Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հսկայածաւալ Հանրահաւաքին Ընթացքին Ազդարարուեցաւ Ամէնօրեայ Անդադրում Անհնազանդութեան Շարժումներու Մեկնարկը
Յառաջիկային Համահայկական Ներկայացուցչական Մեծ Ֆորում` Հայաստանի Վերելքի Ծրագիրը Մշակելու Համար Շաբաթ, 20 փետրուարին, Ազատութեան հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հսկայածաւալ հանրահաւաքը: Օրը պատահական չէր ընտրուած` 1988-ին, նոյն օրը սկիզբ առաւ արցախեան շարժումը: Հանրահաւաքին եկած քաղաքացիները կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքին սկիզբը ընդգծեց, որ յուզիչ օր է, քանի որ 33 տարի...




















