Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Ստեփանակերտի մէջ կազի մատակարարման խափանման մասին հաղորդումներով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան բանբեր Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ:
«Շտապ անհրաժեշտութիւն կայ ապահովելու վնասուած տեղական բնակչութեան կազի մատակարարման անյապաղ վերսկսումը, մասնաւորաբար, եղանակային վատ կացութեան պայմաններուն մէջ», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը:
Եւրոպական Միութիւնը յայտարարութեան մէջ անհասցէ կոչ ուղղած է կազի մատակարարման վերականգնումը արտօնելու` նշելով, որ ուշադիր կը հետեւի այս ու շրջանին մէջ տեղի ունեցող այլ զարգացումներուն եւ պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան ու կայունութեան համար:


