Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Խորհրդարանի Նիստին Թուրքիոյ Վաճառուած Ռազմական Սարքերուն Առնչութեամբ Հարցադրման Կ՛ենթարկուի Վարչապետ Թրուտօ

March 27, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 25 մարտի Քանատայի խորհրդարանի հերթական նիստին ընթացքին, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Չոնկ Թուրքիոյ վաճառուած քանատական ռազմական սարքերուն առնչութեամբ ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան  կողմէ հրապարակուած փաստագրական թղթածրարը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէն եւ հարց ուղղեց Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին, թէ արդեօք կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն կու տա՞յ Քանատայի շահերուն եւ արժէքներուն զինուորական սարքերու արտահանման գծով եւ պարտաւորուած կը զգա՞յ այլեւս չկրկնելու այդ անխոհեմ քայլը: Ան հարց տուաւ նաեւ, եթէ կառավարութիւնը Թուրքիոյ ռազմական սարքեր վաճառելու սխալը ընդունելու մտադրութիւն ունի՞:

Պատասխանելով Մայքըլ Չոնկի հարցումին` վարչապետ Թրուտօ յայտնեց, որ դաշնակցային կառավարութիւնը իրազեկ դառնալէ ետք, որ սարքերն ու քանատական ճարտարարուեստը կ՛օգտագործուին արցախեան պատերազմի ընթացքին, կասեցուցած է անոնց արտահանումն ու դադրեցուցած է կազմածներու վաճառքը Թուրքիոյ: Ան յայտնեց, որ զէնքերու վաճառքին գծով կառավարութիւնը հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան պարտաւորութիւնները պիտի յարգէ:

Նշենք, որ 5 հոկտեմբեր 2020-ին Քանատան յայտարարեց, թէ կը կասեցնէ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը Թուրքիոյ: Պատերազմի ընթացքին, թրքական խոցուած անօդաչու սարքերէն մէկը կը կրէր Քանատայի Պըրլինկթըն քաղաքին մէջ գործող L3Harris Wescam ընկերութեան կողմէ արտադրուած MX-15D մակնիշով թիրախաւորող տեսողական կազմասարքը:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը բազմիցս կոչ ուղղած է Քանատայի կառավարութեան` դատապարտելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնարարքներն ու դադրեցնելու զէնքի արտահանումը:

 

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտօնական Լեզուներն Են` Գրական Հայերէնը Եւ Ռուսերէնը

Յաջորդը

Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի 3 Եւ Արցախի 2 Նախկին Նախագահները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.