Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Մըր Ընտանիքէն Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Մըր Ընտանիքէն Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այսօր «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Մըր ընտանիքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ինթըրփոլի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Մըր, զաւակը` Միշել Մըր, Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին, երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքականութենէ եւ ընտրութիւններէ հեռու, նախ կ՛ողջունենք Էլիաս Մըրի, Միշելի եւ Միրնա Մըրի այցելութիւնը...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը` Հայոց Բանակի 30-Ամեակին Առիթով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը` Հայոց Բանակի 30-Ամեակին Առիթով

30 տարի առաջ` 1992 թուականի յունուարի 28-ին, «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ» պատմական որոշումով ազդարարուեց Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը: Այն ծնունդն էր մեր արդար պայքարի, մեր պոռթկած արժանապատուութեան` ծառայելու մեր անվտանգութեանն ու պետականութեան ամրապնդմանը: Հայոց բանակը կոփուեց հերոսական մարտերում` դառնալով հզօր ու մարտունակ: Իւրաքանչիւր հայ հպարտ էր իր բանակով եւ իր զինուորով: Մեզ միացնում էր այն հաստատ համոզումը, որ հայրենիքի սահմանին...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը` Բանակի Կազմաւորման 30-Ամեակին Առիթով

Ստորեւ «Հայաստան» դաշինքի յայտարարութիւնը` Հայոց բանակի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով. Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայոց բանակը երեսուն տարեկան է: Մեր բանակի ծնունդը ժամանակի հրամայականն էր. այն ձեւաւորուեց ազատագրական պայքարի բովում, կոփուեց ու կայացաւ` պաշտպանելով մեր նորանկախ պետականութիւնը, երաշխաւորելով մեր անվտանգութիւնն ու արձանագրելով յաղթանակներ: Անցնող երեսուն տարիներին մեր բանակը վայելել է համայն հայութեան սէրն ու ակնածանքը, արժանապատուութեամբ ու հպարտութեամբ ամրացրել մեր հաւաքական ոգին: Սիրելի՛...

Միւֆթի Տըրիանի Հետ Հանդիպելէ Ետք.   «Ընտրութիւններուն Սիւննի Համայնքին Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Պիտի Չենթարկուի»  Հաստատեց Վարչապետ Միքաթի

Միւֆթի Տըրիանի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Ընտրութիւններուն Սիւննի Համայնքին Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Պիտի Չենթարկուի» Հաստատեց Վարչապետ Միքաթի

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարուած նիստի մը ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի դարձեալ այսօր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Նախքան նիստին գումարումը, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Կրիօ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: Կառավարութեան նիստէն ետք, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ շէյխ Ապտել...

Խմբագրական.    Հայոց Բանակին Վերականգնման Համար  (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Հայոց Բանակին Վերականգնման Համար (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան  նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ բոլոր առումներով բարդ է.  այդ կարգին` արժեւորում կատարող որեւէ վերլուծումի փորձ կատարողին համար: Բազմաթիւ պատճառներ եւ դիտանկիւններ կային յաղթանակած բանակի մասին, բանակի օրուան առիթով, նիւթեր հրապարակելու եւ յիշելու, որ մեր զինեալ ուժերը տարածաշրջանին ամէնէն մարտունակն են: Միջազգային իրաւունքի եւ արտաքին դիւանագիտութեան իրաւաչափութիւնները յարգելով միշտ անջատ միաւոր իբրեւ կը ներկայացուէին հայոց բանակն ու Արցախի...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Արցախի Եւ Անդրկովկասի Նիւթը

«Կը Շարունակենք Սերտօրէն Աշխատիլ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանազատման Հարցով Երկկողմանի Յանձնախումբի Ստեղծման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր, նախարարութեան մամլոյ վարչութեան պետի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման հարցով յանձնախումբի ստեղծման: «Կը շարունակենք սերտօրէն աշխատիլ գործընկերներու հետ իրագործելու համար Սոչիի մէջ 26 նոյեմբեր 2021-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու որդեգրած յայտարարութեան, որով ներառեալ կը նախատեսուի հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման եւ ատոր յաջորդող սահմանագծման հարցով երկկողմանի յանձնախումբի ստեղծումը` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ: «Վստահ...

Ազրպէյճանցիները Վերցուցած Են Հատրութի Սպիտակ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթի Խաչը

Ազրպէյճանցիները Վերցուցած Են Հատրութի Սպիտակ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթի Խաչը

Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կը շարունակէ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ժառանգութեան եւ հայկական հետքերու ոչնչացման քաղաքականութիւնը: Այս մասին կը գրէ «Ուոր.քարապախռեքըրտզ» կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ 2020 թուականի վերջէն Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած մշակութային ցեղասպանութեան օրինակներուն աւելցած է Հատրութի շրջանի Վանք գիւղի Սպիտակ Խաչ եկեղեցին: Ընկերային ցանցերու ազրպէյճանական հատուածին վրայ տարածուած տեսանիւթէն յստակ կը դառնայ, որ ազրպէյճանցիները...

Պրիւքսելի Մէջ.   Արման Թաթոյեան Քննարկումներ Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հարցերով Մնայուն Զեկուցողներուն Հետ

Պրիւքսելի Մէջ. Արման Թաթոյեան Քննարկումներ Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հարցերով Մնայուն Զեկուցողներուն Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ին,  Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Պրիւքսելի մէջ քննարկումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ազրպէյճանի հարցերով մնայուն զեկուցող Ժելեանա Զովքոյի հետ, իսկ 26 յունուարին`  Հայաստանի հարցերով մնայուն զեկուցող  Անտրէյ Քովաչեւի հետ: Արման Թաթոյեան ներկայացուց փաստեր ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Երասխի մէջ Հայաստանի բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներուն (գողութիւններ, կրակոցներ, արօտավայրերու հրկիզում, տեսախցիկներով քաղաքացիական տուներու դիտարկում եւ այլն)...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Վարչապետի Հերթական Անհիմն Պնդումներուն Վերաբերեալ

Հայաստանի վարչապետը 2022 թուականի յունուարի 24-ի հարցազրոյցում իրեն թոյլ է տուել պնդումներ, որոնք մի կողմից խեղաթիւրում են պատմական փաստերը, միւս կողմից` գրեթէ նոյնութեամբ կրկնում ազրպէյճանաթուրքական թեզերը, որոնց դէմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայ դատի յանձնախմբերի ու գրասենեակների համաշխարհային ցանցը տեւական ժամանակահատուած արդիւնաւէտ պայքար են մղել: Ներկայումս չափազանց ցաւալի է Հայաստանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարի շուրթերից լսել թշնամական թեզերի կրկնութիւնը: Ի թիւս բազմաթիւ...

Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեանը, Ըստ Էութեան, Կը Փորձէ, Ամէն Ինչ Խեղաթիւրելով, Յառաջ Ընթանալ»

Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեանը, Ըստ Էութեան, Կը Փորձէ, Ամէն Ինչ Խեղաթիւրելով, Յառաջ Ընթանալ»

Փաշինեանը որոշած է` պէտք է Թուրքիոյ հետ կարգաւորէ յարաբերութիւնները, իսկ Թուրքիան անընդհատ կը յիշեցնէ նախապայմաններու գոյութեան մասին. «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փաշինեանական մօտեցումներուն: «Այս իշխանութիւնները Թուրքիայէն կը լսեն նոյն յայտարարութիւնները, բայց` կը հասկնան այլ բան: Փաշինեանը Թուրքիոյ հետ սկսած է գործընթացի...

«Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Հետ Ամուսնալուծում Չկայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Հետ Ամուսնալուծում Չկայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Լեպանոն ֆայլզ» կայքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց երէկ առաւօտեան շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ամուսնալուծում կայացած է: Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այս լուրը անճիշդ է: «Շաբաթ մը առաջ յայտարարած էի, որ առկայ ընտրական օրէնքը...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Ներկայացուցիչը` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Ներկայացուցիչը` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Չորեքշաբթի, 26 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը վեհափառ հայրապետին նամակ մը յանձնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ: Նամակին մէջ ընդհանուր քարտուղարը իր գնահատանքը կը յայտնէր վեհափառ հայրապետին ընդհանրապէս Լիբանանի տագնապը դիմագրաւելու գծով իր կատարած ճիգերուն, միջհամայնքային երկխօսութեան բերած իր կարեւոր ներդրումին, ինչպէս նաեւ 20...

Նախագահ Սարգսեան Չի Մեկնաբաներ  Սահմանադրական Դատարանի Մասին Օրէնքի  Փոփոխութիւններու Փաթեթը  Չստորագրելու Որոշումը

Հայաստանի Նախագահի Աշխատակազմի Յայտարարութիւն. «Փորձ Կը Կատարուի Հանրութեան Ուշադրութիւնը Կրկին Շեղելու Կեղծ Օրակարգով»

Երէկ` երեքշաբթի, 25 յունուար 2022-ին, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը յայտարարութեամբ անդրադարձաւ այդ պաշտօնէն Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին եւ անոր մասին լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ լոյս տեսած հրապարակման: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ. «Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի յայտարարութեամբ Արմէն Սարգսեանը հանրութեան ուշադրութեան հրաւիրեց պետութեան առջեւ ծառացած իրական խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու վրայ, բնութագրելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը իբրեւ համազգային ճգնաժամ: «Ցաւօք, «Հետք»-ի եւ նմանատիպ հրապարակումներով փորձ կը կատարուի...

Հայաստանի Զինուորական Օդուժը Համալրուեցաւ Ժամանակակից Բազմագործառոյթ Ուղղաթիռներով

Հայաստանի Զինուորական Օդուժը Համալրուեցաւ Ժամանակակից Բազմագործառոյթ Ուղղաթիռներով

Հայաստանի զինուորական օդուժը համալրուեցաւ ժամանակակից բազմագործառոյթ նոր ուղղաթիռներով, որոնք նախատեսուած են ցամաքահանումի, կրակային, փոխադրութեան եւ առողջապահական խնդիրներ կատարելու համար: Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ռազմական նոր օդուժի սարքաւորումներու ընդունման առիթով 25 յունուարին «Էրեբունի» օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեան: Բանակի կազմաւորման տարեդարձին ընդառաջ, շնորհաւորելով անձնակազմը, զօրամասի հրամանատարութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ...

Ալիեւ. «Հայաստանէն «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Ստեղծման Մեկնարկին Վերաբերեալ Դրական Լուրեր Կը Ստանանք»

Ալիեւ. «Հայաստանէն «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Ստեղծման Մեկնարկին Վերաբերեալ Դրական Լուրեր Կը Ստանանք»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ երկուշաբթի օր ծանօթացած են այսպէս կոչուած` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման հարցով աշխատանքներուն: Անոր համաձայն, արդէն յաջողութեամբ թէ՛ ինքնաշարժային, թէ՛ երկաթուղային ճամբաներ կը կառուցուին: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ալիեւ յայտարարած է Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար եւ ազրպէյճանական-իրանեան տնտեսական համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի համանախագահ Ռուսթամ Քասիմի հետ տեսակապով տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին:...

Դոկտ․ Աբել Մանուկեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ․ Աբել Մանուկեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ  կրօններու զուիցերիական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ․ Աբել Մանուկեան։ Դոկտ․ Մանուկեան , որ հեղինակ է գիտական աշխատասիրութիւններու, դասախօսած էր «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին  «Պազէլի միսիոնարները եւ մշակութային զարթօնքը Շուշիի մէջ, 1823-1835 թուականներուն» նիւթին մասին։ Իր հեղինակած «Հայ եւ հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիներու միութեան վերջին փորձը Փլորենտիոյ մէջ եւ «Տէքրէթում փրօ Արմենիս» կամ «Հրահանգ առ հայս կոնդակը»,...

Խմբագրական.    Սփիւռքն Ու Համազգային Օրակարգը` Նախագահի Հրաժարականի Հիմնաւորումներուն Մէջ

Խմբագրական. Սփիւռքն Ու Համազգային Օրակարգը` Նախագահի Հրաժարականի Հիմնաւորումներուն Մէջ

Նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Հակառակ անոր որ օրեր առաջ հայաստանեան որոշ լրատուակայքեր շրջանառութեան մէջ դրին նախագահի հեռանալու մասին լուրեր` բժշկական քննութիւններու պատճառով արձակուրդի երթալու առիթով: Հրաժարականի մասին իր հրապարակած յայտարարութիւնը ամէնէն շատ կը խօսի բացակայող լիազօրութիւններու մասին: Նախագահը չունի գործառոյթներ կարեւորագոյն գործընթացներու վրայ ազդելու առումով: Նախագահ Սարգսեան կանխած է հարցումը, թէ ինչո՞ւ հիմա է, որ կ՛երթայ այդ...

Աւստրալիոյ Երիտասարդական Ազատական Շարժումը Վերահաստատած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքի Ճանաչումը

Աւստրալիոյ Երիտասարդական Ազատական Շարժումը Վերահաստատած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքի Ճանաչումը

Աւստրալիոյ երիտասարդական ազատական շարժումը որդեգրած է հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու բանաձեւ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: Երիտասարդական ազատական շարժումը Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութեան երիտասարդական թեւն է: Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութիւնը երկրի քաղաքական մեծ ուժերէն մէկն է եւ ներկայիս դաշնակցային կառավարութեան մէջ է` վարչապետ Սքաթ Մորիսընի գլխաւորութեամբ: Հաղորդագրութեան...

«Ճենեսիս Արմենիա»-ի Ներկայացուցիչները Այցելեցին ՀՅԴ Ստեփանակերտի Գրասենեակ

«Ճենեսիս Արմենիա»-ի Ներկայացուցիչները Այցելեցին ՀՅԴ Ստեփանակերտի Գրասենեակ

22 յունուարին Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելեցին «Ճենեսիս Արմենիա» գիտահետազօտական ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամի ներկայացուցիչները` Աբրահամ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ: Հիւրերը ընդունուեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արա Պուլուզեանի կողմէ: Միտքերու փոխանակման ընթացքին ներկայացուեցան գործնական գործակցութեան առաջարկներ, որոնք կ’առնչուին ապահովութեան, տնտեսական եւ կրթական հիմնահարցերուն, Արցախի հարցը միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելու, անձնակազմի պատրաստութեան դասընթացքներուն, Աղաւնոյի ու Մարտունիի մէջ...

Page 323 of 797 1 … 322 323 324 … 797

Արխիւներ