Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքը Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուած Հանրահաւաքով Մեկնարկը Կը Կատարէ Համազգային Դիմադրութեան Շարժումին

Նոյեմբեր 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 8 նոյեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած հանրահաւաքը, որով ընդդիմութիւնը սկիզբ կը դնէ Համազգային դիմադրութեան: Հրապարակը բազմամարդ էր, հանրահաւաքին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:

Նախքան հանրահաւաքի մեկնարկը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 44-օրեայ պատերազմին յանուն հայրենիքին զոհուած հերոսներուն յիշատակը: Օրը պատահականօրէն չէր ընտրուած, մէկ տարի առաջ, այս օրը ստորագրուած է յանձնուողական յայտնի փաստաթուղթը:

«Եկէք պայմանաւորուինք` այսօր այստեղէն` Ազատութեան հրապարակէն, հիմք կը դնենք Համազգային դիմադրութեան», իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Հայ ժողովուրդը պէտք է ձեւաւորէ Համազգային դիմադրութիւն, որ պիտի ունենայ երկու ճակատ` արտաքին եւ ներքին», նշեց ան:

«Դիմադրութեան արտաքին ճակատին վրայ մենք ամբողջ աշխարհին եւ, մասնաւորապէս մեր թշամիներուն պէտք է ցոյց տանք եւ ապացուցենք, որ Նիկոլը հայ ժողովուրդի հաւաքական կերպարը չէ, Նիկոլը չունի լիազօրութիւն երկիրը տանելու նոր զիջումներու: Մենք այսօր` այս հրապարակէն, պէտք է ձեւակերպենք այդ Դիմադրութիւնը, որ այս իշխանութեան կողմէ ստորագրուած որեւէ հակահայ փաստաթուղթ մեր կողմէ պիտի ըլլայ անընդունելի: Երկրորդ ճակատը` պէտք է դիմադրութիւն ցոյց տանք ներքին կեանքին մէջ, ցոյց տանք դիմադրութիւն մեր պետութիւնն ու երկիրը քայքայող բոլոր երեւոյթներուն նկատմամբ. բոլոր ոլորտներու մէջ պէտք է ձեւաւորենք մեծ ու փոքր դիմադրութիւն մեր պետութեան անկումը կանխելու համար», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ելոյթին սկիզբը ան արձանագրեց, որ մէկ տարի առաջ` 27 սեպտեմբերին, սկսաւ պատերազմը: Հայ մարդը, հայ ազգը ամէն ինչ ըրին այդ պատերազմին յաղթանակ ունենալու համար. պատերազմի գացին հայ մտաւորականը, հայ գիւղացին, երաժիշտը, ուսուցիչը, սփիւռքի մէջ ծնած, մեծցած քանատահայը, սուրիահայը, պարսկահայը, լիբանանահայը: Պատերազմի գացին հայր ու որդի, պապ ու թոռ, երկու եղբայր միասին, գացին գիտակցումով, գացին յանուն հայրենիքի, գացին, որպէսզի հայ մարդը ապրի, արարէ, զարգանայ իր սեփական հայրենիքին մէջ, գացին, որպէսզի ունենան հայկական Արցախ եւ Հայաստան:

Ցաւօք, Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած խմբակը, ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան, իր անկարողութեամբ, դաւաճանութեամբ ու անգործութեամբ երկիրը տարաւ պարտութեան:

«9 նոյեմբերի պարտութենէն ետք մենք 11 նոյեմբերին այս հրապարակին վրայ հաւաքուեցանք եւ սկսանք պայքար մէկ հիմնական օրակարգով` հեռացնել երկրին աղէտ եւ չարիք բերած իշխանութիւնը, վերականգնել մեր արժանապատուութիւնը, կանխել երկրի նոր կորուստները: Մենք միասին 8 ամիս շարունակ փողոցին մէջ պայքարած ենք, բայց դեռ մեր նպատակին չենք հասած. մեր քայլերուն եւ գործողութիւններուն շնորհիւ, բայց ոչ երբեք մեր պայմանաւորուածութիւններուն կամ մեր որոշման, երկրին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրութիւն: Մենք այդ ընտրութիւնը դիտարկեցինք իբրեւ միջոց եւ կարելիութիւն այս իշխանութիւնները հեռացնելու: Ցաւօք, այդ ընտրութիւններուն յաղթեցին սուտն ու կեղծիքը, ամբոխահաճութիւնն ու ամբոխավարութիւնը, վարչական լծակներն ու բռնաճնշումները: Եւ այս իշխանութիւնը վերարտադրուեցաւ` երկիրը տանելով նոր կորուստներու եւ նոր զիջումներու», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան ընդգծեց, որ ընտրութիւններէն ետք կը շարունակուին մեր կորուստները, թշնամին կը շարունակէ յարձակողապաշտութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ, այս իշխանութիւններուն կողմէ չկայ դիմադրութիւն, չկայ պայքար. կեղծ, ինքնահռչակ, ցնորամիտ խաղաղասիրութեան գաղափարներով երկիրը կը փորձեն տանիլ նոր յանձնուողականութեան:

«Ո՞րն է մեր խնդիրը. պատմութեան մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ, երբ պարտութենէ ետք պետութիւնները եւ ժողովուրդները իրենց մէջ ուժ  գտած են, ոտքի կանգնած եւ զարգացած են», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Պատերազմը աւարտած չէ, նշեց ան, այսօր ժամեր առաջ Շուշիի մօտակայքը կրկին ունեցանք քաղաքային զոհ: Թշնամին կը շարունակէ յաւակնութիւններ ունենալ Սիւնիքի նկատմամբ, կը փորձէ հայաթափել Արցախը եւ թրքացնել Հայաստանը:

Ան կոչ ուղղեց Ազատութեան հրապարակէն հիմք դնելու Համազգային դիմադրութեան` երկիրն ու պետութիւնը քայքայող երեւոյթներու նկատմամբ:

Խօսք առաւ նաեւ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան: Ան նշեց, որ ներկայ իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրաւ այս պատերազմը անխուսափելի դարձնելու եւ պարտուելու համար: «Մենք բոլորս պէտք է միաւորուինք, պէտք է այդ Դիմադրութեան շարժումին ուժ հաղորդենք: Ասիկա երկար պիտի չտեւէ, շաբաթներու եւ ամիսներու հարց պիտի ըլլայ: Ամէն ինչ կախուած է ձեզմէ, այստեղ կանգնած իւրաքանչիւր քաղաքացիէ», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը. «Մենք Կը Սկսինք Համազգային Դիմադրութեան` Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Մէջ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Համազգային Դիմադրութեան Հիմնադրոյթները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?