Արցախի Մէջ. Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Կեղծ Ժողովրդավարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարման
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը 15 սեպտեմբերին ` Ժողովրդավարութեան միջազգային օրը Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց կազմակերպած է բողոքի լուռ ցոյց` ընդդէմ կեղծ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման: Ցոյցի մասնակիցները պարզած էին «Մարդու իրաւունքնե՞ր», «Չկայ արդարութիւն, չկայ խաղաղութիւն», «Ձեր լռութիւնը նոր ցեղասպանութիւն է», «Ո՞ւր է իմ ազատութիւնը, ո՞ւր են իմ իրաւունքները», «Կոյր մի՛ եղէք», «Որտե՞ղ է ձեր մարդասիրութիւնը» եւ...




















