Գլխաւոր լուրեր

Արմէն Ռուստամեան. «Դանակը Հասած Է Ոսկորին, Եւ Անհրաժեշտ Է Միաբանութիւն»

Արմէն Ռուստամեան. «Դանակը Հասած Է Ոսկորին, Եւ Անհրաժեշտ Է Միաբանութիւն»

«Անկախութենէն 30 տարի ետք աւելի կը խօսինք կորուստներու մասին», նման կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը` երեքշաբթի օր Եռաբլուրի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին: «Ունինք զգալի կորուստներ, բայց յոյսը կորսուած չէ. վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը պարտաւոր է անգամ մըն ալ ապացուցել, որ կենսունակ է, տէր է նախնիներու ձեռքբերումներուն եւ յաղթանակը, որ Եռաբլուրի հերոսները նուիրեցին,...

Յ. Թերզեան. «Աշխատանքային Ծրագիրին Մէջ Դատական Իշխանութեան Անկախութիւնը Ապահովելու Օրէնքն Ու Տնտեսութեան Անիւը Վերստին Շարժելու Ծրագիրները Ո՞ւր Են»

Յ. Թերզեան. «Աշխատանքային Ծրագիրին Մէջ Դատական Իշխանութեան Անկախութիւնը Ապահովելու Օրէնքն Ու Տնտեսութեան Անիւը Վերստին Շարժելու Ծրագիրները Ո՞ւր Են»

Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստին ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ,  երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի կատարած քննարկումը` խորհրդարանին ներկայացուած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին. «Այսօր դարձեալ կը հանդիպինք, իսկ կացութիւնը, որ արտակարգ էր, այսօր շտապ դրութեան վերածուած է, պահանջները աւելցած են, հայրենիքը վիրաւոր է ու կ՛արիւնի, ժողովուրդը կը գտնուի անգերազանցելի ճնշումներու տակ` նկատի ունենալով անոր կարողութիւնները: Զայն միայն Աստուած կրնայ օգնել: Յուսախաբութիւնը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Քրիսթին Արզումանեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան, չորեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուի հետ: Աւելի քան մէկուկէս ժամ բացառիկ փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցեր եւ զարգացումներ: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին...

«Ինծի Համար Պատիւ Էր Ըլլալ Լիբանանահայ Առաջին Կին Նախարարը. Մարտահրաւէրը Ընդունեցի` Գիտնալով, Որ Ահռելի Պայմաններու Մէջ Պիտի Աշխատիմ»  Շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

«Ինծի Համար Պատիւ Էր Ըլլալ Լիբանանահայ Առաջին Կին Նախարարը. Մարտահրաւէրը Ընդունեցի` Գիտնալով, Որ Ահռելի Պայմաններու Մէջ Պիտի Աշխատիմ» Շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Նախորդ մէկուկէս տարիներուն ընթացքին Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցչութիւնը ստանձնած եւ աշխատանքը պատուով կատարած հայ նախարարը իր նախարարութեան յանձնումին յաջորդ օրն իսկ ընդառաջեց եզրափակիչ հարցազրոյց մը ունենալու «Ազդակ»-ի հրաւէրին: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ«Ազդակ»-ի ունեցած այս հարցազրոյցը լուսարձակի տակ կ՛առնէ նախարարին մէկուկէս տարուան աշխատանքը, ջանքերը, նուաճումները, դիմագրաւուած դժուարութիւններն ու հայ համայնքին շահերը պաշտպանելու համար...

Խմբագրական.  Անկախութեան Հռչակագիրին Ճշդած Սահմանները  (Անկախութեան Վերականգնման 30-Ամեակի Առիթով)

Խմբագրական. Անկախութեան Հռչակագիրին Ճշդած Սահմանները (Անկախութեան Վերականգնման 30-Ամեակի Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ տարակուսանքներու տեղի կու տայ: Անկախութեան ո՞ր խորհուրդը այժմէական կը հնչէ, աւելի ճիշդը` կ՛ահազանգէ գալիք վտանգներուն մասին: Իրադրութիւններու առարկայական դիտարկումը մեր առջեւ կը բանայ ո՛չ միայն արցախեան տարածքներու կորուստ, այլ նաեւ  պետական սահմաններէն ասդին նոր ոտնձգութիւններ, գերեվարումներ, թշնամիի սանձարձակ գործողութիւններու նոր սպառնալիքներ: Պատերազմ պարտուած եւ պարտադրուած պայմաններով հրադադար ստորագրած հայկական կողմը չունի գերիշխանութիւն...

Հայրենիքին Անկախութիւնը  Առանցքն Է Ազգի Հզօրութեան

Հայրենիքին Անկախութիւնը Առանցքն Է Ազգի Հզօրութեան

Ստորեւ կու տանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 30-ամեակին առիթով: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութիւնը: 44-օրեայ պատերազմին մեծ թիւով զոհեր տուինք, բազմաթիւ գերիներ եւ վիրաւորներ ունեցանք ու հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք: Մեր ժողովուրդը...

«Հայաստանի Կառավարութենէն Կ՛ակնկալենք,  Որ Գորիս-Կապան Այլընտրանքային Ճամբան  Շուտ Կառուցուի, Եւ Իրանցի Վարորդները  Բեռնափոխադրումները Անվտանգ Կատարեն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

«Հայաստանի Կառավարութենէն Կ՛ակնկալենք, Որ Գորիս-Կապան Այլընտրանքային Ճամբան Շուտ Կառուցուի, Եւ Իրանցի Վարորդները Բեռնափոխադրումները Անվտանգ Կատարեն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք ձեռք բերուած է եռակողմ խաղաղութեան համաձայնութիւն Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ատկէ ետք բանակցութիւններ սկսած են սահմանազատման վերաբերեալ: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի: «Խորհրդային Միութեան քարտէսներուն համաձայն, Հայաստանի Գորիս-Կապան ճամբու երկու հատուածները կը պատկանին Ազրպէյճանին, սակայն համաձայնութիւն գոյացած է, որ մինչեւ սահմանազատման...

Նետերլանտներու Մէջ Հոգեկան Խանգարում  Ունեցող Տղամարդու Գործած  Յարձակումին Երկու Զոհերը Հայեր Են

Նետերլանտներու Մէջ Հոգեկան Խանգարում Ունեցող Տղամարդու Գործած Յարձակումին Երկու Զոհերը Հայեր Են

17 սեպտեմբերի առաւօտեան Նետերլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ հոգեկան խանգարում ունեցող անձ մը դանակով յարձակում գործած էր եւ սպաննած երկու կիներ: «Ազդակ» կապ հաստատեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Նետերլանտներու Ութրեխթ քաղաքի բնակիչ Նուպար Վարդանեանի հետ, որ յայտնեց, թէ ցաւալի է, որ երկու զոհերն ալ հայեր են, որոնք սպաննուած են իրենց իսկ բնակարանին մէջ: Ան նշեց, թէ սպաննուած երկու հայ...

Խորհրդարանը 85 Քուէով Վստահութիւն  Շնորհեց Միքաթիի Կառավարութեան

Խորհրդարանը 85 Քուէով Վստահութիւն Շնորհեց Միքաթիի Կառավարութեան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ  նախագահեց կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին երեսփոխանական տարբեր պլոքներու անդամներ անդրադարձան Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական, ելեւմտական ու ընկերային իրադարձութիւններուն եւ ըստ այնմ յայտարարեցին իրենց կեցուածքը` վստահութեան քուէ շնորհելու կամ չշնորհելու մասին: Խորհրդարանը գումարեց զոյգ նիստեր` ցերեկային եւ գիշերային: Գիշերային նիստին աւարտէն ետք ներկայ 100 երեսփոխաններէն 85-ը իրենց վստահութեան քուէն...

«Վրաստանի Վարչապետը Ինծի Յայտնած Է  Փաշինեանի Հանդիպման Առաջարկը.  Եթէ Հանդիպումը Կայանայ, Թուրքիան  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Պիտի Հաստատէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Վրաստանի Վարչապետը Ինծի Յայտնած Է Փաշինեանի Հանդիպման Առաջարկը. Եթէ Հանդիպումը Կայանայ, Թուրքիան Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Պիտի Հաստատէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք կատարելիք այցելութենէն առաջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է շրջանային հարցերու: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: «Արդեօք Զանգեզուրի միջանցքը պիտի բացուի՞. ատիկա քաղաքական հարց է: Զանգեզուրի միջանցքի բացումը դրական ներդրում պիտի ունենայ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններու յաղթահարման գործին մէջ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը: Ան աւելցուցած է, որ...

Բողոքի Ցոյց Եւ Քայլերթ` Ընդդէմ  «Գունագեղ» Տօնակատարութեան

Բողոքի Ցոյց Եւ Քայլերթ` Ընդդէմ «Գունագեղ» Տօնակատարութեան

Շաբաթ, 18 սեպտեմբերին,  յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց եւ քայլերթ` ընդդէմ սեպտեմբեր 21-ի համերգին: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները «ԿինօՄոսկուա»-ի մօտակայքէն շարժեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ` միանալու զոհուած զինուորներու ծնողներուն: Ոստիկանները փորձեցին խոչընդոտել երթը, անոնք բռնի ուժ գործադրելով բերման ենթարկեցին ցոյցի մասնակիցներէն աւելի քան 20 հոգի: Ոստիկանութիւնը նախապէս զգուշացուցած էր, որ պիտի չարտօնէ քայլերթի կայացումը:  

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածի Որոտան-Շուռնուխ միջակայքում իրավիճակը շարունակում է լարուած մնալ: Օգտուելով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների թողտուութիւնից եւ յանցաւոր անգործութիւնից` Ազրպէյճանն այդտեղ ոստիկանական ու մաքսային կէտեր է տեղադրել: Լրջագոյն խնդիրներ են առաջացել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Իրան-Հայաստան միջպետական ճանապարհի գործարկման առումով: Իրանից եկող բեռնատարներից Ազրպէյճանը մաքսատուրք է գանձում: Ձերբակալուել են իրանցի երկու վարորդներ, որոնց ճակատագիրը յայտնի չէ: Հոգեբանական ճնշումների են ենթարկւում այդ...

Պըրրի Կը Սպառնայ Իսրայէլին`  Թիւ 9 Նաւթահորի Պեղման Նպատակով  Համաձայնութիւններ Չգոյացնել

Պըրրի Կը Սպառնայ Իսրայէլին` Թիւ 9 Նաւթահորի Պեղման Նպատակով Համաձայնութիւններ Չգոյացնել

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ անմիջական կերպով պէտք է շարժիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղութեամբ` ստուգելու համար, թէ լիբանանեան գերիշխանութեան եւ իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւններ կատարուա՞ծ են: Պըրրի նշեց, որ այդ պահանջը կը ներկայացնէ նշեց, այն լուրին, թէ նաւթահորեր պեղող «Հալիպըրթըն» ընկերութիւնը Իսրայէլ-բռնագրաւուած Պաղեստին վիճելի ծովային շրջանին մէջ պեղումներ կատարելու իրաւունք ստացած է: «Իսրայէլի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման  30-Ամեակին Առիթով Գոհաբանական  Մաղթանք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 30-Ամեակին Առիթով Գոհաբանական Մաղթանք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 30-ամեակին նուիրուած Գոհաբանական մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 19 սեպտեմբեր 2021-ին: Յընթացս պատարագին, վեհափառ հայրապետը հայրապետական թափօրով բարձրացաւ Ս. խորան: Իր աղօթքին մէջ ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ Միածին Որդիին չարչարակից հայ ազգն ու եկեղեցին ազատեց մահէն ու հաղորդակից ըրաւ Իր փառաւոր...

Հայաստանը Արդարադատութեան Միջազգային  Դատարանին Մէջ Գանգատ Ներկայացուցած Է  Ազրպէյճանին Դէմ

Հայաստանը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Մէջ Գանգատ Ներկայացուցած Է Ազրպէյճանին Դէմ

Հայաստանը ՄԱԿ-ի ընդհանուր դատական մարմինին` Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ, գանգատ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի դէմ `ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնագիրի (CERD) խախտումներու հիմքով: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը: Դատարանի հաղորդագրութեան համաձայն, Հայաստան յայտնած է, որ տասնեակ տարիներ Ազրպէյճան հայերը ցեղային խտրականութեան կ՛ենթարկէ, եւ պետութեան կողմէ հովանաւորուող հայատեացութեան այս քաղաքականութեան պատճառով հայերը ենթարկուած են ո՛չ միայն համակարգային...

«Նեմեսիս» Գործողութեան Հերոսներուն  Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշարձան` Երեւանի Մէջ

«Նեմեսիս» Գործողութեան Հերոսներուն Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշարձան` Երեւանի Մէջ

Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ պիտի տեղադրուի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովով որոշուած «Նեմեսիս»-ի գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան մը: Յուշարձանի ծրագիրի նախաձեռնողներն ու աջակիցներն են` Արտեոմ Երկանեան, Արմէն Գէորգեան, Տիգրան Բարսեղեան, Կամօ Արէեան, Արթուր Մեսչեան, Դաւիթ Ճգնաւորեան, Արմէն Գալջեան, Սուրէն Էյրամջեան, Աշոտ Մելքոնեան, Արսէն Աւագեան, Արարատ Գոմցեան, Լուդվիգ Սարգսեան եւ Իզապելա Աբգարեան:

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի սեպտեմբերի 16-ի կարգադրութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակի կապակցութեամբ Ազգային ժողովի պատգամաւորներին վճարուել է պարգեւավճար: Այսօր, երբ հարիւրաւոր անհետ կորածներ եւ չգտնուած աճիւններ ունենք, երբ հազարաւոր որդեկորոյս ծնողներ չեն կարողանում յաղթահարել իրենց ցաւը եւ վիշտը, երբ մեր բազմահազար քաղաքացիներ չեն կարողանում ստանալ անհրաժեշտ բուժօգնութիւն առողջապահութեան պետական պատուէրի գումարների սպառման պատճառով, այս իշխանութիւնը, քաղաքացիների խնդիրները մի կողմ...

«Մարդասիրական Օժանդակութիւններ  Տրամադրելով Հանդերձ Միացեալ Նահանգներու  Քաղաքականութեան Մէջ Զինուորական  Օժանդակութեան Օրակարգ Չկար»  Կը Հաստատէ Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան

«Մարդասիրական Օժանդակութիւններ Տրամադրելով Հանդերձ Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութեան Մէջ Զինուորական Օժանդակութեան Օրակարգ Չկար» Կը Հաստատէ Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան

«Ազդակ»-ի 35-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2021-ին: Դասախօսն էր Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան: Նիւթ` «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու հարցը 1919 թուականի աշնան»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ հաստատեց, որ նիւթը կը տեղադրուի իբրեւ լայնածաւալ հատուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Միացեալ...

Արամ Մանուկեանի Դիմաքանդակը  Յանձնուեցաւ ՀՅԴ Թանգարանին

Արամ Մանուկեանի Դիմաքանդակը Յանձնուեցաւ ՀՅԴ Թանգարանին

Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը իր արժանի տեղը գտաւ: Անիկա յանձնուեցաւ ՀՅԴ թանգարանին, ուր կայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած մեծ ցուցասրահ: Քանատա բնակող տաղանդաւոր քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան դիմաքանդակը խոստացած էր բերել անցեալ սեպտեմբերին, սակայն «Քորոնա» համավարակը խանգարած է իր ծրագիրը: Քանդակագործը կը փափաքէր, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունենար առանձին թանգարան` Արամ Մանուկեանին նուիրուած: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բարձր գնահատեց արուեստագէտին...

Page 347 of 797 1 … 346 347 348 … 797

Արխիւներ