Հայրենիքի փրկութեան շարժումը իր ծրագիրներէն չէ հրաժարած: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան` անդրադառնալով արտահերթ ընտրութիւններու թուականի ճշդման լոյսին տակ շարժումի պահանջներուն մէջ փոփոխութիւններու հաւանականութեան:
«Նիկոլ Փաշինեանի գրառումով մը, որ ամէն վայրկեան կրնայ ջնջուիլ, խմբագրուիլ, ինչպէս շատ յաճախ եղած է, չի կրնար Հայաստանի մէջ նման կարեւոր քաղաքական գործընթաց ըլլալ, ինչպիսին համապետական ընտրութիւններն են: Հայրենիքի փրկութեան շարժումը խօսած է այն յստակ քայլերուն եւ գործողութիւններուն մասին, զորս պիտի իրականացնէ», յայտնեց Մանուկեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ շարժումի անդամներէն Բարգաւաճ Հայաստան եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները յայտարարած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու պատրաստակամութեան մասին, Մանուկեանն արձագանգեց, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ շարժումի օրակարգին մէջ փոփոխութիւն կայ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը շարունակէ պայքարը, որեւէ կուսակցութիւն չէ յայտարարած Հայրենիքի փրկութեան շարժումը լքելու մասին: ՀՅԴ-ն յայտարարած է, որ ընտրութեան օրակարգ Հայաստանի մէջ այսօր չկայ: Բարգաւաճ Հայաստան եւ Հայրենիք կուսակցութիւններուն կողմէ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելուն պատրաստակամութեան մասին յայտարարելը չի նշանակեր հրաժարիլ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջէն: Շարժումը կը շարունակէ իր գործողութիւնները` իր հիմնական օրակարգային պահանջով` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարական», հաստատեց Գեղամ Մանուկեան:



