Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռոմի Պապը Ընդունեց Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանը

Հոկտեմբեր 12, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վատիկան Նիուզ»-ը, յղում կատարելով Վատիկանի մամլոյ ծառայութեան, տեղեկացուց, որ երէկ` երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021-ին, Վատիկանի մէջ Հռոմի Ֆրանսչիսկոս պապը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը, ապա նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի արքեպիսկոպոսին հետ:

«Ջերմ քննարկումներու ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Սուրբ Աթոռի եւ քրիստոնէական հնագոյն աւանդութիւններով երկրի` Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերող հարցերը: Կողմերը կեդրոնացան նաեւ միջազգային եւ շրջանային քաղաքականութեան հարցերուն վրայ», նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռին հետ միջպետական յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու Հայաստանի շահագրգռութիւնն ու յանձնառութիւնը` նշելով, որ այդ յարաբերութիւնները միշտ ուշադրութիւն գրաւած են բարձր քաղաքական երկխօսութեամբ եւ հիմնուած են ոչ միայն քրիստոնէական արժէքներուն, այլ նաեւ ընդհանուր պատմական ու հոգեւոր ժառանգութեան, ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ համանման մօտեցումներուն վրայ:

Իսկ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ հանրապետութեան նախագահը իր կնոջ հետ Վատիկանի մէջ այցելեց Սուրբ Պետրոսի մայր տաճար, շրջեցաւ տաճարին մէջ, դիտեց տաճարի արտաքին որմնախորշին մէջ տեղադրուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը: Ան նաեւ այցելեց եւ ծաղիկներ զետեղեց Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղադրուած հայ ժողովուրդի մեծ զաւակ, Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանին: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Գրիգոր Նարեկացին ու անոր ձգած ժառանգութիւնը քրիստոնեայ երկու համայնքներու համերաշխութեան յաւերժական խորհրդանիշ են:

Նախորդը

Ապտոլլահեան Մօտիկ Ապագային Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Ակնարկ. Արտալիբանանեան Օրակարգեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?