Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հետ:
Լիբանանեան-իտալական ընդարձակ վեհաժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամներն ու անոնց իտալացի պաշտօնակիցները:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր, նախագահ Աունի խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալա, Ուսամա Խաշշապ, Ռեմոն Թարապէյ եւ Լիբանանեան կարմիր խաչի նախագահ Անթուան Զուղպի:
Վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Իտալիա մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ Լիբանանի հզօրացման օժանդակութեան մէջ:
Ան նշեց, որ Իտալիա Լիբանանի համար Եւրոպայի մէջ գլխաւոր տնտեսական գործընկերն է, ինչպէս նաեւ այն երկիրներէն է, որ Լիբանանին կ՛օժանդակէ մշակութային եւ մարդասիրական մակարդակներուն վրայ:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար: «Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Լիբանան կը ջանայ իր վէրքերը ամոքել: Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի ապաքինում եւ վերականգնում: Ժամանակն է, որ Լիբանան որդեգրէ բարգաւաճման նոր ծրագիր մը` քաջալերելու համար իր զաւակները, յատկապէս երիտասարդները, որպէսզի մնան երկրին մէջ եւ օժանդակեն անոր վերակառուցման», հաստատեց ան:
Իր կարգին, Մաթարելլա շեշտեց Լիբանանին եւ անոր պատգամի երկիր ըլլալուն կարեւորութիւնը, անոր հարեւանութեան մէջ եւ աշխարհին համար:
Մաթարելլա նկատել տուաւ, որ ներկայիս որեւէ լուրջ հարցի լուծումը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ այլ հարցերու լուծման վրայ:
«Լիբանան կը մնայ վերակառուցուող եւ վերստին բարգաւաճող երկրի մը իտէալը: Լիբանան օրինակելի երկիր մըն է` յատկապէս նկատի ունենալով բոլորին իրաւունքները պահպանող հաւասարակշռութիւնը: Լիբանան հիմնական դերակատարութիւն ունի ամբողջ շրջանի բարգաւաճման մէջ», ըսաւ Մաթարելլա` աւելցնելով, որ Լիբանանի կայունութիւնը Արեւելքի կայունութեան բանալին է:
Նախագահներ Աուն եւ Մաթարելլա Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները նկատեցին յաւելեալ կայունութեան առիթ մը:
Միւս կողմէ, «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք վստահ է, թէ Ֆրանչիսկոս պապը Լիբանանի օժանդակութեան համար նախաձեռնութեան մը պիտի դիմէ` աւելցնելով, որ Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւններ տրամադրող Իտալիան կրնայ զօրակցիլ լիբանանեան տարբեր ուժերուն, որպէսզի լուծման մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքները համատարած են` ընդգծելով, որ լաւագոյն լուծումը խաղաղութիւնն է, որ պիտի հաստատուի ՄԱԿ-ի առաջնորդելիք բանակցութիւններուն ընդմէջէն:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հարցումի մը պատասխանելով նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ, թէ արդարութիւնը պիտի հաստատուի, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ բոլոր լիբանանցիները կը պահանջեն զայն:
Ան կոչ ուղղեց վերացնելու բոլոր արգելքները, որոնք կը խոչընդոտեն արդարութեան հաստատումը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ վարչական ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութեան որդեգրումը, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի սահմանադրութիւնը աւելի լաւ կերպով գործադրել:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ ներքին առումով Հըզպալլա լիբանանցիներուն ապահովութեան վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի:
Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանը իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրած այս կուսակցութիւնը կը բաղկանայ բռնագրաւումէ եւ բռնարարքներէ տառապած լիբանանցիներէ, «իսկ բռնագրաւումին դէմ ցուցաբերուած դիմադրութիւնը ահաբեկչութիւն չէ», աւելցուց ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանը պատերազմ սիրող երկիր մը չէ: «Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագային կան կարգ մը շրջաններ, որոնք կը մնան բռնագրաւուած: Երբ հասնինք բռնագրաւուած այդ հողերը ազատագրելու, այլեւս զինուորական տագնապ չի մնար, եւ կարելի կ՛ըլլայ Իսրայէլի հետ սկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել իրաւունքները, ազգային գերիշխանութիւնն ու հողի ու ջուրի ազատագրումը», եզրափակեց նախագահ Աուն:


