Գլխաւոր լուրեր

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Այցելեց Լիբանան

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լիբանանցի ժողովուրդին եւ իր անունով  բարձր գնահատեց Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին քայլը` Մոհամետ պըն Ապտել Ռահմանը Լիբանան գործուղելու իմաստով: Ան շեշտեց, որ Քաթար միշտ դժուար պայմաններուն մէջ կը հասնի Լիբանանին` աւելցնելով, որ Տոհան...

Սաղաթէլեան. «Փաշինեան Պարզապէս Կեղծ  Օրակարգով Փորձած Է Շեղել Հանրութիւնը»

Սաղաթէլեան. «Փաշինեան Պարզապէս Կեղծ Օրակարգով Փորձած Է Շեղել Հանրութիւնը»

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Թերթ»-ի թղթակից Անի ԳԷորգեանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան չէ ալ ուզած արտահերթ ընտրութիւններ կայացնել, պարզապէս կեղծ օրակարգով փորձած է շեղել, խաբել հանրութիւնը` աթոռին կառչած մնալով: Ան շեշտեց, որ իշխանութիւնները պիտի չմարսեն իրենց դաւաճանական գործողութիւնները: Ըստ Սաղաթէլեանի, արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու գաղափարէն հրաժարելու 3 հիմնական...

Ըստ Հայաստանի Մէջ  Ռուսիոյ Դեսպանին`  Գերիներու Վերադարձի Հարցով  Կը Զբաղի Նախագահ Փութին

Ըստ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին` Գերիներու Վերադարձի Հարցով Կը Զբաղի Նախագահ Փութին

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին պատճառով գերեվարուած հայերու հարցով կը զբաղի անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հայ գերիներու վերադարձը 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: «Չեմ չափազանցեր, ասիկա այն հարցն է, որով անձամբ կը զբաղի մեր երկրին նախագահը, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները:...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

Ազրպէյճան ՄԻԵԴ-ի Մէջ Հայաստանի Դէմ Հայց Ներկայացուցած Է

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը հայց ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` ընդդէմ Հայաստանի: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով` հայցը, որ ներկայացուած է ոչ թէ քաղաքացիներու կողմէ, այլ երկրին կառավարութեան կողմէ, միջպետական յայտարարութիւն է եւ առաջին գործը` ընդդէմ Հայաստանի: Այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի իրաւական քաղաքականութեան եւ պետական շինարարութեան հարցերով յանձնախումբի անդամ Քամալ Ճաֆարով: Ճաֆարովի համաձայն, հայցը կը վերաբերի Լեռնային ղարաբաղի տարածքին եւ 7...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Գուժէ Ժան Օպէյտի Մահը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Գուժէ Ժան Օպէյտի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հետեւեալ գրութեամբ գուժեց երեսփոխան Ժան Օպէյտի մահը. «Լիբանան կորսնցուց ազգային մեծ անձնաւորութիւն մը, իսկ արաբական աշխարհը` արաբական դատի բուռն պաշտպաններէն մէկը: Ժան Օպէյտ քաղաքական գործիչը, մարդը, երկխօսութեան հաւատացող անձնաւորութիւնը, զարգացածն ու Լիբանանի երիտասարդութեան նկատմամբ վստահութիւն տածողը: Կորսնցուցի իսկական բարեկամ մը եւ քաղաքականութեան, պատմութեան ու քաղաքակրթութեան անկեղծ հեղինակութիւն մը: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ,...

Նախագահ Աուն Իմացաւ Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ  Գտնուող Պայթուցիկ Նիւթերը Գերմանիա  Տեղափոխելու Պատրաստակամութիւնը

Նախագահ Աուն Իմացաւ Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Գտնուող Պայթուցիկ Նիւթերը Գերմանիա Տեղափոխելու Պատրաստակամութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որմէ իմացաւ, թէ «Քոմպի լիֆթ» գերմանական ընկերութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք այդտեղ գտնուող 52 բեռնարկղ պայթուցիկ նիւթերը տեղաւորած է եւ պատրաստ է զանոնք տեղափոխելու Գերմանիա: Այս առումով Քինտըլ նախագահ Աունէն խնդրեց միջամտել, որպէսզի վերոնշեալ պէտք եղած վճարումները կատարուին, որպէսզի ան կարենայ իր աշխատանքը կատարել...

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են  Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին  Եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Հետ

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Հետ

6 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հետ: Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ նախագահէն պահանջած են թափանցիկ եւ հրապարակային ձեւով հանրութեան ներկայացնել անվտանգութեան վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ...

Վազգէն Մանուկեան. «Հզօր Եւ Բարեկեցիկ  Երկրի Գրաւականը Ուժեղ Բանակն Է Եւ Կրթութիւնը»

Վազգէն Մանուկեան. «Հզօր Եւ Բարեկեցիկ Երկրի Գրաւականը Ուժեղ Բանակն Է Եւ Կրթութիւնը»

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը տեղեկացնէ, թէ շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան շաբաթ, 6 փետրուարին կրթութեան մարզի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ քննարկած է համակարգի խնդիրներն ու տեսլականը: Քննարկման մասնակիցները կրթութեան ոլորտին մէջ մեծ փորձառութիւն եւ ներդրում ունեցող գիտնականներ ու փորձագէտներ էին, ոլորտի պետական նախարարութեան նախկին ղեկավարներ, հեղինակաւոր դպրոցներու տնօրէններ: Վերջիններս մտահոգութիւն յայտնած են կրթական համակարգի ընդհանուր վիճակի, կրթութեան նկատմամբ պետական ոչ...

Ռոպերթ Քոչարեան. «Ես Կը Վերադառնամ  Մեծ Քաղաքականութիւն»

Ռոպերթ Քոչարեան. «Ես Կը Վերադառնամ Մեծ Քաղաքականութիւն»

Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան անցնող շաբաթավերջին «Սփութնիք»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ կը վերադառնայ մեծ քաղաքականութիւն: Ըստ Քոչարեանի, հիմա «հասկնալի եւ ուժեղ անհատներու» մեծ կարիք կը  զգացուի: Ուստի նոր խորհրդարանական ընտրութիւնները երկբեւեռ պիտի ըլլան ներկայիս իշխանութեան եւ անոնց հակոտնեաներուն միջեւ: «Մարդիկ ճաշակած են ամբոխահաճութեան պտուղները, ճաշակած են գունաւոր յեղափոխութիւններու եւ անփորձ մարդոց աշխատանքի արդիւնքները: Հիմա Ճօճանակը շարժած...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի  Համաձայնագիրը` 15 Տարի Ետք

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրը` 15 Տարի Ետք

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ 6 փետրուար 2006-ին Մար Մխայել եկեղեցւոյ մէջ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը արդէն իսկ 15 տարեկան է: Այդ համաձայնագիրը եղած է հաստատուն եւ վստահելիութիւնը պահպանած` լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրելով որոշ արդիւնքներ, բայց եւ այնպէս համաձայնագիրի ստորագրութենէն 15 տարի ետք, զոյգ քաղաքական ուժերը կարիք կը տեսնեն այդ համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, անոր բովանդակած կէտերը բարեփոխելու եւ...

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան  Նախաձեռնութիւնս Տակաւին Առկայ Է»

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Նախաձեռնութիւնս Տակաւին Առկայ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է, եւ զայն յետս կոչելու հաւանականութիւններ չկան: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով ամերիկեան-ֆրանսական կեցուածքները լաւ են` աւելցնելով, որ ամերիկացիները կը զօրակցին ֆրանսական նախաձեռնութեան եւ ջանքերուն: «Բայց եւ այնպէս իբրեւ լիբանանցիներ գնդակը մեր դաշտին վրայ է, ու նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւնը...

Ակնարկ. Քաղաքական Ակնկալութիւններ

Նշանակեալ եւ ընթացիկ աշխատանքները վարող վարչապետներուն, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնին մագոգային այցելութիւնները յայտնաբար կ՛առաջադրեն կառավարութեան կազմութեան հանգուցալուծումը: Նշանակեալ վարչապետը տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու մայրաքաղաքներ այցելելով կը փորձէ կանաչ լոյսեր ապահովել, ընթացիկ գործեր վարող կառավարութեան պետը ներքին քաղաքական դաշտին մէջ համաձայնութեան ենթահող կը փորձէ ձեւաւորել, իսկ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնը ներքինին առընթեր Արաբական ծոցին մէջ կ՛աշխուժացնէ հանդիպումները` կառավարութեան կազմութեան ազդանշաններ...

Վազգէն Մանուկեան. «Այն Իշխանութիւնը,  Որ Իր Երկիրը Կը Հասցնէ Յանձնուողականութեան,  Պարտաւոր Է Հեռանալ»

Վազգէն Մանուկեան. «Այն Իշխանութիւնը, Որ Իր Երկիրը Կը Հասցնէ Յանձնուողականութեան, Պարտաւոր Է Հեռանալ»

5 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը նախաձեռնած է երիտասարդներու հանդիպում Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին հետ: «Մեր երազած պետութիւնը կառուցելու համար պէտք է հաւատք, կամք եւ աշխատանք, եւ ես կը կարծեմ` մեր երիտասարդութեան մօտ այդ ամէնը կայ, եւ մենք պիտի կարենանք այդ պետութիւնը կառուցել», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ երիտասարդութեան հետ հանդիպումին ընթացքին: Վազգէն Մանուկեան...

Արթուր Մոսիեան. «Պատասխանատուութիւն  Պիտի Կրէք, Թող Ոչ Մէկը Կասկածի»

Արթուր Մոսիեան. «Պատասխանատուութիւն Պիտի Կրէք, Թող Ոչ Մէկը Կասկածի»

4 փետրուարին տեղի ունեցած Արցախի Ազգային ժողովի հերթական նիստին Հաշուեքննիչ պալատի նախագահի ընտրութեան հարցի քննարկման ժամանակ ելոյթ ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան: Ան նշեց, թէ յոյս ունէր, որ այս աղէտալի պատերազմէն ետք մարդոց մտածելակերպին մէջ որոշ փոփոխութիւն կը կատարուի, սակայն, ցաւօք, ատիկա նկատելի չէ` աւելցնելով, որ Ազգային ժողովին կողմէ քննարկուող, սահմանադրական մարմին հանդիսացող Հաշուեքննիչ պալատի նախագահի ընտրութիւնը...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Լոքման Սլիմի Սպանութիւնը

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ դատապարտագիրը. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատպարտէ լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի սպանութիւնը` շեշտելով, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ սպանութիւններու «մշակոյթը» եւ երկրի ապահովական կայունութեան խախտումը: Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ ապահովական մարմիններուն` բացայայտելու այս անարգ ոճիրին ծալքերը: Կեդրոնական կոմիտէն կը յիշեցնէ, որ Լոքման Սլիմ զաւակն է Պէյրութի նախկին երեսփոխան,...

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ  Այն Բոլոր Աշխատանքներուն Վրայ, Որոնք  Պիտի Զարգացնեն Սփիւռքի Հայախօս  Հաւաքականութիւնը»

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ Այն Բոլոր Աշխատանքներուն Վրայ, Որոնք Պիտի Զարգացնեն Սփիւռքի Հայախօս Հաւաքականութիւնը»

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Մատթէոսեան նախ արձանագրեց, որ լեզուի եւ գրականութեան խնդիրներու քննարկումն ու արծարծումը այս օրերուն, տարբեր հանգամանքներ նկատի ունենալով յայտնուած են երկրորդական հարթակի վրայ: Զեկուցումի իբրեւ նախաբան ան սկսաւ «արեւմտահայ չապրող...

Հ. Յ. Դաշնակցութեան և Ռ. Ա. Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Ղեկավարութիւնները Միացեալ Յայտարարութեամբ Մը Կը Պահանջեն Փաշինեանի Հրաժարականը

Հ. Յ. Դաշնակցութեան և Ռ. Ա. Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Ղեկավարութիւնները Միացեալ Յայտարարութեամբ Մը Կը Պահանջեն Փաշինեանի Հրաժարականը

Պուէնոս Այրէս, ՓՐԵՆՍԱ ԱՐՄԵՆԻԱ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն և Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր պատերազմի և պարտութեան պատասխանատու կը նկատեն Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններն ու Ազգային Ժողովի մէչ մեծամասնական Իմ Քայլական պատգամաւոր խմբակցութեան անդամները: Պատերազմին պարտութեան պատասխանատու քաղաքական ղեկավարը չի կրնար պաշտպանել ազգային շահերը և ներկայացնել Հայաստանը բանակցութեան սեղանին շուրջ որովհետև թշնամիի...

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոք`  Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոք` Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց

Երէկ` հինգշաբթի, 4 փետրուարին, ՀՅԴ երիտասարդները բողոքի հաւաք կատարեցին կառավարութեան շէնքին դիմաց: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ` «Նիկոլ դաւաճան», «Դաւաճանը պէտք է հեռանայ», «Նիկոլ հեռացի՛ր» գրութիւններով: «Հայաստանի մէջ ամէն օր տեղի կ՛ունենան Նիկոլ Փաշինեանի դաւաճան կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցեր, ու մենք` իբրեւ մարդիկ, որոնք նոյն պահանջը ունին, կը մասնակցինք այդ բոլոր նախաձեռնութիւններուն», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական...

Վիթալի Բալասանեան Հերքեց Արցախի  Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման Լուրերը

Վիթալի Բալասանեան Հերքեց Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման Լուրերը

Արցախի պետական մարմինները կը զբաղին պայմանագրային հիմունքներով, արհեստավարժ ստորաբաժանումներ կազմաւորելու հարցով: Այս մասին նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Խօսակցութիւններ կան այն մասին, թէ Ստեփանակերտ քաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` պետական շէնքերուն վրայ, պիտի տեղադրուի ազրպէյճանական պետական դրօշ: Հարկ կը նկատեմ կտրականապէս հերքել այդ լուրերը: Որոշ լրատուամիջոցներու եւ  ընկերային ցանցերու մէջ լուրեր կը տարածուին, թէ Արցախի...

Ջալալ Յարութիւնեան Նշանակուեցաւ Բանակի  Ռազմական Վերահսկողութեան Ծառայութեան Պետ

Ջալալ Յարութիւնեան Նշանակուեցաւ Բանակի Ռազմական Վերահսկողութեան Ծառայութեան Պետ

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօր. Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան` աւելցնելով, որ այս պաշտօնը նախապէս կը վարէր Մովսէս Յակոբեան:  

Page 388 of 797 1 … 387 388 389 … 797

Արխիւներ