Երեքշաբթի, 23 մարտ 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն: Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց դեսպանը, թէ անդրադարձ եղած է օր մը առաջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին շրջանին մէջ եւ մասնաւորաբար Արցախի պատերազմին Թուրքիոյ դերակատարութեան: Միաժամանակ վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիան նպաստէ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին:


