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Լիբանանի Պարզած Ոչ Նախանձելի Իրավիճակի Լոյսին Տակ. Վերանորոգ Ճիգեր` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Մօտաւորապէս չորս ամիսէ ի վեր Լիբանան կը գոյատեւէ առանց կառավարութեան, մինչ հրաժարեալ կառավարութեան պաշտօնակատար նախարարները կը շարունակեն ամբողջացնել առկախ մնացած հարցերու դասաւորումը: Այլ խօսքով` գործադիր իշխանութեան կազմութեան ձգձգումը առաւել եւս կը բարդացնէ երկրին ոչ նախանձելի իրավիճակը: Փաստօրէն, ամերիկեան տոլարի սակին սեւ շուկային մէջ սրընթաց բարձրացումը ի հեճուկս լիբանանեան թղթոսկիի սակագինին ու անոր հետեւող սղաճը, «Քորոնա» համավարակին պատճառած զոհերը եւ այդ...

Ակնարկ.  Վեցեակէն Կարգավիճակ. Համընկնումներ Եւ Բախման Կէտեր

Ակնարկ. Վեցեակէն Կարգավիճակ. Համընկնումներ Եւ Բախման Կէտեր

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը, թէ` «ղարաբաղեան տագնապի լուծումը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակի», ուշագրաւ է տարբեր առումներով: Այս յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ  տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործողութիւններուն նախանշումը: Թուրքիոյ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարի եւ թէ՛ այժմ նախագահի մակարդակներով կը խօսուի տարածաշրջանը ապաշրջափակելու գործողութիւններու մասին: Վեցեակի հարթակը, որ հիմնականին մէջ կ՛առաջադրէ Թուրքիան, ըստ էութեան նոյն ծրագիրին...

Բողոքի Ցոյց Ազգային Ժողովին Դիմաց`  Իշխանութեան Ապազգային Գործունէութեան Դէմ

Բողոքի Ցոյց Ազգային Ժողովին Դիմաց` Իշխանութեան Ապազգային Գործունէութեան Դէմ

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 փետրուար 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը Ազգային ժողովի շէնքին մօտ բողոքի ցոյց կատարեց` խորհրդարանի օրակարգին վրայ ներառուած շարք մը օրինագիծերու դէմ: Ցոյցին մասնակիցները նշեցին, որ իշխող մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ Հայաստանի շահերը, ինչպէս նաեւ դիտել տուին, որ անոնք եկած են «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Անուշ Բեղլոյեանին յիշեցնելու, որ ինք Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր է եւ ոչ թէ միլլի մեճլիսի,...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հրաչ Մուրատեանի  Սպանութեան Հարցով Քննութիւնը Վերսկսած Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արտահերթ Ընտրութիւնները Պէտք Չէ Ըլլան Նիկոլ Փաշինեանի Վարչապետութեամբ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ «168.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու նախանցեալ օրուան հանդիպումէն ետք իրենց ծրագիրներուն մէջ  որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած: «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը պիտի շարունակէ գործունէութիւնը, որեւէ բան չէ փոխուած, ամէն ինչ նոյնն է: Աւելի մեծ թափով պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը, մինչեւ որ հասնինք այս չարիքի` կառավարութեան հեռացման», ըսաւ Սաղաթէլեան: Ըստ ՀՅԴ...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Պէտք Է Գիտակցին,  Որ Երկխօսութեան Համար Անհրաժեշտ Է  Վստահութեան Մթնոլորտ»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Պէտք Է Գիտակցին, Որ Երկխօսութեան Համար Անհրաժեշտ Է Վստահութեան Մթնոլորտ»

Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման եւ անոր ապօրինի իւրացման նոր թափ առած քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ լիարժէքօրէն կատարելու միջազգային համաձայնագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը նշէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան` լրատուամիջոցներուն կողմէ անոր ուղղուած հարցումին ի պատասխան: Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վաճառքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց...

Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիա Նահանգը  Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը  Եւ Դատապարտած Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան

Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիա Նահանգը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը Եւ Դատապարտած Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Աւստրալիա նահանգը դարձած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցած, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան բնիկ հայերու հայրենիք ներխուժելու համար դատապարտած աւստրալիական երկրորդ նահանգը: Ճանաչման բանաձեւը որդեգրած է նահանգային խորհրդարանը: Այս բանաձեւը կը յաջորդէ հոկտեմբեր 2020-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի իրաւական յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին, որ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան նոյնպէս կոչ կ՛ուղղէ` իբրեւ տագնապի մնայուն...

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Հանրահաւաքի Կը Հրաւիրէ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ այսօր, 3 փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային ժողովի շէնքին մօտ պիտի կազմակերպէ հանրահաւաք` ձայն բարձրացնելու ապազգային իշխանութեան գործունէութեան դէմ: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ազգային ժողովի «Իմ քայլ»-ը խմբակցութիւնը կառավարութեան եւ անոր դաւաճան ղեկավարին գլխաւորութեամբ կը շարունակէ իր հակազգային, հակապետական գործունէութիւնը: «3 փետրուարին կառավարութեան նախաձեռնութեամբ պիտի գումարուի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն օրակարգին...

ՄԱԿ-ը 2 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն  Տրամադրեց Արցախի Պատերազմէն Տուժածներուն

ՄԱԿ-ը 2 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն Տրամադրեց Արցախի Պատերազմէն Տուժածներուն

ՄԱԿ-ը 2 միլիոն տոլարի չափով ֆինանսական օգնութիւն տրամադրեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր մերձակայքը վերջերս տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով Հայաստան ապաստանած մարդոց կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական աջակցութիւն հասցնելու համար: ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, այս միջոցները պիտի տրամադրուին տեղահանուած արցախցիներուն եւ զանոնք ընդունող համայնքներու առաջնային կարիքներու բարելաւման: Պատերազմին եւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք աւելի քան 90 հազար...

Անցնող 24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա»  Ժահրին Պատճառով  Արձանագրուած Են 81 Մահացածներ

Անցնող 24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Արձանագրուած Են 81 Մահացածներ

Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 2770-ի, իսկ մահացածներունը` 81-ի: Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող զարգացումները, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի փուլին մօտալուտ ըլլալու իրողութիւնը: Նշենք, որ Հասան հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Երեքշաբթի, 2 փետրուար 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որ վեհափառ հայրապետին զեկուցեց նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ ան այս ուղղութեամբ կազմուած պետական յանձնախումբին անդամ է: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը ընդգծեց նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ քաղաքական տարբեր ուժերը պէտք...

«Լեռնային Ղարաբաղի Պատերազմի Գերիները  Պէտք Է Անյապաղ Ազատ Արձակուին»  Կը Յայտարարեն ՄԱԿ-ի Փորձագէտները

«Լեռնային Ղարաբաղի Պատերազմի Գերիները Պէտք Է Անյապաղ Ազատ Արձակուին» Կը Յայտարարեն ՄԱԿ-ի Փորձագէտները

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով փորձագէտները կոչ ուղղած են` անյապաղ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին փուլի պատերազմական գերիներն ու միւս գերիները, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն յանձնելու մահացած անձերու աճիւնները, որպէսզի անոնք յուղարկաւորուին` համաձայն մշակութային աւանդութիւններու: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը: «Բոլորը, որոնք տագնապին հետեւանքով զրկուած են ազատութենէ, պէտք է վերադարձուին իրենց տունը, իսկ սպաննուածներու...

Վաղարշակ Յարութիւնեանն Ու Սերկէյ  Շոյկուն Քննարկած Են Հայ-Ռուսական  Հրամանատարական Բանակցութիւններու Արդիւնքները

Վաղարշակ Յարութիւնեանն Ու Սերկէյ Շոյկուն Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Հրամանատարական Բանակցութիւններու Արդիւնքները

Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ 1 փետրուարին տեղի ունեցած է  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ: Նախարարները քննարկած են նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած հայ-ռուսական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան ուղղութիւններով հրամանատարական բանակցութիւններու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու լուծման ընթացքը: Նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան...

Կաթողիկոսարանը Կը Շարունակէ  Իր Օժանդակութիւնը

Կաթողիկոսարանը Կը Շարունակէ Իր Օժանդակութիւնը

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ. Այսօր կաթողիկոսարանը շարունակեց Լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը: Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային եւ մշակութային կառոյցներուն վրայ: Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են: Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու ինքնաբաւ, որպէսզի անոնց աշխուժ գործունէութեամբ համայնքը դառնայ կենսունակ: Արդ, անոնք, որոնք մասնակից կը դառնան մեր կառոյցներուն...

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով`  Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ  Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ  Առնչուող Խնդիրներ

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ Առնչուող Խնդիրներ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ եւ արծարծեց հայահոծ շրջաններու, հայկական ընկերային-առողջապահական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ կապուած խնդիրներ: Նախ եւ առաջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ներկայացուց որոշ պահանջներ` հայկական կառոյցներու հետ առողջապահութեան նախարարութեան գործակցութեան եւ անհրաժեշտ օժանդակութեան վերաբերող: Ապա նկատի ունենալով Մեթնի շրջանի բնակիչներու մեծ թիւի գոյութիւնը`...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

4 hոկտեմբեր 2020-ից, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հաստատումով եւ հովանաւորութեամբ` սկսուեց Ազրպէյճանի կողմից սանձազերծած պատերազմի արդիւնքում տեղահանուած արցախցի ընտանիքների օժանդակութեան ծրագիրը, որը իրականացուեց եւ դեռ շարունակւում է մի քանի ուղղութիւններով եւ փուլերով: Ծրագիրը իրագործւում է ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի եւ անհատ նուիրատուների նուիրատուութեամբ: Ստորեւ ներկայացուած է ծրագրի արդիւնքները ամփոփուած մինչեւ 2021 թուականի յունուարի 31-ը. - Հոկտեմբեր 4, 2020-ից...

Ակնարկ.  Թրքական Թափանցումներ  Եւ Կտրուկ Անցումներ

Ակնարկ. Թրքական Թափանցումներ Եւ Կտրուկ Անցումներ

Թրիփոլի քաղաքը իւրայատուկ է յատկապէս ընկերային խնդիրներու դէմ բողոքի գործողութիւններ սանձազերծելու, արագօրէն քաղաքամէջի կեանքը անդամալուծելու, իրաւապահ մարմիններու հետ բախումներ ունենալու եւ վաճառատուներու ու հաստատութիւններու ուղղութեամբ խափանարարական աքթեր հրամցնելու առումներով: Ժողովրդային ցասումի ամէնէն թէժ օրերուն Թրիփոլիի մէջ բողոքի գործողութիւններու ոճի կտրուկ փոփոխութիւնը նախանշեց ամբողջ երկրի տարածքին Թրիփոլիի հրամցուցած ոճի որդեգրումը` յատկապէս պետութեան պատկան կեդրոններու վրայ յարձակումներ իրականացնելու առումով: Թրիփոլիի  հրապարակը շարժումի...

Նիկոլ Փաշինեան Յայտարարեց, Որ Այս Փուլին Ղարաբաղի Հարցը Դիւանագիտական Լուծում Չունի

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Նպատակն Էր Պատերազմի Պատրանքով Յանձնել Շուշին, Ու Ինքը Ատիկա Կատարած Է»

«Մենք գործ ունինք անամօթ, դաւաճան մարդու մը հետ, որ ամէն անգամ կը փորձէ ամբոխահաճութեան միջոցով բան մը ըսել, յետոյ արդարացնել, յետոյ փորձել ժողովուրդը մոլորեցնել», Շուշիի մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շաբաթ, 30 յունուարի ուղիղ եթերը այսպէս մեկնաբանեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Ակնյայտ է, որ այդ մարդու գործունէութեան պատճառով մենք կորսնցուցինք Արցախի 75 առ հարիւրը, մասնաւորապէս, նաեւ Շուշի քաղաքը:...

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Պայմանաւորուածութիւնները  Խախտուեցան Արայիկ Յարութիւնեանի Կողմէ»

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Պայմանաւորուածութիւնները Խախտուեցան Արայիկ Յարութիւնեանի Կողմէ»

Հայաստանի Հանրապետութիւնը չկրցաւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իրական դերը ստանձնել, եւ այսօր շատ լուրջ հարցականի տակ են անվտանգութեան երաշխիքները, զանոնք միայն ռուս խաղաղապահներուն ձգելը բաւարար չէ: Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը: Վերջինս վստահեցուց, որ մեր ժողովուրդը պէտք է զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման կեդրոնի, այդ երաշխաւորի դերն ու...

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի,  Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի  Փոխվարչապետներու Ժողովը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Ժողովը

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան, Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Շահին Մուսթաֆա շաբաթ, 30 յունուարին Մոսկուայի մէջ գումարած են եռակողմ աշխատանքային խումբի առաջին նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիան»` յղում կատարելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան: Նիստի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահի 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտի գործադրումէն բխող միացեալ աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս...

Page 389 of 797 1 … 388 389 390 … 797

Արխիւներ