Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան. «Համախմբուելու,  Մեր Երկիրն Ու Պետականութիւնը Ոչնչացման  Վտանգէն Փրկելու Հրամայականը  Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Համախմբուելու, Մեր Երկիրն Ու Պետականութիւնը Ոչնչացման Վտանգէն Փրկելու Հրամայականը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Սիրելի՛ հայրենակիցներ Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուց յետոյ հայ ժողովրդի նկատմամբ սանձազերծել է հերթական յանցագործութիւնը` փակելով կենսական նշանակութեան ճանապարհները` Հայաստանի հարաւում ստեղծելով մարդկային-մարդասիրական ճգնաժամ: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների պարտուողական քաղաքականութիւնը, տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելու, բայց իրականում նոր յանձնուողական համաձայնագրի գնալու ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան միակողմանի...

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու  Վարչապետի Պաշտօնը, Իսկ Միքաթի Կը Հաստատէ,  Որ Իր Հրաժարականը Տակաւին Օրակարգի Վրայ Չէ

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Վարչապետի Պաշտօնը, Իսկ Միքաթի Կը Հաստատէ, Որ Իր Հրաժարականը Տակաւին Օրակարգի Վրայ Չէ

Կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները շարունակելու իմաստով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպում չէր ճշդած` նշելով, որ խորհրդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են: Երեկոյեան Միքաթի «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իր հրաժարականը տակաւին օրակարգի վրայ չէ: Ան նկատել տուաւ, որ ինք հաստատ պիտի չբացայայտէ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքները, որովհետեւ այդ պարտականութեան լուրջ...

Հաղորդագրութիւն

Աւարտեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային ԻԷ. Ժողովը

Չորեքշաբթի, 25 օգոստոս 2021-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի Շրջանային ԻԷ. Ժողովը, որուն մասնակցեցան պատգամաւորներ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի տարածքային թէ մասնագիտական մասնաճիւղերէն, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներէն: Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները: Ժողովին բացումը կատարուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յիշատակ նախորդ երկամեակին մահացած համազգայնականներուն, Համազգայինի...

Ազրպէյճան Փակած Է Կապան-Գորիս  Ճամբու Կարմրաքար-Շուռնուխ Հատուածը

Ազրպէյճան Փակած Է Կապան-Գորիս Ճամբու Կարմրաքար-Շուռնուխ Հատուածը

Չորեքշաբթի, 25 օգոստոս 2021-ի երեկոյեան Ազրպէյճան փակեց Կապան-Գորիս միջպետական ճամբու Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածը: Անիկա փակ մնաց նաեւ 26 օգոստոսին: Գորիս-Կապան ճամբուն փակումով Շուռնուխ, Որոտան, Բարձրաւան գիւղերը զրկուեցան Գորիսին եւ Կապանին կապող հիմնական ուղիներէն, իսկ այլընտրանքային ճամբաներ չկան այս կացութեան մէջ: Շուռնուխի գիւղապետ Յակոբ Արշակեան դիտել տուաւ, որ իրենք շրջափակուած են. «Հիմա սահմանապահ զօրքերուն հետ կը քննարկենք այլընտրանքային ճամբու հարցը, որով գոնէ...

Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը  Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան.  Ազգային Ժողովը Ընդունեց  Հայաստանի Կառավարութեան Ծրագիրը

Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան. Ազգային Ժողովը Ընդունեց Հայաստանի Կառավարութեան Ծրագիրը

Երէկ` հինգշաբթի, 26 օգոստոսին, Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընդունեց կառավարութեան 2021-2026-ի գործունէութեան ծրագիրը: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը` 70 թեր ձայներ տալով ծրագիրին, որուն եռօրեայ քննարկումը կայացաւ բուռն վէճերու  մթնոլորտի մէջ: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` «Հայաստան»-ն ու «Պատիւ ունեմ»-ը, որոնք իրենց ելոյթներուն ընթացքին շեշտեցին, որ կառավարութեան այս ծրագիրը չի համապատասխաներ պետութեան խնդիրներուն, քուէարկութեան չմասնակցեցան, այլ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի ներկայացուցիչի ելոյթէն եւ վարչապետ...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքներու Միացեալ Յայտարարութիւնը

24-26 օգոստոսին Ազգային ժողովում քննարկուեց եւ իշխող ուժի կողմից ընդունուեց կառավարութեան, այսպէս կոչուած, ծրագիրը, որն առկայ ծայրայեղ մարտահրաւէրների վերաբերեալ կիրառական լուծումներ չէր պարունակում, աւելի՛ն` պարունակում է լուրջ վտանգներ: Քննարկման ընթացքում բարձրացուեցին հանրութեանը յուզող մի շարք հարցեր, որոնց հիմնականում տրուեցին իշխանութիւններին բնորոշ` սուտ կամ խուսափողական պատասխաններ: Աւելի՛ն` օգոստոսի 25-ին, իշխանական խմբի կողմից նախապէս ծրագրուած ուղղակի խուլիկանական, քրէօրէն հետապնդելի արարքներ տեղի ունեցան...

Միքաթի Պաապտայէն Մեկնեցաւ Ըսելով.  «Աստուծմէ Բարին, Աստուծմէ Բարին»

Միքաթի Պաապտայէն Մեկնեցաւ Ըսելով. «Աստուծմէ Բարին, Աստուծմէ Բարին»

Կառավարութեան կազմութեան ջանքերը շարունակելու շրջագիծին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 4:00-ին այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Շուրջ 40 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք, վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու եւ բաւարարուեցաւ ըսելով. «Աստուծմէ բարին, Աստուծմէ բարին»: Միւս կողմէ, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան տնտեսական հարցերու նախարարական յանձնախումբը երէկ նիստ մը գումարեց`...

Նախագահ Աուն Ժոզեֆ Պորելէն  Կը Ստանձնէ Հրատապ Նամակ Մը

Նախագահ Աուն Ժոզեֆ Պորելէն Կը Ստանձնէ Հրատապ Նամակ Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որ նախագահ Աունին յանձնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելի յղած նամակը: Հանդիպումէն ետք Թրաֆ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը իր նամակին ընդմէջէն կոչ ուղղեց նախագահ Աունին եւ լիբանանեան քաղաքական դասակարգին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, ինչպէս...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները խստօրէն դատապարտում են Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ բռնութիւնն Ազգային ժողովի պատգամաւորների նկատմամբ: Արձանագրում ենք, որ օգոստոսի 24-ը դառնալու է խորհրդարանական պատմութեան ամենաամօթալի էջերից մէկը, երբ, իրենց իշխանութիւն հռչակած մի խումբ անձանց ապօրինի հրամաններով, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմնում, Սահմանադրութեան եւ օրէնքների կոպիտ ոտնահարմամբ տեղի ունեցաւ յանցագործութիւն` ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական արժէքների նկատմամբ: Հայաստանում...

Ազրպէյճանը Շուշիի Մօտակայքը Կրակած Է  Հայկական Խաղաղ Բնակավայրերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանը Շուշիի Մօտակայքը Կրակած Է Հայկական Խաղաղ Բնակավայրերուն Ուղղութեամբ

Շուշիի մօտակայքը` յատկապէս Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայնքներուն ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն 24 օգոստոսին` օրուան ընթացքին եւ մինչեւ ուշ գիշեր, ազրպէյճանական կողմը աշխուժօրէն եւ մնայուն կրակահերթեր արձակած է հայկական դիրքերուն եւ անոնց մօտակայքը տեղակայուած հայկական խաղաղ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: Ասկերանի շրջանի Մխիթարաշէն գիւղին դիմաց տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն...

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով  «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանական Կողմին Տարածած Տեղեկութիւնները Կեղծիք Են»

Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը տեղեկութիւն կը տարածէ, թէ երկու հայ զինուորներ հայ-ազրպէյճանական սահմանի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ յարձակած են ազրպէյճանցի զինուորի վրայ եւ վնաս հասցուցած անոր: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նշուած տեղեկութիւնը բացարձակ կեղծիք է եւ ազրպէյճանական կողմի հերթական ապատեղեկատուութիւնը: Հայաստանի զինուած ուժերու զինուորներու մասնակցութեամբ նման դէպք տեղի չէ ունեցած, յայտնեց նախարարութիւնը:

Միքաթի Յետաձգեց Նախագահական  Պալատ Իր Այցելութիւնը

Միքաթի Յետաձգեց Նախագահական Պալատ Իր Այցելութիւնը

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւարտելու եւ նոր կազմ մը յայտարարելու նպատակով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ սկզբունքով երէկ կէսօրէ ետք պիտի այցելէր Պաապտա, իր այցելութենէն գրեթէ ժամ մը առաջ յայտարարեց, որ նախագահական պալատ իր այցելութիւնը յետաձգուած է այսօրուան կամ ուրբաթ օրուան: Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի կազմուի, եւ որ վարչապետը պիտի չհրաժարի: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ տակաւին...

Ռուստամեան. «Կառավարութիւնը Կը Պատրաստուի Նոր Պարտուողական Համաձայնագիրի, Իսկ Այս Ծրագիրը Անոր Ծածկոյթն Է»

Ռուստամեան. «Կառավարութիւնը Կը Պատրաստուի Նոր Պարտուողական Համաձայնագիրի, Իսկ Այս Ծրագիրը Անոր Ծածկոյթն Է»

Ազգային Ժողովին Մէջ Քաշքշուք Եւ Ուժի Կիրարկում Երէկ` երեքշաբթի, 24 օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց կառավարութեան 2021-2026 թուականի գործունէութեան ծրագիրը: Ներկայ էին նաեւ կառավարութեան անդամները: Ազգային ժողովին մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ կառավարութեան այս ծրագիրը ոչ այլ ինչ է, քան կանխամտածուած գործողութիւն` քողարկելու յառաջիկային մեզ...

«Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Լիբանանը  Կը Նկատեն Կտոր Մը Հող` Նպատակադրելով  Բաժնուիլ Անոր Բարիքները»  Յայտնեց Յակոբ Բագրատունի

«Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Լիբանանը Կը Նկատեն Կտոր Մը Հող` Նպատակադրելով Բաժնուիլ Անոր Բարիքները» Յայտնեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ասաս Միտիա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջերս իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան կը գտնուի միջազգային հոգատարութեան մը սեմին, հաւանաբար շատ անկեղծ էր: «Լիբանան իր պատմութեան ընթացքին չէ կրցած արտաքին հոգատարութիւններէ դուրս գալ, սկսելով` օսմանեան իշխանութենէն, անցնելով` 1943-ի անկախութենէն, ցայսօր: Լիբանանեան ներքին հարցերը ձեւով մը արտաքին միջամտութիւններով...

Վառելանիւթի Ցրուումի Գործիքակազմը Սերտուած Է.  Անիկա Հսկողութեան Տակ Պիտի Առնէ Ամբողջ Մարզը  Եւ Խստօրէն Պիտի Պատժէ Չարաշահողները

Վառելանիւթի Ցրուումի Գործիքակազմը Սերտուած Է. Անիկա Հսկողութեան Տակ Պիտի Առնէ Ամբողջ Մարզը Եւ Խստօրէն Պիտի Պատժէ Չարաշահողները

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով տակաւին յստակ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է: Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը եղաւ 132.400 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինին սակը` 128.200 լ. ոսկի, իսկ մազութին սակը` 98.800 լ. ոսկի: Հակառակ այս որոշումին, սակայն, մեծ թիւով պենզինի կայարաններ իրենց դռները փակ պահեցին` հաստատելով,...

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայ օգնութեան միութիւնը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ: Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, երկրին մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են լիբանանցի քաղաքացին: Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր...

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 23 օգոստոսին, ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, Հայաստան, ընթացք առաւ Արցախի վերականգնած մասնաճիւղին առաջին բանակումը` մասնակցութեամբ 89 նորագիր սկաուտներու: Հնգօրեայ այս բանակումին Արցախէն եկած նորագիր պատանի-պարմանուհիները առիթը կ’ունենան ծանօթանալու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, սկաուտութեան ընդհանուր սկզբունքներուն եւ ազգային այն բոլոր արժէքներուն, որոնց դրօշին տակ գործած է 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ը: Բանակումը կը յատկանշուի դաստիարակչական հարուստ...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած Է  Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման 31-Ամեակը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած Է Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման 31-Ամեակը

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 31-ամեակին առիթով: «Շնորհաւորում եմ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 31-ամեակի առթիւ: 1990 թուականի օգոստոսի 23-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհրդի ընդունած Անկախութեան հռչակագիրն ազդարարեց անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը: Անկախութեան հռչակագրի տարեդարձը աշխատելու եւ արարելու, պատասխանատու եւ կարգապահ լինելու, համախմբուած ու համերաշխ, իսկապէս ուժեղ երկիր կառուցելու պարտաւորեցնող ազդակ...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

Երէկ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ պատգամաւոր, բժիշկ փրոֆ. Արմէն Չարչեան դարձեալ կալանաւորուեցաւ: Այս առիթով «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեանը` կատարելով Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական ուղիղ ցուցումը, որոշեց իրաւական ամենաթողութեամբ կալանաւորել Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, մէկ ամիս ազատութեան մէջ գտնուող, մշտապէս պատշաճ վարքագիծ դրսեւորած փրոֆեսէօր Արմէն Չարչեանին: Կալանքը` որպէս միակ խափանման միջոց քաղաքական գործերով դիտարկելու ձեւ,...

Արման Թաթոյեանը Յայտնուած Է Ազրպէյճանցի  Զինուորներու Գնդացիրի Նշանառութեան Տակ

Արման Թաթոյեանը Յայտնուած Է Ազրպէյճանցի Զինուորներու Գնդացիրի Նշանառութեան Տակ

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ նախորդ շաբաթ անձամբ համոզուած է, որ ազրպէյճանցի զինուորներուն ներկայութիւնը Հայաստանի Սիւնիքի համայնքներու ճամբաներուն վրայ մարդոց առաջնահերթ կեանքի ու ազատ տեղաշարժելու իրաւունքներու խախտում է: «Սիւնիքի մարզի Կապան, Տեղ համայնքներ, գիւղեր այցելութիւններէն վերադարձի ժամանակ միջպետական ճամբուն վրայ փորձնական 1-2 վայրկեանով կանգնեցանք այն հատուածներուն մէջ, ուր ազրպէյճանական զինուած ուժեր տեղակայուած են: «Այս լուսանկարին...

Page 352 of 797 1 … 351 352 353 … 797

Արխիւներ