Երէկ` ուրբաթ, 9 ապրիլին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի կազմակերպած հանդիպումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հրազդանի մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «9 նոյեմբերի խայտառակ պարտուողական յայտարարութեան յաջորդ օրն իսկ կազմակերպեցինք հանրահաւաք եւ պահանջեցինք իշխանութեան հեռացումը, որովհետեւ այս իշխանութեան հեռանալու պարագային կարելի է նոյնիսկ այդ` 9 նոյեմբերի խայտառակ փաստաթուղթին մէջ ուղղումներ կատարել, ինչ որ բաներ փոխել»:
Իշխան Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ նախորդ տարուան ընթացքին բազմիցս զգուշացուցած էին, որ երկրի իշխանութեան ղեկին յայտնուած այս խմբակը մեր երկիրը պիտի տանի կործանման, եւ, ցաւօք, ատոր մէկ մասը արդէն իրականութիւն է:
«Ի՞նչ տեղի ունեցաւ. նախ` պայքար ազգային արժէքներուն դէմ, եկեղեցւոյ, հայոց լեզուի, մշակոյթի, կեղծ խաղաղասիրական տարբեր լոզունգներու տակ հասարակութիւնը բաժնեցին սեւերու, սպիտակներու, այս ատելութիւնը, որ Հայաստանի մէջ կայ երբեք այս մակարդակի չէ եղած, նաեւ յստակ պայքարելով բանակին դէմ, չտիրապետելով բանակի եւ ռազմաճակատի իրավիճակին բերին, հասցուցին պատերազմի: Իսկ պատերազմի ընթացքին ցուցաբերեցին դաւաճանութիւն, անգործութիւն, եւ ասոր առնչութեամբ կան հրապարակուած բազմաթիւ փաստեր, որոնք հասցուցին այս վիճակին», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան դիտել տուաւ, որ հակառակ անցնող ամիսներուն կազմակերպուած բազմաթիւ շարժումներուն, բողոքի ցոյցերուն, հանրահաւաքներուն, որոնց զուգահեռ արձանագրուած են բազմաթիւ քրէական գործեր, ձերբակալութիւններ, քաղաքացիներու նկատմամբ հետապնդումներ, բայց եւ այնպէս փաստը այն է, որ այսօր այս իշխանութիւնը տակաւին հեռացուած չէ:
«Մեզ յաճախ կը մեղադրեն, որ շատ կտրուկ, ծայրայեղ քայլերու չենք դիմեր այս իշխանութիւնը հեռացնելու հարցով, բայց մենք մեր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին առաջնորդուած ենք կարեւոր սկզբունքով մը, որ վերջապէս իրենք չեն մտածեր մեր երկրին մասին, իրենք չեն մտածեր նոր արիւնահեղութեան, քաղաքացիական պատերազմի, երկիրը նոր ցնցումներու տանելու մասին, բայց մենք միշտ հաշուի առած ենք այդ ամէնը, որովհետեւ գլխաւոր նպատակը զանոնք հեռացնելը չէ, գլխաւոր նպատակը երկիրը փրկելն է: Անոնք պարզապէս խոչընդոտ են, ուռուցք են այդ ճամբուն վրայ, եւ այդ ուռուցքէն պէտք է ուշ կամ կանուխ ազատիլ», շեշտեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան նկատել տուաւ, որ այս իշխանութիւնները ներկայիս ալ հանդէս եկան ընտրութիւններ կայացնելու յայտարարութեամբ, ինչ որ Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս փաստ չի նկատեր, որ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին մէջ ընդգրկուած են աւելի քան 17 կուսակցութիւններ, տարբեր անհատներ, եւ ամէն մէկը տարբեր մօտեցում ունի. շարժումի որոշ ուժեր յայտարարած են, որ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն եւ այդ միջոցով այս իշխանութիւնները հեռացնեն, իսկ որոշ ուժեր, օրինակ` Դաշնակցութիւնը, յայտարարած են, որ իրենց դիրքորոշումը կը յայտնեն այն ժամանակ, երբ ճշդուին այդ ընտրութիւնները:
«Մենք կը պնդենք, որ ճիշդը` այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան այլ վարչապետի կազմակերպութեամբ, այսինքն, կազմակերպութեամբ մարդու մը, որ այդ ընտրութիւններուն յատուկ շահագրգռուածութիւն չունի եւ այդ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ», ըսաւ ան, մանաւանդ որ գործադիր իշխանութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ պետական բոլոր լծակները օգտագործելու իր ընտրութեան համար:
«Այս իմաստով այն, ինչ որ մենք առաջարկած էինք, որ այս իշխանութեան հեռացումէն ետք պէտք է ըլլայ ժամանակաւոր կառավարութիւն` Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, որ չմասնակցի յաջորդ ընտրութիւններուն, եւ շահագրգիռ կ՛ըլլայ արդար, թափանցիկ ընտրութիւններ կազմակերպելու: Բայց իրենք այլ ճամբով կ՛ընթանան` վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, Ազգային ժողովը լուծարուի, բայց կառավարութիւնը եւ վարչապետը շարունակեն պաշտօնավարել: Արդէն մեզի համար ակնյայտ է, որ, այս քաղաքէն սկսեալ, մինչեւ ամբողջ հանրապետութիւն` մարզպետներ, նախարարներ, պետական պաշտօնեաներ, լծուած են ընտրութիւնները կազմակերպելու աշխատանքին, իրենց բուն խնդիրները, պարտականութիւնները, մեր երկրի բազմաթիւ հոգերը ձգած` ամբողջ պետական կառոյցը լծած են ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ վերարտադրուելու համար», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան ընդգծեց, որ այդ ընտրութիւնները կրնան ըլլալ ոչ թէ երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու միջոց, այլ այդ ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ ճգնաժամը աւելի պիտի խորանայ, որովհետեւ ակնյայտ է, որ Փաշինեան այդ աթոռէն պիտի չբաժնուի, պատրաստ է ամէն ինչ տալու, բացի այդ աթոռէն:
Սաղաթէլեան վստահեցուց, որ այնքան ատեն որ Նիկոլ Փաշինեանը կայ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կայ:






