Երէկ` 5 նոյեմբեր 2021-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Անն Լույոն:
Հանդիպումին քննարկուեցան հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին, շրջանային անվտանգութեան, զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ այս պարունակին մէջ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ֆրանսական երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին համագործակցութեան զարգացման վերաբերող գործողութիւններուն աշխուժացումը` առկայ արդիւնաւէտ ծրագիրները շարունակելու եւ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու նախաձեռնելու նպատակով: