Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Երէկ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ միացեալ յայտարարութիւնը. Հայաստանում գործադիր իշխանութիւնը հերթական յարձակումն է նախաձեռնել դատարանների անկախութեան նկատմամբ: Քաղաքակիրթ աշխարհում աննախադէպ է, որ դատաւորի կայացրած դատական աքթը վերաքննութեան կարգով բողոքարկելու փոխարէն իրաւապահները քրէական հետապնդման ենթարկեն դատաւորին: Նշուածը ստեղծելու է մի իրավիճակ, երբ դատական համակարգն այլեւս վերածուելու է իրաւապահներից կախեալ գործիքի: Այս ապօրինութիւնների շղթան տեղի է...

Ալիեւ. «Յաղթած Ենք Նաեւ Տեղեկատուական  Պատերազմին Մէջ,  Իսկ Պատերազմը Կը Շարունակուի»

Ալիեւ. «Յաղթած Ենք Նաեւ Տեղեկատուական Պատերազմին Մէջ, Իսկ Պատերազմը Կը Շարունակուի»

«Հայրենական պատերազմի տարիներուն ազրպէյճանցի երիտասարդները շատ աշխուժ էին ընկերային ցանցերու վրայ, եւ ընդհանուր առմամբ, կրնամ ըսել, որ մենք յաղթեցինք նաեւ տեղեկատուական պատերազմին մէջ»: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին ազրպէյճանցի երիտասարդութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Անոր համաձայն, տեղեկատուական պատերազմին մէջ «յաղթանակը ապահովուած» է, թէ՛ աւանդական տեղեկատուական ներուժներու, թէ՛ ալ ընկերային ցանցերու միջոցով: «Մենք անգամ...

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 3 փետրուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Էթան Լինչը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ: Այս շրջագիծին մէջ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ: Անոնք շեշտեցին յառաջիկայ...

Ակնարկ.  Սենտիքայական Շարժումին  Յուշումները

Ակնարկ. Սենտիքայական Շարժումին Յուշումները

Լիբանանեան հասարակութիւնը միանշանակ կեցուածք չունի երէկ սկսած գործադուլին նկատմամբ: Մինչ ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, որ երէկ սկսած  բողոքի գործողութիւնը եռօրեայ է, այդուհանդերձ գործադուլը մագլցում ապահովելու նախադրեալներ չի ստեղծեր: Պահանջը` անցնող հոկտեմբերին վարչապետ Միքաթիի հետ համաձայնեցուած կէտերու վաւերացումն է, որ փաստօրէն առկախուած է: Քաղաքացիական շրջանակներէ կը հնչեն զօրակցութեան  կոչեր: Ուրիշներ ուղղակի դէմ են նման միջոցներու, որոնք, իրենց համոզումով, որեւէ...

Միրզոյեան. «Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն  Կառուցելու Համար Կը Պահանջուի  Նաեւ Ազրպէյճանի Նոյնատիպ Դիրքորոշումը»

Միրզոյեան. «Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Կառուցելու Համար Կը Պահանջուի Նաեւ Ազրպէյճանի Նոյնատիպ Դիրքորոշումը»

2020-ին տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող բոլոր խնդիրներու լուծման հոլովոյթը պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ-ի եւ մասնաւորապէս Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջագիծին մէջ: Այս մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքի ըսաւ Աւստրիոյ եւրոպական եւ արտաքին գործոց դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկը` պատասխանելով Առաջին ալիքի լրագրողի այն հարցումին, թէ ըստ...

«Թիւերը, Միջիններն Ու Համեմատութիւնները  Բծախնդրութեամբ Կը Սերտենք,  Եւ Ցարդ Ոչինչ Հաստատ Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Թիւերը, Միջիններն Ու Համեմատութիւնները Բծախնդրութեամբ Կը Սերտենք, Եւ Ցարդ Ոչինչ Հաստատ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Լեպանոն 24» կայքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 1992-ի փորձառութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը դէպի կայունութիւն միակ միջոցն է: «Այս օրերուն վերլուծումներն ու զրպարտութիւնները մեծաթիւ կ՛երեւին: Ինչ կը վերաբերի Մեթնի, միշտ յայտարարած ենք եւ կը վերահաստատենք, որ Մեթնի մէջ բոլորը` անխտիր, կրնան ներկայացուիլ:...

Միջկուսակցական Հանդիպում

Միջկուսակցական Հանդիպում

Երէկ` չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2022-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու հերթական հանդիպումը: Ժողովը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Լիբանանի ներքաղաքական կացութեան եւ անոր ապրած վերջին զարգացումներուն: Միջազգային եւ շրջանային ուժերու Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան ոլորտին մէջ շեշտը դրուեցաւ Թուրքիոյ ծաւալած վտանգաւոր գործունէութեան վրայ: Շարունակուող...

«Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանի Քրիստոնեայ  Հոգեւոր Պետերուն Ունեցած Հանդիպումը  Ամբողջանայ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հոգեւոր Պետերու  Հանդիպումով Վատիկանի Մէջ»  Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերուն Ունեցած Հանդիպումը Ամբողջանայ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումով Վատիկանի Մէջ» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պքերքէի մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ Փոլ Կալակեր արքեպիսկոպոսին հետ: Վեհափառ հայրապետն ու նախարարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին 1 յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին ու անոր անդրադարձին Լիբանանի մէջ: Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Արդէն տեւական ժամանակ է ինչ օրուայ քաղաքական իշխանութիւնը յանցաւոր հետեւողականութեամբ զաւթում է դատական իշխանութիւնը` ձգտելով երկրում վերջնականապէս հաստատել մէկ անձի իշխանութիւն: Առերեւոյթ բազմաթիւ ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնների կատարմանը զուգընթաց, վերջինս նաեւ անողոք է իրաւունքի գերակայութեամբ առաջնորդուող եւ արդար դատաքննութիւն իրականացնող դատաւորների նկատմամբ: Իրաւական պետութիւնը ոչնչացնող պետական ահաբեկման այս մթնոլորտում լռութիւն է տիրում մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններում:...

Բրիտանիա Կ՛աջակցի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահութեան

Բրիտանիա Կ՛աջակցի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Բրիտանիոյ Եւրոպական դրացնութեան եւ Ամերիկայի հարցերով նախարար Քրիս Հիթըն Հարիսը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդումին, նախարարները կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը: Քրիս Հիթըն Հարիս նշեց, որ Բրիտանիա կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան: Հրատապ...

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» Խմբակցութիւնը  Հայաստանի Նախագահի Թեկնածու  Առաջադրեց Վահագն Խաչատուրեանը

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» Խմբակցութիւնը Հայաստանի Նախագահի Թեկնածու Առաջադրեց Վահագն Խաչատուրեանը

Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի նախագահի պաշտօնակատար Ալեն Սիմոնեան ըսաւ, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրեց բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատուրեանը: Նշենք, որ ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան, Հայաստանի նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագաներուն, մինչեւ նորընտիր նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը, հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահը: Հաւանական է, որ...

«Գերիներու Վերադարձը Ռուսական Կողմի Առաջնահերթ Խնդիրներէն Է»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Գերիներու Վերադարձը Ռուսական Կողմի Առաջնահերթ Խնդիրներէն Է» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը ռուսական կողմի առաջնահերթ խնդիրներէն է, որուն ուղղութեամբ աշխուժ աշխատանքներ կը տարուին: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին Գիւմրիի մէջ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին: «Մասնաւորաբար աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի նախկին հրամանատար զօր. Ռուսթամ Մուրատովը, որ այժմ Հարաւային զինուորական շրջանի հրամանատարի տեղակալն է,...

Պաապտայի Մէջ.  «Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Փափաքի  Մօտիկ Ապագային Այցելել Լիբանան»   Շեշտեց Գերապայծառ Կալակեր

Պաապտայի Մէջ. «Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Փափաքի Մօտիկ Ապագային Այցելել Լիբանան» Շեշտեց Գերապայծառ Կալակեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Ռիչըրտ Փոլ Կալակերը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք կը թափէ, որ Լիբանան մնայ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի համար պատգամ երկիրը, այնպէս ինչպէս փափաքած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը: «Իբրեւ լիբանանցիներ, մենք կը հաւատանք, որ Լիբանան...

Արցախի Մէջ Ստեղծուած Է Սահմանադրական  Բարեփոխումներու Յանձնախումբ

Արցախի Մէջ Ստեղծուած Է Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնախումբ

Արցախի մէջ ստեղծուած է սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբ: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ ստորագրած է հրամանագիրը, կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմէն: Հրամանագիրով հաստատուած է յանձնախումբի անհատական կազմը` Արցախի նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետ Արայիկ Լազարեանի գլխաւորութեամբ: Ըստ հրամանագիրին, յանձնախումբին յանձնարարուած է եռամսեայ ժամկէտի մէջ նախագահին ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը: Նշենք, որ Արցախի մէջ կը քննարկուին սահմանադրական փոփոխութիւններով նախագահական համակարգէն հրաժարելու եւ...

Ալիեւ Իրեն Վերագրած Է Նժդեհի Մասին  Շարժանկարին Դէմ Արշաւը Եւ Դարձեալ Կոչ Ուղղած  Երեւանի Մէջ Նժդեհի Արձանը Քանդելու

Ալիեւ Իրեն Վերագրած Է Նժդեհի Մասին Շարժանկարին Դէմ Արշաւը Եւ Դարձեալ Կոչ Ուղղած Երեւանի Մէջ Նժդեհի Արձանը Քանդելու

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԱԶԵՐԹԱՔ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Ռուսիոյ մէջ հայերու միութեան կողմէ կազմակերպուած` Գարեգին Նժդեհի մասին շարժանկարի ցուցադրութեան դէմ արշաւը: «Կը կարծեմ, որ նախ եւ առաջ ռուս հանրութիւնը ատոր մասին իմացաւ, եւ ռուս հանրութեան պահանջներուն հետեւանքով այս ամօթալի գործողութիւնը չկայացաւ: Սակայն ճիշդ է նաեւ, որ առաջին անգամ ես այս հարցը հասցուցած եմ քաղաքական հարթութեան: Ես իմ արտասանած...

Դեսպան Թրէյսի. «Լեռնային Ղարաբաղի  Կարգավիճակի Հարցը Լուծուած Չէ, Եւ Այդ Հոլովոյթը  Պէտք Է Իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահութեան Լիազօրութեան Տակ»

Դեսպան Թրէյսի. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Լուծուած Չէ, Եւ Այդ Հոլովոյթը Պէտք Է Իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Լիազօրութեան Տակ»

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան երէկ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի հարցով հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն: Դեսպանը հանդիպումի ընթացքին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած չէ, եւ այդ հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան տակ: Հայաստանի...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Պետական Մարզին  Տրամադրուելիք Ընկերային Օժանդակութիւնը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Պետական Մարզին Տրամադրուելիք Ընկերային Օժանդակութիւնը

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն չէ գոյացուցած մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին շուրջ, եւ ելեկտրականութեան թղթածրարին քննարկումը յետաձգած է չորեքշաբթի, 2 փետրուարին: Այդ թղթածրարը պիտի քննարկուի զոյգ նիստերու ընթացքին: Հալապի նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուցած է...

Հայաստանը Ունի Նոր Ազգային Ժողով.  Սկիզբ Առաւ Առաջին Նստաշրջանը

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Շաբաթ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը տարածեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) «Հայաստանում ժողովրդավարական հաստատութիւնների գործունէութիւնը» թեմայով բանաձեւի վերաբերեալ ցանկանում ենք արձանագրել. 1) 44-օրեայ պատերազմի սանձազերծմանը, Ազրպէյճանա-թուրքական յարձակումների, ուժի կիրառմանը, պատերազմի ընթացքում Ազրպէյճանի կողմից միջազգային մարդասիրական սկզբունքների կոպիտ խախտումներին, ինքնորոշման իրաւունքի նսեմացման ու մինչ օրս հայ ռազմագերիների առկայութեան փաստի, պատերազմից յետոյ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ շարունակական յարձակումների...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Սիւննի Համայնքը Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնասիւներէն Է, Իսկ Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատճառ Չկայ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Սիւննի Համայնքը Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնասիւներէն Է, Իսկ Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 29 յունուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն Տար Ֆաթուայէն յայտնեց, թէ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է սիւննի համայնքին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ...

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 29 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազեն: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց Վատիկանի կատարած աշխատանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս 1 յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ...

Page 322 of 797 1 … 321 322 323 … 797

Արխիւներ