Գլխաւոր լուրեր

Վազգէն Մանուկեան. «Փաշինեան Ինչպէ՞ս  Կրնայ Շարունակել Հայաստանի Ղեկավարութիւնը»

Վազգէն Մանուկեան. «Փաշինեան Ինչպէ՞ս Կրնայ Շարունակել Հայաստանի Ղեկավարութիւնը»

Երէկ` երկուշաբթի, 15 փետրուարին Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան «Ազատութեան» հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիներուն հետ: Ան դիտել տուաւ, որ 20 փետրուարին տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ոստիկանները ուժ պիտի չկիրարկեն, «քանի որ այնքան մեծ հանրահաւաք պիտի ըլլայ, որ ոստիկանական ուժերը բաւարար պիտի չըլլան», որովհետեւ մենք ունեցած ենք սարսափելի խայտառակ պարտութիւն պատերազմին ընթացքին, անկէ ետք ստորագրուեցաւ խայտառակ համաձայնագիր, բայց...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Որեւէ  Կապ Պէտք Չէ Ունենայ Ընտրութիւններուն Հետ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանը Որեւէ Կապ Պէտք Չէ Ունենայ Ընտրութիւններուն Հետ»

Երէկ` երկուշաբթի, 15 փետրուար 2021-ին, «Ազատութեան» հրապարակին վրայ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի կազմակերպած քաղաքացիներուն հետ հանդիպումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն հետ զրուցելով յայտնեց, որ ահաւոր անվստահութիւն կայ կառավարութեան նկատմամբ, որ միշտ կը ստէ ժողովուրդին: «Ասիկա սուտասաններու, չարիքի կառավարութիւն է, իսկ մեր շարժումը կը շարունակուի, 20 փետրուարին տեղի պիտի ունենան մեր գլխաւոր հաւաքը, բողոքի, անհնազանդութեան շարժումները Երեւանի մէջ...

Սերժ Սարգսեան. «Մենք Երբեք Չենք Բանակցած Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Տանք, Մենք Միշտ  Բանակցած Ենք Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Ստանանք»

Սերժ Սարգսեան. «Մենք Երբեք Չենք Բանակցած Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Տանք, Մենք Միշտ Բանակցած Ենք Այն Մասին, Թէ Մենք Ի՛նչ Պիտի Ստանանք»

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց տուած է «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին, արցախեան վերջին պատերազմին Հայաստանի դիւանագիտական եւ ռազմաքաղաքական ձախողութիւններուն` յանձնուողականութեան պատճառներուն եւ հետեւանքներուն: Լրագրողի հարցումին` «Նիկոլ Փաշինեանը քանի մը անգամ յայտարարած է, որ ձեզմէ իբրեւ ժառանգութիւն ստացած է բանակցային փաթեթ մը, որուն հետ բովանդակային բանակցութիւններ սկսիլ կամ շարունակելը արդէն իսկ կարելի չէր: Այդ...

«Կառավարութիւնը Աւելի Լուրջ Մօտեցում  Պէտք Է Ցուցաբերէ Լիբանանի Երիտասարդութիւնը  Եւ Մարմնակրթութիւնը Ներկայացնող  Այս Նախարարութեան Նկատմամբ»  Կ՛ըսէ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

«Կառավարութիւնը Աւելի Լուրջ Մօտեցում Պէտք Է Ցուցաբերէ Լիբանանի Երիտասարդութիւնը Եւ Մարմնակրթութիւնը Ներկայացնող Այս Նախարարութեան Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անցեալ շաբաթավերջին նախարարութեան գործունէութեան, պարզած ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Նահար ուեպ թի. վի.»-ի հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ նախարարութեան մէջ իր փորձառութիւնը իսկական առումով վեց ամսուան փորձառութիւն է` նկատի ունենալով կառավարութեան պաշտօնական իշխանութեան տեւողութիւնը: Ան հաստատեց, որ նախարարութեան ստանձնումէն ամիս մը ետք արդէն իսկ «Քորոնա» ժահրի...

Համագործակցութեան Յուշագիր` Հայաստանի  Ազգային Գրադարանին Եւ «Ազդակ»-ի Միջեւ

Համագործակցութեան Յուշագիր` Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ «Ազդակ»-ի Միջեւ

Երէկ` երկուշաբթի, 15 փետրուար 2021-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր` համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովման, միացեալ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպման, մամուլի թուային պատճէններու փոխանակման, մասնագէտներու փոխադարձ այցելութիւններու, թուայնացման միացեալ ծրագիրներու իրականացման, «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան կազմութեան, «Հայկական շարունակական հրատարակութիւններ» շտեմարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի ներգրաւման հարցերուն շուրջ: Յուշագիրը ստորագրելէ ետք Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա...

Առանձնացած Յոբելեարը

Երբ Ձուկերը Ցամաք Ելան

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Այս ի՞նչ տարօրինակ վերնագիր է» մտածեցիք վստահաբար: Խօսքը ձկան ծովէն դուրս գալու մասին է: Ձուկը ինչպէ՞ս ծովէն (կամ պարզապէս՝ ջուրէն) դուրս պիտի ելլէ, ինչո՞ւ պիտի ելլէ. կը մեռնի, այսինքն ան կը մեղանչէ բնութեան հիմնական օրէնքին՝ կեանքի ինքնապահպանման սկզբունքին դէմ. սկզբունք եւ օրէնք, որոնք հաւասարապէս ի զօրու են բոլոր էակներու, բուսական թէ անասնական, ինչպէս նաեւ մարդկային մտքին եւ հոգիին...

Ճրագներով Երթ` Արցախեան Շարժման Օրուան  Առիթով Եւ Պատերազմին Նահատակուած  Զինուորներու Յիշատակին

Ճրագներով Երթ` Արցախեան Շարժման Օրուան Առիթով Եւ Պատերազմին Նահատակուած Զինուորներու Յիշատակին

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, 13 փետրուարին կազմակերպուած է ճրագներով երթ` Արցախեան շարժման օրուան առիթով եւ պատերազմի ընթացքին նահատակուած զինուորներու յիշատակին: Ընտրուած օրը պատահական չէր` 33 տարի առաջ նոյն օրը Ստեփանակերտի մէջ կայացած է արցախեան գոյապայքարի առաջին հանրահաւաքը: «Երթ խոնարհումի եւ հպարտութեան» խորագիրով ձեռնարկը մեկնարկած է Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն դէպի Եղբայրական գերեզմանատուն: Երթը պահ մը կանգ առած է...

Հայաստանի Մէջ Երկրաշարժ.  Երեւանի Մէջ Ցնցումի Ուժգնութիւնը Կազմած Է 5-6 Պալ

Հայաստանի Մէջ Երկրաշարժ. Երեւանի Մէջ Ցնցումի Ուժգնութիւնը Կազմած Է 5-6 Պալ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 13 փետրուար 2021-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 15:29-ին, Երեւան քաղաքէն 8 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք (Նուպարաշէն վարչական շրջանէն մօտ 2 քիլոմեթր հիւսիս) արձանագրուած է երկրաշարժ: Երկրաշարժի կեդրոնին մէջ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 պալ: Երկրաշարժը արձանագրուած է Երեւան քաղաքին մէջ` 5-6 պալ ուժգնութեամբ, Արագածոտնի, Արարատի, Շիրակի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ` 3-4 պալ ուժգնութեամբ:...

Դատական Նիստ Նշանակուած Է  Պետական Դաւաճանութեան Հարցով

Դատական Նիստ Նշանակուած Է Պետական Դաւաճանութեան Հարցով

Հայաստանի Հանրապետութեան փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զոհրաբեանը գրած է. «Ինչպէս տեղեկացրել էի, Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութեան անգործութեան վերաբերեալ բողոք էինք ներկայացրել դատարան: Բողոքի քննութիւնը նշանակուել է 15 փետրուար 2021-ին (երկուշաբթի) ժամը 10:30-ին` Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանում (ք.Երեւան, Նոր նորքի 4-րդ զանգուած Գիւլիքեւխեան փող. 20, թիւ 2 դահլիճ, դատաւոր` Հ.Մանուկեան) Յ.Գ. Յիշեցնում եմ, որ 2020...

«Կը Մաղթենք ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պատասխանատու  Չնկատել Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթին Դիմագրաւած Արգելքներուն»  Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

«Կը Մաղթենք ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պատասխանատու Չնկատել Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Դիմագրաւած Արգելքներուն» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյցներու ընթացքին անդրադարձաւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւններուն, որոնց լոյսին տակ մաղթեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու չնկատուի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած արգելքներուն: Ան աւելցուց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կը ներկայացուի ճշդուած չափանիշներուն համաձայն: «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի...

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 16-րդ Տարելիցը  Կը Վերածուի Անոր Զաւկին` Նշանակուած Վարչապետին  Եւ Հանրապետութեան Նախագահին  Միջեւ Ցեխարձակումներու Արշաւի

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 16-րդ Տարելիցը Կը Վերածուի Անոր Զաւկին` Նշանակուած Վարչապետին Եւ Հանրապետութեան Նախագահին Միջեւ Ցեխարձակումներու Արշաւի

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 16-րդ տարելիցին առիթով երէկ կէսօրին Պէյրութի Սեն Ժորժ համալիրին դիմաց` Հարիրիի սպանութեան վայրին մէջ տեղադրուած ջահը վառեցաւ, ներկայութեամբ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի: Այս առիթով Իթանի յայտնեց, որ 16 տարի առաջ ոճրագործներ փորձեցին Լիբանանի դիմագիծը փոխել` սպաննելով Ռաֆիք Հարիրին, «սակայն բարգաւաճման ընթացքը կը շարունակուի Սաատ Հարիրիի քայլերով, եւ մեր յոյսն է, որ Սաատ Հարիրի շարունակէ իր...

Հաւաք-Քննարկում` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ.  Իշխանութիւնը Փոխելու Հանրային Պահանջ Կայ

Հաւաք-Քննարկում` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ. Իշխանութիւնը Փոխելու Հանրային Պահանջ Կայ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ` 12 փետրուարին տեղի ունեցաւ հաւաք-քննարկում, որուն ընթացքին Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այս հաւաքը շարժման հետ կապ չունի, ասիկա իր անձնական նախաձեռնութիւնն է, իսկ 20 փետրուարին մեծ հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ: «Հրատապ իրավիճակ եղաւ, պարզուեցաւ, թէ ի՛նչ կը կատարուի  Սիւնիքի մէջ, պարզուեցաւ, որ մեր մէջքին...

Հաղորդագրութիւն .  Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի  Ընտրութեան Մասին

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Այվազեանի Հնչեցուցած Դիրքորոշումին Վերաբերեալ

10 փետրուար 2021-ին, Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարը արել է յայտարարութիւններ, որոնք Հայ դատի Կենտրոնական խորհրդի մօտ լուրջ մտահոգութիւնների տեղիք են տուել: Մասնաւորապէս, նախարարը յայտարարել է. «Թուրքիան միջազգային հանրութեան ճնշման ներքոյ հետզհետէ պէտք է վերադառնայ բնականոն գործընթացի, եւ, նախ եւ առաջ, խօսքը գնում է այն մասին, որ այլեւս պատճառ չկայ Հայաստանի հանդէպ կիրառելու շրջափակում:...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մեկնաբանութիւնը` ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութեան Մասին

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մեկնաբանութիւնը` ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութեան Մասին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան հետեւեալ մեկնաբանութիւնը տարածեց` 11 փետրուարին ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդին հրապարակած յայտարարութեան վերաբերեալ: «Այսօր ՀՅԴ Հայ դատի Կենտրոնական խորհուրդը հանդէս է եկել յայտարարութեամբ, որտեղ հնչեցուել են մտահոգութիւններ տարածաշրջանային հարցերի, մասնաւորապէս Թուրքիայի հանդէպ Հայաստանի մօտեցումների վերաբերեալ: Նախ եւ առաջ կ’ուզենայինք շեշտել, որ բարձր ենք գնահատում Հայ դատի գրասենեակների եւ յանձնախմբերի հետ Հայաստանի արտաքին...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Կապուած Հարցեր

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Կապուած Հարցեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 11 փետրուար 2021-ին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի նախագահ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքը` կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած արտաքին այցելութիւններուն մասին:

Խմբագրական.  Պարտութիւնը Յաղթանակի Վերածելու Համար (Վարդանանց Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Պարտութիւնը Յաղթանակի Վերածելու Համար (Վարդանանց Օրուան Առիթով)

Այս տարուան Վարդանանց նշումները աւելի քան այժմէական խորհուրդ կը ներառեն: Վարդանանցի բարոյական յաղթանակի իմաստը ժողովուրդի բարոյահոգեբանական իրավիճակին, դաւանած կրօնական-ազգային արժէքաբանութեան եւ համազգային սկզբունքներէ անզիջողական կեցուածքին կը վերաբերին շեշտակիօրէն: Հակառակ պարտութեան, բազմաթիւ զոհերուն, պարսկական տիրապետութեան, անիկա ժողովուրդի հաւատքի անսասանութեան կը վերաբերէր: Հիմնական առանցքը` ռազմաքաղաքական-կրօնական ղեկավարութիւն-ժողովուրդ մէկ ամբողջութիւն դարձած գոյաբանական երեւոյթն էր: Նոյնիսկ պատումնային  բաժինին մէջ կայ կարեւոր ազգային խորհուրդ` դասալքութիւնը ժողովրդային...

Հայաստան Տեղեակ Պահուած Է Հայաստանի  Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն  Համաձայնագիրի Վաւերացման  Հոլովոյթի Աւարտին Մասին

Հայաստան Տեղեակ Պահուած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Հոլովոյթի Աւարտին Մասին

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2021-ին, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը տեղեակ պահեց` Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթի աւարտին մասին: Համաձայնագիրը լիարժէքօրէն ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 մարտ 2021-էն: Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այս համաձայնագիրը նոր` գործընկերային մակարդակի կը բարձրացնէ Հայաստանի...

ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Գլխաւոր Դատախազի  Թեկնածու Գուրգէն Ներսիսեանի Հետ

ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Գլխաւոր Դատախազի Թեկնածու Գուրգէն Ներսիսեանի Հետ

«Ապառաժ» կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահին կողմէ առաջադրուած գլխաւոր դատախազի թեկնածու Գուրգէն Ներսիսեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան դատախազութեան եւ դատաիրաւական հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ դատախազութեան դերը օրինականութեան կայացման եւ յատկապէս յետպատերազմեան փուլին տարհանուածներու, պատերազմի մասնակիցներու, վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ թշնամիին կողմէ գերեվարուած մեր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ:

Արա Այվազեան. «Թուրքիան Այլեւս Որեւէ Պատճառ  Չունի Սահմանը Փակ Պահելու Հայաստանի Հետ»

Արա Այվազեան. «Թուրքիան Այլեւս Որեւէ Պատճառ Չունի Սահմանը Փակ Պահելու Հայաստանի Հետ»

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2021-ին, Ազգային ժողովի նիստին, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Սիմոնեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին: Սիմոնեան հարցուց` Սիւնիքի հատուածին մէջ պիտի ըլլայ նոյնպիսի՞ շփման գիծ, ինչպիսին եղած է Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանին, թէ՞ պիտի ունենանք այլ տրամաբանութեամբ կառուցուած սահման, ինչպիսին, օրինակ, Թուրքիոյ հետ է: Սիմոնեան հարցուց, թէ արդեօք Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, բացառութեամբ 10 նոյեմբերի...

Page 387 of 797 1 … 386 387 388 … 797

Արխիւներ