Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Առաջին Թիւը, Որը Ցոյց Կու Տայ` Նիկոլը Պարտուած Է, Թէ Ոչ, Մասնակցութիւնը Պիտի Ըլլայ»

March 29, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այո՛, կայ տրամաբանութիւն, որ եթէ վարկանշային ընտրակարգ պահպանուի, մասնակցութիւնը պիտի աճի», այս մասին երէկ` 28 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքէն ու երթէն ետք «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:

«Եթէ ասկէ կը խուսափի իշխանութիւնը, ատիկա ոչ թէ այն պատճառով է, որ վարկանշայինի դէմ է, ան գիտէ, որ ատիկա միշտ ալ իշխանութիւններուն համար յարմար հիմք ստեղծած է: Ատիկա այն  պատճառով է, որ ան կը վախնայ մասնակցութեան տոկոսէն: Ան գիտէ, որ որքան շատ մարդ մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, այնքան իր յաղթելու առիթները քիչ պիտի ըլլան: Բայց ան հաշուի չ’առներ, որ այս ընտրութիւնները կրնան այն աստիճանի քաղաքականացուիլ, որ Նիկոլ եւ հականիկոլ բեւեռներուն մէջ պիտի կուտակուին երկու հակադիր ձայները: Ասիկա կը կոչուի փոշեկուլի ազդեցութիւն:

Քաղաքական գործօնը այնքան մեծ պիտի ըլլայ, իսկ համամասնականի պարագային քաղաքական գործօնն է հիմնական դերը  արձանագրելու, որ ասիկա պիտի չխափանէ բեւեռացման յառաջացումը: Այսինքն` կրնայ թեկնածուներու առումով մասնակցութիւնը քիչնալ, բայց քաղաքականացման առումով նորէն կրնայ մասնակցութիւնը բարձր ըլլալ», ըսաւ ան:

Ռուստամեան աւելցուց, որ եթէ վարկանշայինը վերացաւ, իսկ ՀՅԴ-ն անոր վերացման միշտ կողմ եղած է, առաջին թիւը, որ ցոյց կու տայ` Նիկոլը պարտուած է, թէ ոչ, մասնակցութեան թիւը պիտի ըլլայ. «Եթէ  մասնակցութիւնը եղաւ բարձր, ատիկա կը նշանակէ` հաստատ Նիկոլը պարտուած է», ընդգծեց ՀՅԴ անդամը:

«Ինչո՛ւ մարդիկ չեն հաւատար, որ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական պիտի տայ, որովհետեւ հրաժարական տալէ ետք, ըստ էութեան, գործընթացները  իր վերահսկողութենէն դուրս պիտի գան», նշեց Արմէն Ռուստամեանը:

Ռուստամեան վստահութիւն յայտնեց, որ ժողովուրդը պիտի չընտրէ Նիկոլ Փաշինեանը. «Ես անոր վերընտրուիլը շատ անհաւանական կը նկատեմ: Կը մնայ վերարտադրուիլը` օգտագործելով բոլոր լծակները, կեղծիքներու ամբողջ մեքանիզմները», ըսաւ Ռուստամեան:

Արմէն Ռուստամեան չբացառեց, որ ընտրութիւններու ժամանակ համաձայնութիւն գոյանայ Ռոպերթ Քոչարեանի շուրջ:

Անդրադառնալով ճամբաներու ապաշրջափակման` ան նշեց. «ճամբաներու բացուիլը լուրջ սպառնալիք պիտի յառաջացնէ Հայաստանի համար: Վրաստանի օրինակը թող բոլորը տեսնեն, որ ազգային առումով Վրաստանէն շատ քիչ բան մնացած է: Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը ուղղակի կերած է վրացական տնտեսութիւնը: Պուլկարիոյ օրինակը կրնան նայիլ, թէ ինչպէս ազգային տնտեսութիւնը ծունկի եկած է: Մեր գիւղատնտեսութիւնը պիտի մեռնի, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ճամբաներու բացման: Բայց անոնց ատիկա չի հետաքրքրեր, իրենք դուրսէն ղեկավարուող ուժեր են: Այո՛, օտարներուն ձեռք կը տրուի, որ Հայաստանը կորսնցնէ իր ինքնուրոյն դերակատարութիւնը, Ռուսիան դուրս մղուի այստեղէն: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի յայտարարութիւնը այդ տրամաբանութեան մէջ կը տեսնեմ: Իրենք խնդիր ունին Հայաստանը թրքացնելու», ըսաւ Ռուստամեան:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան»-ի առաջին քայլը առանց Նիկոլ ընտրութիւններ կազմակերպելն է, հաստատեց Արմէն Ռուստամեան:

 

Նախորդը

«Ապրիլին Հրաժարական Պիտի Տամ, Որպէսզի Տեղի Ունենան Արտահերթ Ընտրութիւններ» Ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Համապետական Հանրահաւաքը` Բաղրամեան-Դեմիրճեան Փողոցներուն Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.