Գլխաւոր լուրեր

Այնճարի Մէջ.   «Ներկայ Փուլին Պէտք Է Դրական Մթնոլորտ  Տարածել Եւ Ջանքերը Միասնականացնել»   Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Այնճարի Մէջ. «Ներկայ Փուլին Պէտք Է Դրական Մթնոլորտ Տարածել Եւ Ջանքերը Միասնականացնել» Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 106-ամեակին տօնակատարութիւնները եզրափակող Ս. պատարագին, որ մատուցուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Ս. պատարագին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներ Վարդգէս Խօշեան եւ Մարտիկ Պօղոսեան: Ս. պատարագէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ, 11 սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի: Խորհուրդը յանձնեց շնորհակալագիր մը, ուր կ՛ըսուի. «Վեհափա՛ռ տէր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին անունով, սոյն գրութեամբ կը դիմենք ձեզի, արտայայտելու մեր շնորհակալութիւնն ու բարձր գնահատանքը` ձեր ցուցաբերած հայրական գուրգուրանքին ու հոգածութեան համար: Երկարամեայ ձեր հոգածութեան...

Խմբագրական.   Կառավարութիւն, Լիբանանահայութիւն  Եւ Աւանդական Վարքագիծ

Խմբագրական. Կառավարութիւն, Լիբանանահայութիւն Եւ Աւանդական Վարքագիծ

Կառավարութեան կազմութեան ոդիսականը երէկ հասաւ իր աւարտին: Անշուշտ խորացած տագնապը չէ, որ հասած է իր աւարտին: Պէտք չէ միամտանալ` եզրակացնելու համար, որ իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ֆինանսական եւ տնտեսական տագնապներու կուտակում գոյութիւն ունի, եւ այդ բոլորը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ յաղթահարել: Կարեւորը լաւատեսական մթնոլորտի գոյացումն է: Կայ հասարակական ակնկալութիւն, որ կենցաղային տարրական խնդիրները կը սկսին լուծուիլ, եւ...

Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքի  Ներկայացուցիչ, Ճարտարարուեստի  Նախարար Ճորճ Պուչիքեանի Կենսագրութիւն

Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ, Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուչիքեանի Կենսագրութիւն

Ճորճ Պուչիքեան ծնած է 10 մայիս 1965-ին: Վկայուած է որակի եւ նորոգութեան մարտահրաւէրներու տնօրինման մարզին մէջ` Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան տնօրինման Քանատայի հիմնարկէն: Մասնագիտացած է պաշտօններու արժեւորման, ծրագրաւորումի եւ արտադրութեան մարզի տնօրինման, ծախսերու նուազեցման եւ որակի պահպանման ընդմէջէն` արտադրողականութեան բարելաւումը ապահովելու, պիւտճէներու պատրաստութեան եւ գործարկումի ծախսերու քննութեան մարզերուն մէջ: Ճ. Պուչիքեան Այնճարի բարեկարգումի խորհուրդի նախագահն է: Ան անդամ է բժշկական սարքեր...

Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Ծնունդ Առաւ  13 Ամսուան Տառապալից Երկունքէ Ետք.   Վարչապետ Միքաթի Կը Խոստանայ Ամէն Ջանք  Ի Գործ Դնել` Լուծելու Համար Երկրին Տագնապները

Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Ծնունդ Առաւ 13 Ամսուան Տառապալից Երկունքէ Ետք. Վարչապետ Միքաթի Կը Խոստանայ Ամէն Ջանք Ի Գործ Դնել` Լուծելու Համար Երկրին Տագնապները

Անցնող 13 ամսուան ընթացքին տիրած գրեթէ անիշխան իրավիճակէն ետք, երէկ Լիբանան ունեցաւ իր նոր կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին երկարաժամկէտ ըլլալը մերժող վարչապետ Միքաթի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գործակցաբար յաջողեցաւ կազմել կառավարութիւնը, որ կը բաղկանայ 24 նախարարներէ: Օր մը առաջ տիրած լաւատեսութիւնը, որ տեւած էր մինչեւ կէս գիշեր, իսկ առաւօտեան յաւելեալ դրական ներուժով համակուած էր,...

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Իշխանութիւնները  Որդեգրած Են Հայաստանը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի  Ամբողջական Ազդեցութեան Տակ  Մտցնելու Քաղաքական Ուղղութիւնը»

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Իշխանութիւնները Որդեգրած Են Հայաստանը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ամբողջական Ազդեցութեան Տակ Մտցնելու Քաղաքական Ուղղութիւնը»

Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան մէջ «անկախ հայկական պետականութիւն» հասկացութիւնը չկայ: Եթէ պիտի ըլլայ ինչ-որ հայկական պետականութիւն Թուրքիոյ դրացնութեամբ, ապա Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեամբ` ատիկա կ՛ենթադրէ իրմէ կախուածութիւն: Իսկ այն ուղղութիւնը, որ մեր իշխանութիւնները որդեգրած են, ճիշդ այդ է` Հայաստանը դարձնել Թուրքիայէն կախուած, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ամբողջական ազդեցութեան տակ, եւ ամբողջովին կորսնցնել ինքնիշխանութիւնը, անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեան որդեգրած արտաքին քաղաքական գիծին երէկ`...

Ակնարկ.   Քաղաքացիներու Իրաւունքներու  Պաշտպաններն Ու Քաղաքացիները  Ստորացնողները

Ակնարկ. Քաղաքացիներու Իրաւունքներու Պաշտպաններն Ու Քաղաքացիները Ստորացնողները

Լիբանանի դէմ կիրարկուող ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարումը կը շարունակուի մեծ հաշուով: Վառելանիւթէն դեղորայք, սննդեղէնէն մինչեւ հիւանդանոցային ծառայութիւններու խիստ սահմանափակում` քաղաքացիներու ստորացման շարքերը կը խտացնեն անորոշ ձգելով փակուղիէն դուրս գալու որեւէ հնարաւորութեան գոյացումի ճակատագիրը: Խաբուսիկ լաւատեսութեան լուրեր, կարճատեւ  հանգրուանային լուծումներու փորձեր որեւէ ձեւով լոյս չեն սփռեր իրավիճակի փոփոխութեան տանող ճանապարհներուն վրայ: Բնական է, որ զանգուածային ցասումը, յուսահատական մթնոլորտի տարածումը եւ մանաւանդ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Հետ Կապուած  Տեղի Կ՛ունենան Ապօրինութիւններ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Հետ Կապուած Տեղի Կ՛ունենան Ապօրինութիւններ»

Երէկ` հինգշաբթի, 9 սեպտեմբերին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելած են «Քանաքեռ-Զէյթուն» բժշկական կեդրոն` Արմէն Չարչեանի հետ տեսակցելու: Նախանցեալ օր փրոֆեսէօր Չարչեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած էր, ան կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ: Հիւանդանոցին առջեւ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Շատ յստակ, հիմնաւոր փաստերով ե՛ւ փաստաբանները, ե՛ւ բժիշկները ըսած են, որ փրոֆեսէօրին...

Արշակ Կարապետեան Ընդունեց Արցախի Մէջ  Ռուսիոյ Խաղաղապահ Ուժերու Նոր Հրամանատարը

Արշակ Կարապետեան Ընդունեց Արցախի Մէջ Ռուսիոյ Խաղաղապահ Ուժերու Նոր Հրամանատարը

Երէկ` հինգշաբթի, 9 սեպտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը ընդունեց Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Միխայիլ Քոսոպոքովը եւ Հայաստանի մէջ ռուսական 102-րդ ռազմական խարիսխի հրամանատար գնդապետ Տմիթրի Օվչարովը: Հանդիպումին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան պաշտպանական հարցերով կցորդ գնդապետ Իկոր Շչերպաքով, Արշակ Կարապետեան կարեւոր նկատեց  Հայաստանի տարածքին տեղակայուած ռուսական ստորաբաժանման դերն ու նշանակութիւնը: Ան բարձր...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը. Համազգային Չապաքինուած Ցաւի Մթնոլորտին Մէջ «Գունեղ Տօնակատարութեան» Մասին Խօսիլը Անարգանք Է Զոհերու Յիշատակին

Կառավարութեան վերջին նիստում յայտարարուեց սեպտեմբերի 21-ին Հանրապետութեան հրապարակում կազմակերպուող «լայնածաւալ եւ գունագեղ տօնակատարութեան» մասին: Անառարկելիօրէն, սեպտեմբերի 21-ը մեր ազգային, պետական տօնացոյցի ամենաարժէքաւոր օրերից է: Ուղիղ երեսուն տարի առաջ` 1991 թուականի սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի ժողովուրդը քուէարկեց անկախ պետութիւն ստեղծելու օգտին: Անցնող տարիները պետականաշինութեան, մեր յաղթանակներն ամրապնդելու ժամանակներ էին, եւ մեր հաւաքական ճիգն ուղղուած էր անցած ճանապարհն արժեւորելու, մեր բացթողումները խմբագրելու եւ...

Աղուան Յովսէփեանը Կալանաւորուած Է

Աղուան Յովսէփեանը Կալանաւորուած Է

Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի նախկին նախագահ, նախկին ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան կալանաւորուած է: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին տեղեկացուց Յովսէփեանի պաշտպան Սասուն Ռաֆայէլեանը: «Մենք անպայման բողոք պիտի ներկայացնենք Վերաքննիչ դատարան, պարզապէս որոշումը դեռ չենք ստացած: Երէկ հրապարակուած է դատարանի որոշումին եզրափակիչ մասը: Որոշումը ստանալուն պէս պիտի քննենք, որմէ ետք բողոք ներկայացնենք», նշեց Ռաֆայէլեան: Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ...

Փաշինեանը Էրտողանի Յայտարարութիւններուն  Մասին. «Պատրաստ Ենք Նման Խօսակցութեան»

Փաշինեանը Էրտողանի Յայտարարութիւններուն Մասին. «Պատրաստ Ենք Նման Խօսակցութեան»

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, կառավարութեան նիստին սկիզբը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցին հրապարակային անդրադարձ կատարած է Թուրքիոյ նախագահը: «Այդ յայտարարութիւններուն մէջ մենք կը տեսնենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու, հայ-թրքական երկաթուղին եւ ճամբաները վերագործարկելու մասին խօսելու առիթ: Եւ մենք պատրաստ ենք նման խօսակցութեան: Մեծ հաշուով խօսքը մեր շրջանը արեւմուտքը արեւելքին, հիւսիսը...

«Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով  Պէտք Եղած Բոլոր Դիւրութիւնները  Տրամադրեցի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Պէտք Եղած Բոլոր Դիւրութիւնները Տրամադրեցի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ կապը տակաւին կայ, եւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին` ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն` միջնորդի դրութեամբ: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով պէտք եղած բոլոր դիւրութիւնները տրամադրած է` աւելցնելով, որ Պաապտայի եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ կառավարութեան նոր կազմին պատկերացումը կրող թուղթերու փոխանակում կը կատարուի: «Առաջարկներ կը կատարուին,...

Ամմանի Մէջ.   Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ Լիբանանին  Կազ Եւ Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու  Կարելիութիւններուն Շուրջ

Ամմանի Մէջ. Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ Լիբանանին Կազ Եւ Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու Կարելիութիւններուն Շուրջ

Յորդանան երէկ իր մայրաքաղաքին` Ամմանի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանին ելեկտրականութիւն եւ կազ տրամադրելու կարելիութիւնները սերտելու քառակողմ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ուժանիւթի նախարարները: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք ձգած էին` Լիբանանին ուժանիւթ տրամադրելու իմաստով, եւ այդ ուժանիւթին մաս կը կազմէին յորդանանեան ելեկտրական հոսանքն ու եգիպտական կազը` Սուրիոյ վրայով: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբին Մէջ.  Գերեվարութենէ Ազատած Մարալ Նաճարեանի Շնորհակալական Այցելութիւնը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբին Մէջ. Գերեվարութենէ Ազատած Մարալ Նաճարեանի Շնորհակալական Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն ակումբին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լէյլաւանցի Մարալ Նաճարեանին հետ, որ արցախեան պատերազմի օրերուն, 10 նոյեմբերին յայտնուած էր ազրպէյճանական գերութեան մէջ: ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ կոմիտէն Մարալ Նաճարեանի` գերեվարութենէ ազատումէն ետք մօտէն հետեւեցաւ անոր բժշկական, ընկերային եւ նիւթական պայմաններուն: Ան ըսաւ, որ առաջին օրերուն հիմնական...

Ազրպէյճանէն Երկու Գերի  Վերադարձաւ Հայրենիք

Ազրպէյճանէն Երկու Գերի Վերադարձաւ Հայրենիք

Երէկ` երեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին Ազրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի երկու քաղաքացիներ: Անոնց փոխարէն ազրպէյճանական կողմին փոխանցուեցաւ Արցախի մէջ կալանաւորուած ազրպէյճանցի զինուոր Ճամիլ Պապայեւը, որ 25 օգոստոսին ապօրինաբար հատեց սահմանը եւ մտաւ Արցախի Մարտակերտի շրջանի տուներէն մէկը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն: Գերիներու Հայաստան վերադարձը իրականացաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ: Վերադարձուած 2 քաղաքացիները 14 յուլիսին...

Արցախի Եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց  Նախարարները Քննարկեցին  Համագործակցութեան Ուղիները

Արցախի Եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկեցին Համագործակցութեան Ուղիները

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 7 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Քննարկուեցան արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ երկու պետութիւններու համագործակցութեան, շրջանային գործընթացներուն ու ազրպէյճանական-արցախեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին փոխադարձ գործակցութեան շարունակական ընդլայնումն ու խորացումը, հայկական երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու համագործակցութեան բարձր մակարդակի պահպանումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Լաչինի Միջանցքի Մերձակայքի Ռազմափորձը Կը Խաթարէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Ջանքերը»

Թուրք-ազրպէյճանական ռազմափորձերու կայացումը` Հայաստանի ու Արցախի սահմաններու եւ Լաչինի միջանցքի մերձակայքը, կը նկատուի լարուածութեան մեղմացման վերաբերող քայլերուն վնասող գործողութիւն: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան` պատասխանելով «Սփութնիք Արմենիա» լրատուական գործակալութեան` Լաչինի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ միացեալ ռազմափորձերու մեկնարկին առնչուող հարցումին: «Այս գործողութիւնը չի համապատասխաներ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան ոգիին եւ կը խաթարէ շրջանին...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Հովանաւորէ   «Տէյվիս» Թենիսի Մրցաշարքը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Հովանաւորէ «Տէյվիս» Թենիսի Մրցաշարքը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի թենիսի հաւաքականին, որ յառաջիկայ շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 սեպտեմբերին, Քասլիքի «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» մարզահամալիրին մէջ պիտի մրցի Պրազիլի հաւաքականին դէմ, «Տէյվիս» թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալը` ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի անդամ Լին Պաշշուրի: Հանդիպումին ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարը անմիջական...

Կարապետեան Եւ Մուրատով Քննարկած Են  Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութեան Ընթացքը  Եւ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրադրութիւնը

Կարապետեան Եւ Մուրատով Քննարկած Են Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութեան Ընթացքը Եւ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրադրութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան 6 սեպտեմբերին ընդունեց զօր. Ռուստամ Մուրատովը, որ կ՛աւարտէ իր առաքելութիւնը` իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար: Հանդիպումին, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան պաշտպանական հարցերով կցորդ, գնդապետ Իկոր Շչերպաքով, քննարկուեցաւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքը, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը: Արշակ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Ռուստամ Մուրատովին` Արցախի մէջ խաղաղութեան պահպանման...

Page 349 of 797 1 … 348 349 350 … 797

Արխիւներ