Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Զահրանիի Մէջ Բռնկած Հրդեհը Պատճառեց 250 Հազար Լիթր Վառելանիւթի Կորուստը

Հոկտեմբեր 12, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին նախարարները պիտի ներկայացնեն իրենց նախարարութիւններուն վերաբերող աշխատանքային ծրագիրները:

Կառավարութեան նիստէն առաջ, նախագահ Աուն պիտի նախագահէ նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Զահրանիի ելեկտրակայանին մօտ գտնուող քարիւղի ամբարներուն մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ կարելի եղաւ հանգցնել եւ հակակշիռի տակ առնել:

Զահրանիի քարիւղի ամբարներու տնօրէն Զիատ Զէյն յայտնեց, որ բռնկած շտեմարանը բանակին կը պատկանի` աւելցնելով, որ նախանցեալ երեկոյեան նշմարած են, որ շտեմարանին երդիքը ծռած է:

Ան նշեց, որ շտեմարանը չէ պայթած, իսկ հրդեհը անոր կից գտնուող շտեմարան չէ հասած:

Ան շեշտեց, որ հրդեհը թեքնիք պատճառներով բռնկած է` աւելցնելով, որ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքէն խնդրեց փութալ Զահրանի` օժանդակելու համար հրդեհը մարելու աշխատանքին:

Իսկ հարաւային Լիբանանի վերադատ ատեանի դատախազ Ռահիֆ Ռամատան պահանջեց այդ միջադէպին շուրջ հետաքննութիւն բանալ` իմանալու համար անոր դրդապատճառները:

Նշենք, որ Զահրանի հասաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, որ յայտնեց, թէ հրդեհը պատճառած է 250 հազար լիթր վառելանիւթի կորուստը:

«Պէտք է սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն», ըսաւ ան:

Միքաթի Նախագահեց Ելեկտրականութեան Ընդհատման Հարցին Վերաբերող Նիստի Մը

Նշենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրդեհը բռնկած պահուն վարչապետարանին մէջ կը նախագահէր նիստի մը, որ կը վերաբերէր ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատման հարցին:

Նիստին ներկայ էին նախարար Ֆայեատ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք:

Նիստէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ քննարկած են այն միջոցները, որոնց որդեգրումով կարելի կ՛ըլլայ նուազագոյն ելեկտրական հոսանք արտադրել եւ երկրին հիմնական կարիքները հոգալ:

Անդրադառնալով հրդեհին` Ֆայեատ հաստատեց, որ Զահրանիի մէջ հրդեհը բռնկած է լիբանանեան բանակին պատկանող պենզինի շտեմարանի մը մէջ` աւելցնելով, որ կարելի եղած է հրդեհը հակակշիռի տակ առնել:

Ան աւելցուց, որ ինք այդ դէպքին եւ անոր դրդապատճառներուն մասին մանրամասն տեղեկագիր պահանջած է, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագային նման հարցեր կանխարգիլել:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի Ֆայեատը գործուղեց Զահրանի` ստուգելու համար տիրող կացութիւնը:

Նախորդը

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին, Եւ Խորհրդարանի Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգուի»

Յաջորդը

Ապտոլլահեան Մօտիկ Ապագային Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?