Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Գերիները Ազատ Արձակելու

Հոկտեմբեր 14, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի Տանիլովի վանքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին Քիրիլ պատրիարքը կողմերուն կոչ ուղղեց յստակ միացեալ պատասխան տալու կրօնը պատերազմին առնչելու «փորձերուն»: «Մենք այստեղ հաւաքուած ենք` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի երկարաժամկէտ տագնապի խնդիրը», աւելցուց Ռուսիոյ պատրիարքը:

Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ կրօնական ղեկավարները պատրաստ են, յանուն ներկայ եւ ապագայ սերունդներու բարօրութեան ու բարգաւաճման աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու հաշտեցման:

Պատրիարքը նշեց, որ կրօնները բացառիկ խաղաղապահ ներուժ ունին յատկապէս ազգամիջեան յարաբերութիւններուն մէջ: «Այս փուլին որքան ալ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները բարդ ըլլան, մենք կը կարծենք, որ ինքնին Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքն ու սէրը կրնան օգնել բուժելու բազմամեայ ողբերգական դիմակայութեան հասցուցած վէրքերը: Ատիկա շատ դժուար ճամբայ է եւ հոգեւոր իմաստութիւն ու խորաթափանցութիւն կը պահանջէ», նշեց ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը:

Անոր համաձայն, ազրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդները այլ ապագայ չունին, քան իրարու կողքին գոյակցիլը:

«Այսօր յատկապէս կարեւոր է, որ վերականգնուի իրարու նկատմամբ վստահութիւնը, մարդիկ դարձեալ սորվին դրացին ընկալել յարգանքով եւ օգնութեան հասնելու պատրաստակամութեամբ», նշած է պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղած է յստակացնելու անհետ կորսուածներու ճակատագիրը, նպաստելու պատերազմական գերիներու ազատ արձակման հոլովոյթին եւ թոյլ չտալու խաղաղ քաղաքացիներու կեանքին սպառնացող զէնքի կիրարկումը:

«Պէտք է ձգտինք խուսափիլ ատելութեան լեզուէն, ձեռնպահ մնալ տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւններու կոչերէն: Ռուս ուղղափառ եկեղեցին կ՛աղօթէ իր երկու բարեկամ ժողովուրդներու հաշտեցման համար եւ պատրաստ է այսուհետեւ եւս ամէն կերպ աջակցելու, որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ ամուր եւ արդար խաղաղութիւն հաստատուի», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Քաղաքական Գործօնը Կը Խանգարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծումը» Կ՛ըսէ Քիրիլ Պատրիարքը

Քաղաքական գործօնի գերիշխումը կը բարդացնէ Արցախի տագնապի լուծման բանակցութիւնները: «Ամէնփրես»-ի հաղորդումով, Ազրպէյճանի հոգեւոր պետ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը:

«Այսօր մենք ստիպուած ենք քննարկել շատ բարդ հարցեր, որոնք թէեւ կրօնական առաջնորդներու օրակարգին վրայ են, սակայն, այսուհանդերձ, տարբեր չափումներ ունին, ներառեալ քաղաքական: Անոնց շարքին, երբ խօսքը զինուորական տագնապի յաղթահարման մասին է` քաղաքական գործօնը գոյութիւն ունի: Երբեմն, երբ այդ գործօնը շատ կը գերիշխէ, բանակցութիւնները կը դժուարանան», ըսած է Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ ղեկավարը:

Քիրիլ պատրիարքին համաձայն, նման բարդ խնդիրներու քննարկման ժամանակ կրօնական ղեկավարներու առաւելութիւնը հասարակաց հիմքն է: «Մեր հաւատքն առ Աստուած, արժէքներու համակարգը բարոյական է, իրարու նկատմամբ կայ վստահութիւն, եւ ատիկա, ի հարկէ, շատ բարենպաստ միջավայր կը ստեղծէ», ըսած է Քիրիլ Ա. պատրիարքը:

 

 

Նախորդը

«Ահաբեկիչները Շուտափոյթ Կերպով Պէտք Է Անհետանան. Մենք Կրնանք Կտրուկ Քայլեր Կատարել» Կ՛ըսէ Իրանի Ընդհանուր Դատախազը

Յաջորդը

«Տեղահանուած ու Բռնագաղթուած Հատրութ. Մէկ Տարի Անց» Խորագիրով Հանրային Քննարկում

RelatedPosts

Խմբագրական.  Կասեցնելու Համար Գահավիժումը  (Մայիս 28-ի Խորհուրդներու Կենսագործման Համար)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Կասեցնելու Համար Գահավիժումը (Մայիս 28-ի Խորհուրդներու Կենսագործման Համար)

Մայիս 27, 2023
Մոսկուայի Մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Հանդիպում
Հայկական

Մոսկուայի Մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Հանդիպում

Մայիս 26, 2023
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Եւ Թուրքիոյ Դեսպանը Քննարկած Են Նաեւ Հայ-Ազրպէյճանական, Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները
Հայկական

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Եւ Թուրքիոյ Դեսպանը Քննարկած Են Նաեւ Հայ-Ազրպէյճանական, Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In