Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոն, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան եւ հարաւի բարգաւաճման իմաստով խաղաղապահ ուժերուն ունեցած ներդրումին համար:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Միքաթիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Պութրոս Ասաքեր, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ուժերու հրամանատարին ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ է:
Միքաթի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին ճիգ թափելու, որպէսզի Լիբանանի դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները կասեցուին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախագահեց ելեկտրականութեան մարզին նուիրուած ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, Միջազգային դրամատան Արեւելքի շրջանի տնօրէն Սարուժ Քումարճահ, Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Մունա Քաուզի, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէք եւ ուրիշներ:
Ժողովէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ իրենք վարչապետին եւ պատասխանատուներուն հետ արդիւնաւէտ նիստ մը գումարած են` աւելցնելով, որ ինք Միքաթիին ներկայացուցած է Քաթար կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Ֆայեատ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի լուծելու համար Զահրանիի ելեկտրական կայանին հարցը, ինչպէս նաեւ անոր կազ ապահովելու կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ Քաթարի ուժանիւթի նախարար Սաատ Քաապիի հետ քննարկած է Զահրանիի ընկերութեան կազ ապահովելու հեռանկարները:
Ֆայեատ նկատել տուաւ նաեւ, որ Միջազգային դրամատան հետ քննարկած են ամէնէն կարեւոր հարցը, որն է տրամադրել ֆինանսաւորում, որպէսզի Լիբանանին կազ տրամադրուի` բանեցնելու համար Տէյր Աամարի ելեկտրակայանը եւ հետեւաբար 4 ժամուան յաւելեալ ելեկտրականութիւն ստանալու համար:
Ան նշեց, որ պետութեան կողմէ տրամադրուելիք ելեկտրական հոսանքի ժամերը կրնան յաւելում արձանագրել նաեւ, երբ եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու ֆինանսաւորումը կը կատարուի Միջազգային դրամատան կողմէ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «Սիզըր» պատժամիջոցին գործադրութիւնը բացառուի:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Միքաթիի այցելուներէն եղան նաեւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, ինչպէս նաեւ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի այսօր չորեքշաբթի, 23 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին:
Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց
Նախարարութիւնը
Կ՛ողջունէ Միքաթիի Կեցուածքը
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրապարակած հաղորդագրութեան բովանդակած դրական կէտերը` մաղթելով, որ անիկա պատճառ դառնայ, որ Լիբանան իր դերակատարութիւնը վերստանձնէ արաբական եւ միջազգային մակարդակներուն վրայ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ Ռիատ կը փափաքի, որ Լիբանան խաղաղ եւ ապահով ըլլայ, իսկ լիբանանցիներուն կեանքը կայուն եւ ապահով ըլլայ իրենց հայրենիքին մէջ:


