Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշիի Մօտակայքը Ազրպէյճանցիները Կրակած Են Քաղաքային Անձերու Ուղղութեամբ. Արձանագրուած Են 1 Զոհ Եւ 3 Վիրաւորներ

Նոյեմբեր 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 8 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ի շուրջ, Շուշի քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին վրայ ազրպէյճանական կողմը կրակոցներ արձակեց տուեալ վայրին մէջ ենթակառուցուածքներու վերականգնման նպատակով շինարարարական աշխատանքներ կատարող քաղաքային անձերուն վրայ: Լուրը հաղորդեց Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Այդ դէպքին պատճառով արձանագրուեցան 1 զոհ եւ 3 վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուեցան Ստեփանակերտի հիւանդանոց. վիրաւորներէն մէկուն վիճակը, ըստ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, ծանր է, իսկ երկուքը` միջին ծանրութեան:

Արցախի դատախազութիւնը իր կարգին դիտել տուաւ, որ դէպքին հանգամանքները պարզելու, իրական պատճառները բացայայտելու եւ իրաւական գնահատական տալու համար Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան խումբերու ու քննչական կոմիտէի քննիչները տեղւոյն վրայ կը կատարեն անյետաձգելի հետախուզական, քննչական ու դատավարական այլ գործողութիւններ: Նշուեցաւ, որ այս աշխատանքը կը կատարուի ռուսական խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց դէպքը` զայն նկատելով Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ հաստատուած զինադադարի կոպիտ խախտում:

Նախորդը

Առցանց Խորհրդաժողով` ՀՅԴ-ի Ուղեկից Միութիւններու Կեդրոնական Վարչութիւններուն Հետ

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը. «Մենք Կը Սկսինք Համազգային Դիմադրութեան` Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մէջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?