Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Արուեստի Ֆոնտի Հիմնադրութիւն. Ցարդ Գոյացած Է 50.000 Տոլար

March 24, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, նախաձեռնութեամբ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքին, ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանի յիշատակին հաստատուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտը:

Ֆոնտի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ցուցասրահի տնօրէնը եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ: Հիմնադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան, Յակոբ Հաւաթեան, Սիլվա Թիւթիւնճեան-Էօրտեքեան եւ Քարլա Թիւթիւնճեան:

Ֆոնտը նախ եւ առաջ կը նպատակադրէ կերպարուեստի բնագաւառին մէջ արուեստասէր նորահաս սերունդի հետաքրքրութիւնները եւ տաղանդը զարգացնել` նպաստելով համապատասխան ձեռնարկներու կազմակերպման: Երկրորդ` քաջալերել երիտասարդներու աստիճանական մասնագիտացումը նոյն մարզին մէջ: Ֆոնտի եկամուտները կը կազմեն նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ` այլ նախաձեռնութիւններ:

Տարեկան իր ծրագիրներուն մէջ ֆոնտը նկատի պիտի ունենայ գեղանկարչական մրցանքներու, երիտասարդական ցուցահանդէսներու, մասթըր քլասներու կազմակերպում` հայրենի եւ այլ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, հայրենի երիտասարդ գեղանկարիչներու Լիբանանի մէջ հիւրընկալում, միջազգային երիտասարդական ցուցահանդէսներու նոր տաղանդներու մասնակցութեան հովանաւորութիւն, հայրենի եւ սփիւռքահայ երիտասարդ գեղանկարիչներու ծանօթացում, հովանաւորութիւն մանկապատանեկան հրատարակութիւններու հետ կապուած գեղարուեստական բաժինի պատրաստութեան, որ կը կատարուի երիտասարդ գեղանկարիչներու կողմէ:

Մշակուած ու հաստատուած է նաեւ ֆոնտին կանոնագրութիւնը:

Ցարդ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած է շուրջ 50.000 տոլար եւ 5 միլիոն լ.ո.:

Լիբանանէն դուրս, նուիրատուութիւնները կարելի է փոխանցել դրամատնային հետեւեալ հաշիւին.

Hamazkayin Comite Culturel Armenien
Bank Audi SAL
Acc Number: 260231 461002 019 48
Iban: LB55 0056 0000 0000 0026 0231 0048
Acc# 260231 461002 019 48
Swift code: AUDBLBBX

Լիբանանի մէջ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել  Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:

Հեռ. 01-241263

Ե-նամակ. [email protected]

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՖՈՆՏ

23 մարտ 2021

Նախորդը

1918 Թ.` Յանուն Ազգային Նպատակների Իրականացման, 2018 Թ.` Ընդդէմ Ազգային Նպատակների (Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 142-րդ Տարեդարձի Առթիւ)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.