Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Թարգմանչացը, Աւագանին Եւ Հայ Դպրոցը

Հոկտեմբեր 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց խորհուրդը առաջին հերթին կը նոյնացուի ազգային ինքնուրոյնութեան պահպանման այդ օրերու համար միակ ու ազդեցիկ գործօնին հետ: Հայկական տառերը պիտի ապահովէին մեր մշակութային եւ քաղաքակրթական ինքնութեան պահպանումը: Պետական քաղաքականութիւն էր կիրարկուածը: Ո՛չ միայն պատուիրելու գիրերու հայկական տարբերակի մշակումը, այլեւ մանաւանդ ամբողջ հոգեւոր գրականութիւն մը թարգմանելու: Աւելի ճիշդը` հայացնելու:

Ըստ էութեան հայկական քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօն, դաւանանք, արարողութիւն եւ ծէս տեսքով եւ բովանդակութեամբ հայկականացաւ թարգմանչաց սերունդին կողմէ, որ պետութեան քաջալերանքն ու պատուէրը ունէր մշակութային-քաղաքակրթական շարժում սկսելու:

Ինքնութեան պահպանման մշակութային այս յաղթանակին վրայ հիմնուած է հետագայ ամբողջ գրականութեան ծաղկումը: Միջազգայինը թարգմանելով, աւելի ճիշդ` հայացնելով, այնուհետեւ հայկականը դէպի միջազգային բարձրացնելով թարգմանչաց սերունդը ձեւաւորեց միջազգային քաղաքակրթութեան մէջ հայկական ներդրումին ակունքները:

Այնուհետեւ համաշխարհային մշակոյթի իւրաքանչիւր ոլորտ հայկական ոսպնեակէ անցընելու փիլիսոփայութիւնը հիմնովին նպաստեց ազգային ինքնութեան պահպանման գործընթացին: Ճարտարապետութենէն մինչեւ երաժշտութիւն, գրականութենէն մինչեւ թատրերգութիւն, գեղարուեստ, կերպարուեստ, քանդակագործութիւն, գորգագործութիւն, ասեղնագործութիւն, զարդարուեստ եւ շատ ու  շատ ոլորտներ:

Այս փիլիսոփայութիւնը վերջին շրջանին նորարար դրսեւորում ունեցաւ արհեստագիտութեան եւ տեղեկագիտութեան միջազգային բառապաշարի եւ եզրութաբանութեան հայացման միտուած աշխատանքներով: Այսօր բազմաթիւ նոր բառեր  շրջանառութեան մէջ են եւ նոր բառակերտումներ կը կատարուին` հարստացնելով լեզուն. այս պարագային թէ՛ արեւելահայերէնը եւ թէ՛ արեւմտահայերէնը: Ի դէպ բառակերտումի այս գործընթացը չի վերաբերիր միայն արհեստագիտութեան եւ թուանշային ու համացանցային ոլորտներուն: Իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն` բժշկագիտութենէն մինչեւ քաղաքագիտութիւն, անցնելով իրաւագիտութենէն, իր մասնագիտական բառապաշարը ունի, որ կը նորացուի եւ կը համալրուի: Նոր տեսութիւններ, նոր յղացքներ, նոր ձեւակերպումներ կ՛ենթադրեն. իսկ այդ նոր ձեւակերպումները անհրաժեշտութիւնը ունին նոր բառակերտումներու: Եթէ գիտութիւնը շարունակական գործընթաց է, ապա այդ բոլորի արտայայտչաձեւը եւս քայլ պիտի պահէ անվերջ նորացուող եզրոյթներ ապահովելով զարգացող գիտութեան:

Հիմա ուրեմն պէտք է կեդրոնանալ թարգմանչաց սերունդի որդեգրած փիլիսոփայութեան դրսեւորման գործնականացումը ապահովելու կոչուած մարդուժի պատրաստութեան վրայ: Եթէ հայրենիքի մէջ կան պետական գերատեսչութիւններ, հիմնարկներ, որոնք լեզուաբաններ կը պատրաստեն, եւ որոնցմէ կ՛ակնկալուի գիտութեան յառաջընթացին, նոր տեսութիւններու համապատասխան հայերէնի բառապաշարը համալրել, ապա սփիւռքի մէջ այս գործը հասցէ չունի: Աւելի ճիշդը արեւմտահայերէնի պարագային պատահականութեան ձգուած է այս կարեւոր խնդիրը: Առաւելագոյն պարագային արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն կը տեղափոխուի նորակերտ բառը եւ եթէ օգտագործուի, կ՛ապրի: Այլապէս, ինքնաբերաբար դուրս կը մնայ արեւմտահայերէնի բառամթերքէն: Կրկնօրինակումը այս պարագային մեքենական չ՛ըլլար. միշտ չէ, որ արեւելահայերէնացած մասնագիտական բառակերտումը յաջող ձեւով կատարուած կ՛ըլլայ:

Արեւմտահայերէնի գործածականութեան խնդիր կայ այսօր սուր կերպով: Արհեստագիտութիւնը կա՛յ վիրթուալ ամէն հարթակի վրայ հայերէն գրելու, ստեղծագործելու եւ մանաւանդ հաղորդակցելու: Նոր բառերը հրամցուած են արեւմտահայ հասարակութեան` օգտագործելու: Օգտատէրերու կողմէ այդ բոլորի չորդեգրման երեւոյթն է բուն խնդիրը: Պիտի ըսուի արդարօրէն, որ այդ որդեգրումի մղումը բնական պէտք է ըլլայ ինքնամղում պիտի ըլլայ ընդհանրացած ձեւով:

Ահա այդ ինքնամղումի պատրաստութեան համար է, որ անփոխարինելի է հայ դպրոցը: Բայց հարցերը փոխկապակցուած են. գիտակցութիւնը` հայ դպրոց առաջնորդելու իր զաւակը անպայման որ առաջին կարեւորագոյն բաղադրիչն է: Բաւարար չէ սակայն մեր օրերուն յայտնապէս: Դպրոցի գրաւչութիւնը, ուսուցչական խաւի որակը, արդիական  վերապատրաստումը, դպրոցավարական մասնագիտութիւնը, մանկավարժական մասնագիտութեան տիրացած ըլլալը, արժանապատիւ աշխատավարձը` անվերջ խօսուող, արծարծուող, պահանջուող նիւթեր են:

Պահանջները կրնան արդարացի ըլլալ: Միաժամանակ սակայն պէտք է նկատել, լիբանանահայ կրթական համակարգի վրայ կեդրոնանալով, որ մինչ այժմ այս գաղութի արտադրողականութեան ամբողջ հիմ-գրաւականը հայկական վարժարանն էր: Ճիշդ չեն այն օրինակները, որ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար դառնալու համար ո՛չ միայն անհրաժեշտ չէ հայ դպրոցը, այլ նպաստող գործօն է ոչ հայկական վարժարան աւարտելը: Հայկական իրականութենէ հեռաւորութիւն պահող եւ հայկական վարժարանի մթնոլորտը չշնչած մարդը նոյնիսկ եթէ պարագայականօրէն զբաղեցուցած է համայնքին վերապահուած այս կամ այն պաշտօնը, իր պաշտօնաթողումէն ետք հեռացած է վերստին հայկական երկնակամարէն: Մինչդեռ հայկականութենէ եկողը պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտէն ետք եւս ամուր կառչած է հայկական արմատներուն, հայկական կրթական ապառաժներուն: Եւ յար եւ նման թարգմանչաց սերունդի գործը հովանաւորած եւ քաջալերած Վռամշապուհով գլխաւորուած պետական աւագանիի անդամներուն նեցուկ կանգնած է համայնքանուէր աշխատանքներուն, կրթութեան ճամբով ինքնութեան պահպանման առաջադրանքի իրականացման գործօն մասնակցութիւն ունենալով:

Թարգմանչաց սերունդի հետեւողութեամբ աշխատանքի հրամայականը կայ այսօր: Այդ սերունդը, որ նոր շրջադարձ պիտի ապահովէ,  կրնայ սերիլ միայն հայկական դպրոցէն: Նեցուկը պիտի ունենայ պետութեան տարբեր հաստատութիւններուն մէջ իր համայնքը ներկայացնող աւագանիի մը: Այդ աւագանին նման աշխատանք հովանաւորելու համար իր հոգեմտաւոր կազմաւորման ներշնչումը ստացած պէտք է ըլլայ հայկական կրթօճախէն:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Պիտի Այցելեն Շրջան` Քննարկելու Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Թուրքիան Կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներէն «Էֆ-16» Հալածիչներ Գնել

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?