Ակնարկ. Գլխաւոր Շտաբի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը իբրեւ ռազմական յեղաշրջման փորձ մեկնաբանելը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Զինուորական յեղաշրջումը ընդհանրապէս կը կատարուի յանկարծակի, պետական շէնքերու համապատասխան գերատեսչութիւններու կեդրոններու գրաւումով եւ ապա այդ բոլորին բացատրութիւնը փոխանցող յայտարարութիւններով։ Երբ որեւէ գործողութիւն չէ արձանագրուած, որեւէ զինուորական տեղաշարժ չէ կատարուած, ապա ռազմական յեղաշրջումի փորձի ամբաստանութիւն կատարելը առնուազն հեռու է իրականութենէ եւ բնականաբար այլ նպատակ կը հետապնդէ։...




















