Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Ընտրութիւններու Նիւթը Հասարակութեան Ուշադրութիւնը Շեղող Կեղծ Խայծ Է»

March 24, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է ներքաղաքական զարգացումներուն, խօսած է արտահերթ ընտրութիւններուն եւ շարք մը այլ հրատապ հարցերու մասին եւ ներկայացուցած է ՀՅԴ դիրքորոշումներն ու ընելիքները:

Արթուր Խաչատրեանի դիտարկումով` նախ պէտք է յստակացնել, թէ ի՛նչ ընտրութիւններու մասին է խօսքը: Ըստ անոր, Նիկոլ Փաշինեանի դիմատետրեան գրառումը պաշտօնական յայտարարութիւն կրնայ ըլլալ միայն անոր «ուսապարկերուն» համար:

«Այս ամբողջ հոլովոյթին մէջ Փաշինեանը ունի միայն մէկ ընելիք` պէտք է հրաժարական տայ: Երբ անկէ ետք ան երկու անգամ վարչապետ չընտրուի, խորհրդարանը արձակուի, երբ Հայաստանի նախագահը հրամանագիր ստորագրէ եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ընտրութիւններ նշանակէ, այդ ժամանակ նոր կարելի է խօսիլ հարցին մասին, մինչդեռ հիմա ունինք ընդամէնը գործադիր մարմինի ղեկավարի դիմատետրեան գրառում, որ անձամբ ինծի համար հիմք չէ, պաշտօնական յայտարարութիւն չէ», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը:

Ըստ Խաչատրեանի, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը նպատակադրէ փրկել հայրենիքը, որովհետեւ անիկա անկման մէջ է: Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ վարչաքաղաքական առանձին ամբողջական եւ ինքնուրոյն միաւոր, այլեւս չկայ, հետեւաբար մենք, ըստ Խաչատրեանի, կորսնցուցած ենք մեր ինքնիշխանութեան զգալի մասը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամին համոզումով` ընտրութիւններու նիւթը կեղծ խայծ է, որպէսզի հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին վերաբերող խնդիրներէն, որպէսզի հասարակութիւնը մանրադիտակով չսպասէ այն վայրկեանին, թէ ի վերջոյ ի՛նչ պիտի ըլլայ, եւ արդեօք Փաշինեան պիտի կարենա՞յ պառակտել զօրքը: Խաչատրեանի համաձայն, այս պահուն անորոշութիւնները այնքան շատ են, որ ան պարզապէս կը գերադասէ զերծ մնալ վարկածի մակարդակով բեմագրութիւններ  կատարելէ:

 

 

 

Նախորդը

Սպիտակ Տան Աղբիւրները Կը Յայտնեն Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մտադրութեան Մասին

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.