Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կը Պահանջեն Մարտակերտի Դէպքի Մեղաւորները Պատասխանատուութեան Ենթարկել

October 11, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնց պատճառով շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2021-ին Մարտակերտի մէջ քաղաքացիական անձ զոհուած է:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ ասիկա 9 նոյեմբերին ստանձնած պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում է` ընդգծելով, որ «տուեալ յանցագործութիւնը պէտք է պատշաճ կերպով հետաքննուի, իսկ մեղաւորները ենթարկուին պատասխանատուութեան»:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ Ազրպէյճանի նման յարձակողապաշտ պահուածքը եւ սադրիչ գործողութիւնները միտուած են խաղաղ բնակչութեան մօտ վախի մթնոլորտի ստեղծման ու Արցախի հայաթափման:

«Ազրպէյճանը նաեւ հեռահար նպատակներ կը հետապնդէ. խափանել Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան իրականացումն ու կասկածի տակ դնել խաղաղապահներու գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը», նշուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ նախարարութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն գործուն քայլերու ձեռնարկելու` ազրպէյճանական կողմը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ հետագային նման դէպքեր բացառելու ուղղութեամբ:

Ըստ հայկական կողմին, Մարտակերտի յարակից տարածքին մէջ գտնուող նռան այգիի մէջ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու արձակազէնի կրակոցէն զոհուած է քաղաքի 55-ամեայ բնակիչ մը:

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ուժերու Համախմբումը Եւ Ազգային Դիմադրութեան Ձեւաւորումը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Պաշտօնական Այցելութիւն Պիտի Կատարէ Վատիկան

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.