Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Հոգեւոր Տիրոջ Միջեւ

October 13, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ միջեւ:

Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը իբրեւ հոգեւոր պետ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ յոյս յայտնեց, որ մօտէն ճանչցած ըլլալով հոգեւոր տէրը` գործակցական ոգիով ու նուիրեալ ծառայութեամբ իր կարեւոր նպաստը պիտի բերէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնականութեան ամրապնդման:

Իր կարգին, հոգեւոր տէրը իր հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին բարեմաղթութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ մօտէն ճանչնալով վեհափառ հայրապետը, ծանօթ ըլլալով անոր միջեկեղեցական հարուստ փորձառութեան եւ Վատիկանի հետ ունեցած սերտ կապերուն` վստահեցուց, որ պատրիարքութեան գործակցութիւնը նոյն ոգիով պիտի շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ:

Ապա, աւելի քան ժամ մը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրոյց տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ:

Յայտնենք, որ հանդիպման վեհափառին կողքին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Վենեզուելայի հոգեւոր տեսուչ Կոմիտաս արք. Օհանեան, կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ վեհափառ հայրապետի գաւազանակիր Սարգիս աբղյ. Աբրահամեան: Իսկ հոգեւոր տիրոջ կողքին ներկայ էին Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ ծառայող հոգեւորականներ:

 

Նախորդը

Ֆանարի Ակումբին Մէջ. Առցանց Դասաւանդութեան Մասին Շահեկան Եւ Այժմէական Զրոյց

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Փրկութեան Առաջնահերթութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.